15.1 C
Yerevan

Կ՚ապաւինինք Մեր Ժողո­վուրդի Իմաստութեան

Այսքա՜ն հակա­պե­տա­կան իշխա­նութիւններ տեսնե­լէ ետք, մեր ժողո­վուրդը Խորհրդա­րա­նէն ներս մեծա­մասնութիւն դառնա­լու իրաւունք կը շնորհէ՞ «պատիվ ունե­ցողնե­րին կամ՝ պատի­վը կորցրածնե­րին»…

Յարութ Գալայճեան

Շատ-շատեր կը զարմա­նան, որ ՀԱԿԱՌԱԿ Քորո­նա­յի արհաւիրքին, Փողո­ցա­յին ընդդի­մութեան վեց ամսեայ Անհնա­զանդութեան, Արցա­խեան պատե­րազմի անբա­րունակ մեր պարտութեան եւ վերջա­պէս՝ ռազմա­վա­րա­կան մեր դաշնա­կի­ցի ԱՆԴԱՇՆԱԿԻՑ խաղե­րուն («Արցա­խեան խաղա­ղա­պա­հութիւն», ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐ-ու հարց եւ Սիւնի­քեան ոտնձգութիւններ) ու անոր ականջն ու ձեռքը հանդի­սա­ցող հայա­նուն գործա­կա­լութիւննե­րուն՝ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ այդ ամէ­նուն դիմաց լռութիւն պահեց եւ որո­շեց մնալ տուն…

Խորհրդա­րա­նա­կան Արտա­հերթ Ընտրութիւննե­րու շեմին, արդէն ակա­նա­տես ենք մեր երկրի սրբա­զան ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ակնյայտօ­րէն թիրա­խաւո­րող՝ ռուս-թրքա­կան սիրա­բա­նութեամբ բեմադրուած եւ հայ գործա­կալնե­րու դերա­կա­տա­րութեամբ բանե­ցուած դաւա­դիր ճնշումնե­րուն։

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ այսօ­րուան մամլոյ ասուլի­սը ենթադրել կու տայ, որ գալիք երկշա­բա­թեայ նախընտրա­կան քարո­զարշաւը ըլլա­լու է շատ տա՜ք, աղմկա­լի եւ անակնկալնե­րով յղի… ԱՒԵԼԻՆ, պէտք չէ նաեւ զարմա­նալ, որ նոյնիսկ ընտրա­կան վերջնա­կան արդիւնքնե­րը պաշտօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կուե­լէ ետք՝ Երեւա­նը կրնայ դառնալ փողո­ցա­յին նոր ընդդի­մութեան մը արկա­ծախնդրա­կան թատրոն։

ԱՐԴԱՐԵՒ, հինգ հարցադրումներ ցարդ կը մնան օդին մէջ.

• «Քառա­սուն առ հարիւր»նոց պատկա­ռե­լի զանգուա­ծը պիտի յաջո­ղի՞ թօթա­փել իր բոլոր ու արդար յուսա­խա­բութիւննե­րը եւ ուղղուի ընտրա­կան տեղա­մաս, այն հաստա­տա­կա­մութեամբ, որ իւրա­քանչիւր ՔՈՒԷՆ՝ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԱՐԺԷՔ Է։

• Դիտորդա­կան Առա­քե­լութիւննե­րը կը դրսեւորե՞ն բաւա­րար տեսո­ղութիւն եւ ուժ՝ սանձե­լու համար ԿԸՀ‑ի եւ/կամ ՍԴ‑ի որեւէ անարդար մեկնա­բա­նութիւն…

• Անհրա­ժեշտութեան պարա­գա­յին, կը զգաստանա՞յ ժողովրդա­յին այն հատուա­ծը, որ ՄԵՐԺԷ տեղի տալ ընտրա­կա­շառքի դաւադրութեան կամ ընտրա­կան տեղա­մա­սե­րու հաւա­նա­կան խանգարման որեւէ փորձի։

• Այսքա՜ն հակա­պե­տա­կան իշխա­նութիւններ տեսնե­լէ ետք, մեր ժողո­վուրդը Խորհրդա­րա­նէն ներս մեծա­մասնութիւն դառնա­լու իրաւունք կը շնորհէ՞ «պատիվ ունե­ցողնե­րին կամ՝ պատի­վը կորցրածնե­րին»…

• Կ՚ունենա՞նք այս անգամ՝ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ, որ կարե­նայ կանխարգի­լել ՆԻԿՈԼԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ եւ ամե­նա­կա­րեւո­րը՝ ՆՈՐ խորհրդա­րա­նը վերա­ծել օրէնսդրա­կան՝ պետա­կա­նա­մէտ ու բեղմնաւոր կառոյցի։ՍՊԱՍԵՆՔ՝ Յունիս 20‑ի վճռահատման։Մինչ այդ, կ՚ապաւինինք միայն ու միայն՝ մեր ժողո­վուրդի իմաստութեան։

Առնչվող Հոդվածներ