15.1 C
Yerevan

Թրքա­կան Բեռնա­տարներ՝ Դէպի Շուշի

Այսօր, թրքա­կան զօրքե­րը Ռուսաստա­նի համար ուղղա­կի եւ անուղղա­կի սպառնա­լիք են ոչ միայն Սուրիոյ եւ Լիբիա­յի, այլ նաեւ Արցա­խի եւ Հայաստա­նի մէջ, իսկ թրքա­կան բայրաքտարնե­րը շուտով կը հասնին Ուքրա­նիա, կամ հասած են արդէն։

Րաֆֆի Տուտագլեան

1992-ին, երբ հայկա­կան ուժե­րը ազա­տագրե­ցին Շուշին եւ Լաչի­նը, Թուրքիոյ նախա­գահ Թուրկութ Օզալ յայտա­րա­րեց, որ Թուրքիա ռազմա­կան միջամտութիւն պէտք է կատա­րէ Ղարա­բա­ղի մէջ, որպէսզի կանգնեցնէ հայե­րու յառաջխա­ղացքը։

Այդ օրե­րուն Ռուսաստան-Թուրքիա եւ Ռուսաստան-Ադրբե­ջան յարա­բե­րութիւննե­րը այլ մակարդա­կի վրայ եւ այլ բնոյթի էին։ Օզա­լի յայտա­րա­րութիւնը անպա­տասխան չէր կրնար մնալ։ Մարա­ջախտ Եւգե­նի Շափոշնի­քով, ԱՊՀի այդ օրե­րու Զինուած ուժե­րու հրա­մա­նա­տա­րը եւ ատկէ առաջ՝ Խորհրդա­յին Միութեան պաշտպա­նութեան նախա­րա­րը, յայտա­րա­րեց, որ Արցա­խի մէջ ոեւէ երրորդ կողմի միջամտութիւն պատճառ կրնայ դառնալ «համաշխարհա­յին երրորդ պատե­րազմի»։

Այս զգուշա­ցումէն ետք Թուրքիոյ վարչա­պետ Սուլէյման Տեմի­րէլ անմի­ջա­պէս յայտա­րա­րեց, որ իր երկի­րը Ղարա­բաղ զօրք ուղարկե­լու նպա­տակ չունի։ Լուրը կարդա­ցէք ներքեւը՝ քոմենթնե­րու մէջ։

Այսօր, թրքա­կան զօրքե­րը Ռուսաստա­նի համար ուղղա­կի եւ անուղղա­կի սպառնա­լիք են ոչ միայն Սուրիոյ եւ Լիբիա­յի, այլ նաեւ Արցա­խի եւ Հայաստա­նի մէջ, իսկ թրքա­կան բայրաքտարնե­րը շուտով կը հասնին Ուքրա­նիա, կամ հասած են արդէն։

Անցեա­լին, Թուրքիա չէր համարձա­կեր նման միջամտութիւններ կատա­րե­լու՝ սովե­տա­կան կամ ռուսա­կան ազդե­ցութեան տակ գտնուող գօտի­նե­րէն ներս։ Այսօր փոխուած են ժամա­նակնե­րը եւ Թուրքիա այլեւս դարձած է աւե­լի համարձակ ու յարձա­կո­ղա­կան, եւ բացա­յա­տօ­րէն չի խուսա­փիր անուղղա­կի առճա­կա­տումէ Ռուսաստա­նի հետ, իսկ ուղղա­կի ճակա­տումէ կը խուսա­փին թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ռուսաստա­նը։

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստա­նի յարա­բե­րութիւննե­րը թէեւ այսօր ունին համա­գործակցութեան ոլորտներ՝ տնտե­սա­կան, ռազմա­կան, առեւտրա­յին, զբօ­սաշրջի­կութեան եւ այլ բնա­գաւառնե­րու մէջ, բայց ունին նաեւ խոր մրցակցութեան ու հակակրանքի պատճառներ, գլխաւո­րա­բար՝ դէպի Կեդրո­նա­կան Ասիա եւ այլ ուղղութիւննե­րով Թուրքիոյ ծաւա­լո­ղա­կան քաղա­քա­կա­նութեան բերումով։ Ռուսաստան ակա­մայ զիջումնե­րու գացած է Սուրիոյ եւ Անդրկովկա­սի մէջ, բայց դժուար է կռա­հել, թէ Մոսկուա մինչեւ ե՞րբ պիտի ընդունի փոքր շահե­րու դիմաց իր շարունա­կա­կան տեղատւութիւնը…

Իսկ թրքա­կան ներկա­յութիւնը ամէն օր աւե­լի զգա­լի կը դառնայ ռուսա­կան ազդե­ցութեան գօտի համա­րուող տարածքնե­րու, ներա­ռեալ Ադրբե­ջա­նի եւ Արցա­խի բռնագրաւեալ գրաւեալ տարածքնե­րու մէջ։

Ամէն օր, թրքա­կան հսկայ բեռնա­տարներ չես գիտեր ի՞նչ կը տանին Շուշի։ Անոնք իրենց մեքե­նա­նե­րու համարնե­րը ծածկած, ադրբե­ջա­նա­կան բեռնա­տարնե­րու հետ միա­սին, շարա­սիւննե­րով կը մտնեն Շուշի, օգտա­գործե­լով Կարմիր Շուկայ-Շուշի աւտո­ճա­նա­պարհը։ Հեգնանքը այն է, որ հայկա­կան տարածքնե­րէն անցնող այս բեռնա­տարնե­րու անվտանգութիւնը կ՚երաշխաւորեն ռուս խաղա­ղա­պահնե­րը, որոնք շարա­սիւննե­րուն կ՚ընկերանան մինչեւ Շուշի եւ վերա­դարձ դէպի Ադրբե­ջա­նի հսկո­ղութեան տակ անցած տարածքներ։

Թրքա­կան դրօ­շակնե­րու ներկա­յութիւնը Շուշիի մուտքե­րուն ցոյց կու տայ, թէ վերջին պատե­րազմին աւե­լի շատ ո՞վ էր իրա­վի­ճակ փոխո­ղը եւ սահման պարտադրո­ղը Արցա­խի մէջ…

Առնչվող Հոդվածներ