20.4 C
Yerevan

Մայիս 28 Եւ Արա­մի Ուղին

Ամբո­խա­յին Տրա­մա­բա­նութեան վարա­կին աւե­լորդ տուրք կը շարունա­կենք տալ ազգո­վին։

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

ԱՐԱՄին նուի­րուած մեծա­րանքի խօսքե­րով, համա­ցանցի տարածքին, շատ բան գրուե­ցաւ այսօր ՄԱՅԻՍ 28ի առի­թով։

Արդարօրէ՛ն եւ արժանաւորապէ՛ս։

ԱՐԱՄն է հիմնա­դի­րը ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ։

Այսօր եւս ՍԵՒ ԱՄՊԵՐ կուտա­կուած են ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԻՆ, եւ կրկին ու կրկին անգամ ՊԱՀՆ է զինուո­րագրուե­լու հայոց պատմութեան պետա­կա­նա­կերտ կոչին, որպէսզի ՄԱՅԻՍ 28ի խորհուրդով եւ ԱՐԱՄի աւանդով վերա­նո­րո­գենք համազգա­յին մեր ուխտը․

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿԱՄ ՄԱՀ»։

*

* *

1918ի ՄԱՅԻՍ 28ին հաստա­տուե­ցաւ եւ հզօ­րա­ցաւ հայոց ազգա­յին անկախ պետա­կա­նութեան ՎԷՄը, որ կրցաւ դիմադրել ու վերա­կանգնիլ հայ ժողո­վուրդի ազա­տազրկման դարե­րէն եկած ու ժանգ կապած հայա­ջինջ մաշումի, այլա­սերման եւ ուծացման ամէն կարգի ճնշումնե­րուն եւ հարուածնե­րուն։

Մայիս 28ի ուղենշա­յին ա՛յս պատգամն է՝ Հայաստա­նի անկա­խութեան եւ հայոց ազգա­յին պետա­կա­նութեան շուրջ բոլո­րուե­լու եւ միաւո­րուե­լու ա՛յս աւանդն է, որ այսօր աշխարհի չորս ծագե­րուն հայ ժողո­վուրդի անխտիր բոլոր զաւակնե­րուն միտքն ու հոգին հպարտութեամբ կը լեցնէ։

Եւ բոլո­րիս քայլերն ու հայեացքը կ՚ուղղէ դէպի Սարդա­րա­պատ՝ դէպի ազգա­յին ինքնա­ճա­նաչման մեր հերո­սա­կան պատնէ­շը։

Բարի լոյս՝ պատմութեան նշա­նա­ձո­ղե­րը ճիշդ տեսնող եւ կարդա­ցող հայ քաղա­քա­կան մտքի բոլոր ջահա­կիրնե­րուն, որոնք Ազգին, Հայրե­նի­քին եւ Պետա­կա­նութեան սպառնա­ցող ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳԻ ՊԱՀՈՒՆ ունկնդիր կը մնան ԱՐԱՄի ՁԱՅՆին․-

«Հայե­րով ոչ ոք չի հետաքրքրւում շօշա­փե­լի օգնութիւն հասցնե­լու մտքով: Դրա հակա­ռա­կը, կայ դաւադրա­կան վերա­բերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւի­նենք միայն մեր ուժե­րին‘ թէ՛ ճակա­տը պաշտպա­նե­լու եւ թէ՛ Երկրի ներսը կարգ հաստա­տե­լու համար»։

ՈՎ ՈՐ ՔԱՋ Է Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷ․․․

* * *

ԱՐԱՄի աւանդին եւ ՈՒՂԻԻՆ ժամա­նա­կա­կից՝ մերօրեա՛յ հնչե­ղութեան վերա­բե­րեալ ուսա­նե­լի ընդհանրա­ցում մը կատա­րած է պատմա­բան ԱՇՈՏ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ, 2007ին «ԷՋՄԻԱԾԻՆ» հանդէ­սի մէջ լոյս տեսած իր «ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՒՄԸ» խորագրուած աշխա­տա­սի­րութեան մէջ՝ խօսուն, դիպուկ դրուագ մը վկա­յա­կո­չե­լով Ա․ ՇԱՀԽԱԹՈՒՆԻԷՆ։

ԱՐԱՄի պետա­կա­նա­կերտ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ յաջո­ղութեան մէջ հիմնա­կան նշա­նա­կութիւն ունե­ցած գործօննե­րու շարքին՝ պատմա­բա­նը կ՚ընդգծէ, որ Արա­մը «անխնա­յօ­րէն պատժել է հայ դաւա­դիր, բարո­յալքութիւն սերմա­նող, ռազմա­ճա­կա­տը քայքա­յող դասա­լիք տարրին:

«Բնո­րոշ օրի­նակ է թոփալ Յակո­բի խռո­վութեան ճնշումը, որն իր ամբո­խով շրջա­պա­տում է Ազգա­յին Խորհրդի շէնքը‘ պահանջե­լով Արա­մի եւ միւսնե­րի հրա­ժա­րա­կա­նը եւ իրենց յանձնուե­լը:

«Այդ պահը այսպէ՛ս է նկա­րագրում Երեւա­նի պարէտ Ա. Շահխա­թունին․-

«Հաւա­քուած ժողովրդին ճակատ մեկնե­լու կոչով դիմող Արա­մին թոփալ Յակո­բը պատասխա­նում է. «Դու ինքդ գնա՛ ճակատ: Կոմենդանտը ուզում է մեզ սարսա­փեցնել գնդա­ցիրնե­րի մասին խօսե­լով: Բայց ես ունեմ մաուզերներ: Ձեզ հինգ վայրկեան եմ տալիս, որպէսզի յանձնուէք: Թէ ոչ‘ գիտեմ իմ անե­լի­քը: Դուք բոլորդ էլ թուրքե­րին էք ծախուած»:

«Արա­մը պաղա­րիւնով ասաց.-

«- Հի՞նգ վայրկեան միայն:

«Ամբո­խը պատասխա­նեց.-

«- Այո՛, հինգ վայրկեան միայն:

«Արա­մը շատ հանդարտ կերպով եւ բոլո­րո­վին իր անձին տէր‘ նշան տուեց իր անձնա­կան պահա­կին (վերջինս Արա­մի գաղտնի հրա­մա­նով թոփալ Յակո­բի կողքին կանգնած էր — Ա. Ն.).

«- Գէորգ, անմիջապէ՛ս:

«Եւ մի րոպէում Գէորգը հանեց հրա­զէ­նը իր թեւից եւ զարկեց թոփալ Յակո­բին, որը գետին ընկաւ մեռած:

«Բոլոր ամբո­խա­վարնե­րը գոչե­ցին.

«- Կեցցէ՛ Արամ փաշան»: («ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ամսա­գիր, Ապրիլ, թիւ 4, 1964, էջ 70):

Ցաւ ի սիրտ՝ պատմութիւնը ինքզինք կրկնե­լու հակում ունի։

Ամբո­խա­յին Տրա­մա­բա­նութեան վարա­կին աւե­լորդ ՏՈՒՐՔ կը շարունա­կենք տալ ԱԶԳՈՎԻՆ։

Մինչդեռ իշխա­նաւորնե­րով, ընդդի­մա­խօսնե­րով թէ ժողո­վուրդը շարժման մէջ դնող հասա­րա­կա­կան ամե­նայն ուժե­րով՝ կոչուած ենք նշա­նա­ձող ընդունե­լու ԱՐԱՄի ՊԱՏԳԱՄը․- Պահու «գլխաւոր մտա­հո­գութիւնը ռազմա­ճա­կա­տի ամրա­ցումն ու թիկունքի անդորրութեան պահպա­նումն է»:

Ամէն առումով՝ ազգա­յին մեր յիշո­ղութեան տէր կանգնե­լու եւ սեփա­կան պատմութեան ներշնչումով յառաջ շարժե­լու հրա­մա­յա­կա­նը կը յուշէ ՄԱՅԻՍ 28ի տարե­դարձը՝ նաեւ ու մանաւանդ հայոց պատմութեան այսօ­րի­նակ օրհա­սա­կան պահե­րուն։

Առնչվող Հոդվածներ