ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Կ՚ապաւինինք Մեր Ժողովուրդի Իմաստութեան

Այսքա՜ն հակապետական իշխանութիւններ տեսնելէ ետք, մեր ժողովուրդը Խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն դառնալու իրաւունք կը շնորհէ՞ «պատիվ ունեցողներին կամ՝ պատիվը կորցրածներին»…

Յարութ Գալայճեան

Շատ-շատեր կը զարմանան, որ ՀԱԿԱՌԱԿ Քորոնայի արհաւիրքին, Փողոցային ընդդիմութեան վեց ամսեայ Անհնազանդութեան, Արցախեան պատերազմի անբարունակ մեր պարտութեան եւ վերջապէս՝ ռազմավարական մեր դաշնակիցի ԱՆԴԱՇՆԱԿԻՑ խաղերուն («Արցախեան խաղաղապահութիւն», ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐ-ու հարց եւ Սիւնիքեան ոտնձգութիւններ) ու անոր ականջն ու ձեռքը հանդիսացող հայանուն գործակալութիւններուն՝ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ այդ ամէնուն դիմաց լռութիւն պահեց եւ որոշեց մնալ տուն…

Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւններու շեմին, արդէն ականատես ենք մեր երկրի սրբազան ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ակնյայտօրէն թիրախաւորող՝ ռուս-թրքական սիրաբանութեամբ բեմադրուած եւ հայ գործակալներու դերակատարութեամբ բանեցուած դաւադիր ճնշումներուն։

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ այսօրուան մամլոյ ասուլիսը ենթադրել կու տայ, որ գալիք երկշաբաթեայ նախընտրական քարոզարշաւը ըլլալու է շատ տա՜ք, աղմկալի եւ անակնկալներով յղի… ԱՒԵԼԻՆ, պէտք չէ նաեւ զարմանալ, որ նոյնիսկ ընտրական վերջնական արդիւնքները պաշտօնապէս հրապարակուելէ ետք՝ Երեւանը կրնայ դառնալ փողոցային նոր ընդդիմութեան մը արկածախնդրական թատրոն։

ԱՐԴԱՐԵՒ, հինգ հարցադրումներ ցարդ կը մնան օդին մէջ.

• «Քառասուն առ հարիւր»նոց պատկառելի զանգուածը պիտի յաջողի՞ թօթափել իր բոլոր ու արդար յուսախաբութիւնները եւ ուղղուի ընտրական տեղամաս, այն հաստատակամութեամբ, որ իւրաքանչիւր ՔՈՒԷՆ՝ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԱՐԺԷՔ Է։

• Դիտորդական Առաքելութիւնները կը դրսեւորե՞ն բաւարար տեսողութիւն եւ ուժ՝ սանձելու համար ԿԸՀ-ի եւ/կամ ՍԴ-ի որեւէ անարդար մեկնաբանութիւն…

• Անհրաժեշտութեան պարագային, կը զգաստանա՞յ ժողովրդային այն հատուածը, որ ՄԵՐԺԷ տեղի տալ ընտրակաշառքի դաւադրութեան կամ ընտրական տեղամասերու հաւանական խանգարման որեւէ փորձի։

• Այսքա՜ն հակապետական իշխանութիւններ տեսնելէ ետք, մեր ժողովուրդը Խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն դառնալու իրաւունք կը շնորհէ՞ «պատիվ ունեցողներին կամ՝ պատիվը կորցրածներին»…

• Կ՚ունենա՞նք այս անգամ՝ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ, որ կարենայ կանխարգիլել ՆԻԿՈԼԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ եւ ամենակարեւորը՝ ՆՈՐ խորհրդարանը վերածել օրէնսդրական՝ պետականամէտ ու բեղմնաւոր կառոյցի։ՍՊԱՍԵՆՔ՝ Յունիս 20-ի վճռահատման։Մինչ այդ, կ՚ապաւինինք միայն ու միայն՝ մեր ժողովուրդի իմաստութեան։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *