15.1 C
Yerevan

Հաւա­քա­կան Կամքի Շղթա­րա­զերծման Պահը

Հայը այլեւս օտա­րին լուծին տակ չէ, հայը հիմա արդէն ինքն իր լուծին տակ է …

Խաժակ Այնթա­պեան

Այո , Նորէն պիտի ազա­տագրենք հողը, կասկած չկայ։

Բայց որպէսզի յետոյ կրկին զայն չյանձնենք, նախքան հողը ազա­տագրենք, ուրիշ, աւե­լի կարեւոր քայլ մը պէտք է առնենք,

Պիտի նախ հողին տէրը ազա­տագրենք,

Պիտի հայը ազա­տագրենք։

Պէտք է շատ արագ, ամէն բանէ առաջ նախ ազա­տագրենք հայը իր դարաւոր ստրկութե­նէն…

Բայց միթէ՞ տակաւին ստրուկ է հայը…

Միթէ՞ տակաւին անոր պարա­նո­ցին դրուած է օտա­րին լուծը…

Չէ , բարե­բախտա­բար այդպէս չէ հիմա։ Հայը այլեւս օտա­րին լուծին տակ չէ,

Հայը հիմա արդէն ինքն իր լուծին տակ է …

Ըսեմ որ միշտ ալ այդպէս եղած է։ Հայը միշտ իր սեփա­կան ազա­տութիւնը ծախու դրած է, կամ վարձու տուած է իր թագաւո­րին կամ իշխա­նին… նախա­գա­հին, վարչա­պե­տին, վարդա­պե­տին համայնքա­պե­տին, կուսակցա­պե­տին… նոյնիսկ վաճա­ռա­կա­նին կամ խանութպա­նին…

Այո հիմա ալ այդպէս է .. Հայը հայուն ստրուկն է։ Ով աւե­լի վճա­րէ, տէրը ան է …

Բայց ստրուկը հաւա­տա­ցէք լաւ ապրանք չէ … Նոյնիսկ եթէ գինը բարձր է, անոր արժէ­քը միշտ ցած է …

Այն հայը որ իր անձնա­կան շահը հաւա­քա­կան շահէն վեր կը դասէ,

Այն հայը որուն համար պետա­կան, կրօ­նա­կան կամ կուսակցա­կան գործիչ մը, ժողո­վուրդէն աւե­լի բարձր է , այդ հայը հայրե­նի­քին համար պիտա­նի չէ:

Հայրե­նի­քին համար փնտռուա­ծը այսօր բոլոր ժամա­նակնե­րէն աւե­լի

Այն հայն է ՝

Որուն միտքը ազատ է,

Որուն կամքը շղթա­յուած չէ,

Որուն համար ազգա­յին շահը ամէն բանէ առաջ է։ Ըսածնե­րէս մի նեղա­նաք, վիրաւո­րուիլ պէտք չէ…

Այս դարաւոր ստրկամտութե­նէն այլեւս ազա­տագրուիլ պէտք է,

Հողը արժեւո­րե­լու համար, հայուն արժէ­քը բարձրացնել պէտք է,

Ազատ, անկախ ու միա­ցեալ հայրե­նիք մը ունե­նա­լու համար,

Ազատ, անկախ ու միա­ցեալ ժողո­վուրդ մը պէտք է։

Առնչվող Հոդվածներ