Հայաշխարհ

Նախագահ Պայտընը Վերջապէս Պաշտոնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը,բայց․․․

Մեզի կը մնայ վերականգնիլ եւ ընել անկարելին հզորանալու եւ հզոր պետութիւն դառնալու համար, որու համար առաջին հերթին պետք է հաւատանք մեր ներուժին։

Աւօ Պօղոսեան

Ողջունելի է այս քայլը սակայն պետք է գիտակցինք որ այն Ամերիկայի կողմէ Թուրքիան սաստելու եւ իր չափերուն մէջ մնալու հրաւէր քայլ մըն է։ Թուրքիոյ վերջին տասնամեակին ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու իբր արդիւնք ըստ երեւոյթի Ամերիկայի կամքին հակառակ քայլեր կը նկատուէին Սուրիոյ մէջ իր սանձարձակ գործողութիւնները, բայց մանաւանդ Ռուսաստանի հետ մերձեցումը սկսեալ միջուկային ելեկտրակայանի կառուցման որոշումը Ռուսաստանի օգնութեամբ, ռուսական S_400 հրթիռներ գնելու պայմանագիրը, եւ վերջապէս գուցէ եւ հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի հետ գործակցութիւնը, որու այսբերկի երեւացող մասը Արցախի հողային կորուստն է ի շահ Ազրբէյջանի, եւ Հայաստանի ռազմավարական հենակետերու տկարացումը, իսկ անտեսանելին՝ Թուրքիոյ տնտեսական առաւել հզորացումը, Նաֆթային ուղիներու վրայ անհրաժեշտ հակակշիռներու ձեռքբերման արդիւնքով որոնք անկասկած զինք աւելի սանձարձակ պիտի դարձնէ եւ Եւրոպան կախեալ վիճակի մէջ ձգէ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ փոխան միայն Ռուսաստանի,որը նաեւ ուժեղ խաղաթուղթ կրնայ դառնալ թուրքիոյ ձեռքին Եւրոպայի ընտանիքին անդամակցելու իր ճիգերուն մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ազերիական նաֆթի իր երկրէն անցումը մեծ նիւթական շահեր պիտի ապահովէ անոր եւ իր տնտեսութեան ուժեղացման համար անհրաժեշտ 60% քանակի աժան գնով ապահովումով, իսկ մնացեալ քանակի համար յաճախորդներու պակաս չկայ, սկսեալ Իսրայէլէն վերջացրած Յունաստանէն։

Թուրքիոյ այս համեմատական անկախութիւնը Ամերիկայէն ու Եւրոպայէն դժբախտաբար կրնայ զինք աւելի գրավիչ ուղղու վրայ դնել եւ ժամանակ մը ետք պատճառ դառնայ թէ Ամերիկայի եւ թէ Ռուսաստանի միջեւ նոր մրցակցութեան մը աւելի շահաւէտ առաջարկներ եւ ծառայութիւններ մատուցելու Թուրքիոյ, պարզապէս իր անփոխարինելի աշխարհագրական դիրքին եւ աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան համար։

Ահա այսպիսին է Հայկական Բարձրավանդակին կարեւորութիւնը, որու արժէքը մենք չկրցանք գիտնալ եւ հետեւաբար պահպանել, ու զայն կորսնցուցինք։ Իսկ նոր տերէրը առաջին օրէն գիտցան գնահատել, իւրացնել, ամրացնել, հզորացնել իսկ այսօր անոր միջոցաւ մարտահրաւէրներ կարդալ գերպետութիւններուն եւ աւելին` հաւակնիլ դառնալ անոնցմէ մէկը։

Մեզի կը մնայ վերականգնիլ եւ ընել անկարելին հզորանալու եւ հզոր պետութիւն դառնալու համար, որու համար առաջին հերթին պետք է հաւատանք մեր ներուժին։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *