26.5 C
Yerevan

Անվտանգայնութեան Նախա­պայմաննե­րու Փնտրտուքով

Մենք պետք է նպա­տա­կաուղղուինք կրթութեամբ յաղթա­հա­րե­լու մեզ շրջա­պատման մէջ առած արգելքնե­րը, ստեղծենք զարգա­ցած հասա­րա­կութիւն, զարգա­ցած տնտե­սութիւն եւ հզոր պետութիւն։

Աւօ Պօղո­սեան

Անցեալ դարե­րուն ու մինչեւ համաշխարհա­յին երկրորդ պատե­րազմի աւարտը, պատե­րազմնե­րը աւե­լի յաճա­խա­կի էին, որովհե­տեւ միայն տնտե­սա­կան պատճառնե­րու համար կը մղուէին ու մեծա­պէս շահաւէտ էին յաղթող կողմի համար, որովհե­տեւ պատե­րազմ շղթա­յա­զերծե­լը մեծ ծախսե­րու հետ կախուած չէր. Նիզակն ու թուրը, զինուո­րի պարզ հանդերձանքը, ու փոր մը հացը. Իսկ երկրի իշխա­նաւորնե­րուն առջեւ գրաւեալ երկրի սնունդի պաշարներն էին, ոսկիի պահեստնե­րը ու մանաւանդ գերի­նե­րու բազմութիւննե­րը որոնք վերա­վա­ճա­ռե­լով պահանջարկ ունե­ցող երկիրնե­րուն, հսկա­յա­կան հարստութեան աղբիւր կը դառնար, իսկ զինուորնե­րուն ընդհանրա­պէս բաժին կինար մի քանի օրե­րու վրայ երկա­րող նիւթա­կան աւա­րէն մասեր։ Ճարտա­րա­րուեստա­կան յեղա­փո­խութե­նէն ետք բանակնե­րը դարձան աւե­լի մասնա­գի­տա­կան եւ ժամկե­տա­յին իսկ զէնք զինամթերքը հետզհե­տէ աւե­լի թանկ, այսինքն պատե­րազմ շղթա­յա­զերծե­լը կապուած էր հսկա­յա­կան նիւթա­կան յատկա­ցումնե­րու հետ սակայն տակաւին ձեռընտու էր նախա­ձեռնողնե­րուն համար, քանզի ատոնք երկիրներ գաղութացնե­լու նպա­տա­կով կըլլա­յին եւ աւա­րը այդ երկիրնե­րու հումքը խլե­լով արտադրանքի վերա­ծե­լու ու վերա­վա­ճա­ռե­լով յաղթող երկրի շուկան ընթարձա­կե­լու կը միտէր։

Քսան մէկերրորդ դարուն պատե­րազմի տրա­մա­բա­նութիւնը փոխուած է արդէն, ու այլեւս անոնք ձեռընտու չեն։ Մէկ կողմէ կայ միջուկա­յին վտանգը, իսկ միւս կողմէն կայ անոնց անե­րեւա­կա­յե­լիօ­րէն բարձր ծախսե­րը որոնք այլեւս չեն կարող հատուցուիլ աւարնե­րու փոխարժէ­քով, իսկ գաղութացնելն ալ կապուած է դարձեալ ահա­գին ծախսե­րով, վտանգնե­րով եւ ճիգե­րով բացարձա­կա­պէս անի­մաստ տեղը։ Այսօր արհեստա­գի­տա­կան արա­րում մը ու անոր ընձե­րած նիւթա­կան շահը աւե­լի կ’արժէ քան տիրա­պե­տուած երկրի մը ոսկու հանք մը։ Պարզ օրի­նակ մը տալու համար, ֆէյսպուքի 2020 ի եկա­մուտը 86 միլիառ տոլար է։ Իսկ Ամուլսա­րի ենթադրեալ եկա­մուտը երկրին տարե­կան 50 միլիոն՞ , առանց հաշուի առնե­լու մթնո­լորտին ու ընթերքի ջուրի պաշարնե­րուն վրայ ունե­նա­լիք աղե­տա­լի հետեւանքնե­րը։

Ուրեմն ներկա­յիս պատե­րազմնե­րը եթէ տնտե­սա­կան նպա­տակնե­րով է ապա անոնք ոչ թէ թշնա­մի երկրի ունե­ցուածքը թալա­նե­լու կը միտի, այլ անոր զարգա­նա­լու ճանա­պարհնե­րուն եւ միջոցնե­րուն վրայ արգելք դնե­լու կը միտի։

Վերջին Արցա­խեան պատե­րազմի հետեւանքով Ազե­րի­նե­րը ի՞նչ տնտե­սա­կան օգուտ ունե­ցան կամ յետա­գա­յին պիտի ունե­նան բուն Արցա­խը գրաւե­լով, Արցա­խի մէջ ի՞նչ կայ այդքան թանկարժէք։ Չեմ կարծեր աւե­լի մէծ հարստութիւններ կան քան իրենց ունե­ցած նաֆթն ու կազը Կասպյան ծովուն մէջ։

Իրա­կա­նութեան մէջ այդ հողա­մա­սը աշխարհա­քա­ղա­քա­կան կարեւո­րութիւն ունի մօտ ու հեռու շրջա­պա­տի կարգ մը երկիրնե­րուն համար։ Թուրքիոյ համար դէպի Արեւելք թրքա­լե­զու երկիրնե­րուն վրայ իր շուկան ցամա­քա­յին ճանա­պարհով կապե­լու նպա­տակն է, Ազերբայջա­նի համար իր կազն ու նաֆթը դէպի Եւրո­պա կարճ եւ աժան ճանա­պարհով հասցնելն է։ Ռուսաստա­նի համար Պաքուի կազի պաշարնե­րու գոնէ մասի մը իր տարածքով անցնելն է նպա­տա­կը ու ատոր համար զոհեց Արցա­խէն մաս մը որպէսզի ֆիզի­քա­կան ներկա­յութիւն ըլլայ հոն, ուրկէ նաեւ հետա­գա­յին վերահսկէ եւ գուցէ արգի­լէ նաեւ Իրա­նա­կան կազի ճանա­պարհը Հայաստա­նով դէպի Սեւ Ծով։

Սուրիոյ մէջ ալ տարի­նե­րու այս մաշումի պատե­րազմը գերպե­տութիւննե­րու նուա­զա­գոյն մասնակցութեամբ, կը միտի նոյն նպա­տա­կին։ Այդտեղ Իրանն է շահաքրքրուած որ Քաթա­րի կազը Սուրիա­յով չհասնի Թուրքիոյ վրա­յով դէպի Եւրո­պա եւ որու համար Քաթա­րը Թուրքիոյ հետ դաշնա­կից է քանզի վերջի­նը շահա­ռու է ատկէ, իսկ Իրա­նի դէմ են թէ Թուրքիան թէ Քաթա­րը թէ Ռուսիան, քանզի Իրա­նի Սուրիոյ վրայ հակակշռով, Իրա­նա­կան կազի ճանա­պարհը կը վնա­սէ նաեւ Ռուսաստա­նի կազի առեւտուրին, եւ միւս երկուքի շահե­րուն։ Ու այսպի­սով կը տեսնենք այս պրոքսի (proxy) պատե­րազմնե­րուն նպա­տա­կը, որն է ճանա­պարհնե­րու պատե­րազմ եւ ոչ գրաւման, զավթման եւ աւարնե­րու վրայ ձեռք դնել։

Մենք այս պետք է հասկնանք ու նպա­տա­կաուղղուինք կրթութեամբ յաղթա­հա­րե­լու մեզ շրջա­պատման մէջ առած արգելքնե­րը։ Ստեղծենք զարգա­ցած հասա­րա­կութիւն, զարգա­ցած տնտե­սութիւն եւ հզոր պետութիւն։

Արտա­հերթ ընտրութիւննե­րուն համար պայքա­րող խմբակցութիւննե­րը կարող՞ են այս նպա­տակնե­րը իրա­գործել։ Մէկը‘ չկա­րո­ղա­ցաւ հակա­ռակ խոստումնե­րուն, միւսը այդպէս ալ փաստած էր որ ատոնք չէին իր նպա­տակնե­րը տասնա­մեակներ շարունակ, միւս մասնա­կիցնե­րէն ցարդ չերեւար լուրջ եւ համո­զիչ ոյժեր որոնք կրնան այս նպա­տակնե­րը իրա­գործել։ Անոնցմէ ոմանք անտրա­մա­բա­նա­կան եւ անլուրջ կարգա­խօսներ ունին որոնք երբէք իրա­տե­սա­կան չեն, քանզի թուր կեծա­կին այլեւս ժամա­նա­կավրէպ է։ Տրոննե­րու եւ ընդհանրա­պէս թէքնո­լո­ճիի դար է քսանմե­կե­րորդ դարը։

Ու՞ր են Համո­զիչ Ուժե­րը։

Առնչվող Հոդվածներ