Բարի Լոյս

Արշաւիր Շիրակեան (1900-1973).

«ՆԵՄԵՍԻՍ»ի դրօշակիրներէն՝

Թուրք ջարդարարներու մահապատիժին գործադրութիւնը ահաբեկումէ մը շատ աւելին էր…

«Կտա՜կն էր Նահատակներուն»

Նազարէթ Պէրպէրեան

Հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներու փաղանգին մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի Արշաւիր Շիրակեան, որուն մահուան 48րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք Ապրիլ 12ի այս օրը։

Արշաւիր Շիրակեանի անունը անքակտելիօրէն կապուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 1919ի որոշումով կեանքի կոչուած «Նեմեսիս» ծրագրի գործադրութեան հետ, որ մեր ժամանակներու հայոց ազգային յիշողութեան գլխաւոր անկիւնաքարներէն մէկը կը հանդիսանայ։

1919ին, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, հայկական յեղափոխութեան ատենի յառաջապահ կուսակցութիւնը որոշեց իր վրայ վերցնել պատասխանատուութիւնը թուրք հայասպան պետութեան դէմ հայ ժողովուրդի Արդար Դատաստանին իրականացման։

Հայ Ազգի դէմ թրքական պետութեան ծրագրած եւ 1915ին գործադրած Հայասպանական Մեծագոյն Ոճիրին պատասխանատուները անպատիժ մնացած էին․ անուն եւ ինքնութիւն փոխած ու կեղծած՝ իթթիհատական ջարդարար պարագլուխները փորձած էին փախուստ տալ արդարադատութենէ, ապաստանելով եւրոպական մայրաքաղաքներ ու վարելով… ծպտեալ կեանք։

«Նեմեսիս»ի արդարահատոյց բազուկներէն եղաւ Արշաւիր Շիրակեան, որ հազիւ քսան տարիքը բոլորած՝ Գաղափարի Մարտիկի նուիրումով, յանդգնութեամբ եւ խիզախութեամբ, Սրբազան Ահաբեկիչներէն դարձաւ թուրք ջարդարարներուն։

Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու փաղանգին մէջ, Արշաւիր Շիրակեան հանդիսացաւ ա՛յն իւրայատուկ դէմքը, որ իր առաքելութեան ազգային-քաղաքական ամբողջական գիտակցութեամբ եւ գաղափարապաշտ յանձնառութեամբ գործեց։ Ահաբեկչական մէկէ աւելի գործողութեանց գործադրող ու մասնակից ըլլալով հանդերձ՝ պարտականութիւնը կատարած Դաշնակցականի բաւարարութեամբ հետագայ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ազգային-քաղաքական յանձնառու Ծառայութեան։ Եւ այդ առումով որքա՜ն բարացուցական է ու խօսուն, որ իր կեանքի վերջալոյսին, 1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին առիթով լոյս ընծայած իր յուշերը Շիրակեան կոչեց «Կտակն էր Նահատակներուն»։

Արշաւիր Շիրակեանի կը պատկանի Նեմեսիս Գործողութեան վերաբերեալ այն յստակացումը, թէ «Մեր կազմակերպութիւնը չունէր մարդասպանական որեւէ ծրագիր։ Անիկա պարզապէս արդար պատիժի ենթարկեց ա՛յն յանցագործները, որոնք ի բացակայութեան դատուած եւ մահուան դատապարտուած էին։ Իսկ հայ դաւաճանները կը գլխաւորէին մեր ցուցակը»։

Արդարեւ, Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, Դաշնակից պետութեանց հակակշռին տակ ինկած Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ, Զինուորական յատուկ Ատեան մը դատած էր Հայասպանութեան պատասխանատու Իթթիհատական ղեկավարութիւնը, հաստատած էր անոր պարագլուխներուն ծանրագոյն յանցագործութիւնը եւ, ի բացակայութեան, մահապատիժի դատապարտած էր զանոնք։

Այդպէ՛ս, Արդարութիւն հաստատող մահապատիժի դատավճիռը կար, բայց չկային եւ օրէնքի ու արդարութեան ձեռքէն փախուստ տուած էին իրենք՝ գլխաւոր ջարդարարները։

Արդարահատուցման այդ Սրբազան Դատաստանը իրագործող ու նուիրականացնող «Նեմեսիս»ի գլխաւոր առաքեալներէն է Արշաւիր Շիրակեան, որ իր Գաղափարական Կտակով ներշնչման Աղբիւր եւ ուղի լուսաւորող Աւանդ կը հանդիսանայ հայոց գաղափարապաշտ սերունդներուն համար։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *