20.4 C
Yerevan

Արշաւիր Շիրա­կեան (1900–1973).

«ՆԵՄԵՍԻՍ»ի դրօ­շա­կիրնե­րէն՝

Թուրք ջարդա­րարնե­րու մահա­պա­տի­ժին գործադրութիւնը ահա­բե­կումէ մը շատ աւե­լին էր…

«Կտա՜կն էր Նահա­տակնե­րուն»

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին հերոսնե­րու փաղանգին մէջ իր առանձնա­յա­տուկ տեղը ունի Արշաւիր Շիրա­կեան, որուն մահուան 48րդ տարե­լի­ցը կ՚ոգեկոչենք Ապրիլ 12ի այս օրը։

Արշաւիր Շիրա­կեա­նի անունը անքակտե­լիօ­րէն կապուած է Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան 1919ի որո­շումով կեանքի կոչուած «Նեմե­սիս» ծրագրի գործադրութեան հետ, որ մեր ժամա­նակնե­րու հայոց ազգա­յին յիշո­ղութեան գլխաւոր անկիւնա­քարնե­րէն մէկը կը հանդի­սա­նայ։

1919ին, նորանկախ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան մայրա­քա­ղաք Երեւա­նի մէջ գումա­րուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին, հայկա­կան յեղա­փո­խութեան ատե­նի յառա­ջա­պահ կուսակցութիւնը որո­շեց իր վրայ վերցնել պատասխա­նա­տուութիւնը թուրք հայասպան պետութեան դէմ հայ ժողո­վուրդի Արդար Դատաստա­նին իրա­կա­նացման։

Հայ Ազգի դէմ թրքա­կան պետութեան ծրագրած եւ 1915ին գործադրած Հայասպա­նա­կան Մեծա­գոյն Ոճի­րին պատասխա­նա­տունե­րը անպա­տիժ մնա­ցած էին․ անուն եւ ինքնութիւն փոխած ու կեղծած՝ իթթի­հա­տա­կան ջարդա­րար պարագլուխնե­րը փորձած էին փախուստ տալ արդա­րա­դա­տութե­նէ, ապաստա­նե­լով եւրո­պա­կան մայրա­քա­ղաքներ ու վարե­լով… ծպտեալ կեանք։

«Նեմեսիս»ի արդա­րա­հա­տոյց բազուկնե­րէն եղաւ Արշաւիր Շիրա­կեան, որ հազիւ քսան տարի­քը բոլո­րած՝ Գաղա­փա­րի Մարտի­կի նուի­րումով, յանդգնութեամբ եւ խիզա­խութեամբ, Սրբա­զան Ահա­բե­կիչնե­րէն դարձաւ թուրք ջարդա­րարնե­րուն։

Հայ ժողո­վուրդին դէմ գործուած Ցեղասպա­նութեան պատասխա­նա­տու թրքա­կան պետութեան ներկա­յա­ցուցիչնե­րը պատուհա­սող դաշնակցա­կան արդա­րա­գործնե­րու փաղանգին մէջ, Արշաւիր Շիրա­կեան հանդի­սա­ցաւ ա՛յն իւրա­յա­տուկ դէմքը, որ իր առա­քե­լութեան ազգա­յին-քաղա­քա­կան ամբողջա­կան գիտակցութեամբ եւ գաղա­փա­րա­պաշտ յանձնա­ռութեամբ գործեց։ Ահա­բեկչա­կան մէկէ աւե­լի գործո­ղութեանց գործադրող ու մասնա­կից ըլլա­լով հանդերձ՝ պարտա­կա­նութիւնը կատա­րած Դաշնակցա­կա­նի բաւա­րա­րութեամբ հետա­գայ իր ամբողջ կեանքը նուի­րեց ազգա­յին-քաղա­քա­կան յանձնա­ռու Ծառա­յութեան։ Եւ այդ առումով որքա՜ն բարա­ցուցա­կան է ու խօսուն, որ իր կեանքի վերջա­լոյսին, 1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնա­մեա­կին առի­թով լոյս ընծա­յած իր յուշե­րը Շիրա­կեան կոչեց «Կտակն էր Նահա­տակնե­րուն»։

Արշաւիր Շիրա­կեա­նի կը պատկա­նի Նեմե­սիս Գործո­ղութեան վերա­բե­րեալ այն յստա­կա­ցումը, թէ «Մեր կազմա­կերպութիւնը չունէր մարդասպա­նա­կան որեւէ ծրա­գիր։ Անի­կա պարզա­պէս արդար պատի­ժի ենթարկեց ա՛յն յանցա­գործնե­րը, որոնք ի բացա­կա­յութեան դատուած եւ մահուան դատա­պարտուած էին։ Իսկ հայ դաւա­ճաննե­րը կը գլխաւո­րէին մեր ցուցա­կը»։

Արդա­րեւ, Առա­ջին Աշխարհա­մարտի աւարտին, Դաշնա­կից պետութեանց հակակշռին տակ ինկած Օսմա­նեան Կայսրութեան մայրա­քա­ղաք Պոլսոյ մէջ, Զինուո­րա­կան յատուկ Ատեան մը դատած էր Հայասպա­նութեան պատասխա­նա­տու Իթթի­հա­տա­կան ղեկա­վա­րութիւնը, հաստա­տած էր անոր պարագլուխնե­րուն ծանրա­գոյն յանցա­գործութիւնը եւ, ի բացա­կա­յութեան, մահա­պա­տի­ժի դատա­պարտած էր զանոնք։

Այդպէ՛ս, Արդա­րութիւն հաստա­տող մահա­պա­տի­ժի դատավճի­ռը կար, բայց չկա­յին եւ օրէնքի ու արդա­րութեան ձեռքէն փախուստ տուած էին իրենք՝ գլխաւոր ջարդա­րարնե­րը։

Արդա­րա­հա­տուցման այդ Սրբա­զան Դատաստա­նը իրա­գործող ու նուի­րա­կա­նացնող «Նեմեսիս»ի գլխաւոր առա­քեալնե­րէն է Արշաւիր Շիրա­կեան, որ իր Գաղա­փա­րա­կան Կտա­կով ներշնչման Աղբիւր եւ ուղի լուսաւո­րող Աւանդ կը հանդի­սա­նայ հայոց գաղա­փա­րա­պաշտ սերունդնե­րուն համար։

Առնչվող Հոդվածներ