14 C
Yerevan

Մեր Հոգու Պարտքը

Հասկցած ենք եւ սորված թէ պարտութիւն մը վերջնա­կան իրա­կա­նութեան կը վերա­ծուի միայն այն ատեն երբ պարտեա­լը կ՚ընդունի իր պարտութիւնը բոլոր ժամա­նակնե­րու համար, զայն կ՚իւրացնէ հոգե­պէս ու էապէս։

Վիգէն Յովսէ­փեան

Դարե­րու ընթացքին, մեր ազգը շատ մը ուրիշ ազգե­րու եւ պետութիւննե­րու նման պարտութիւններ կրած է, եւ ատոնց ընթացքին բազում կորուստներ ունե­ցած։ Պարզ է եւ բնա­կան, թէ անհաւա­սար ուժե­րու միջեւ կռիւնե­րը յաճախ են որ յարա­բե­րա­բար տկա­րին պարտութեամբ կ՚աւարտին: Բայց դարե­րու ընթացքին մենք մեր պատմութեան դասե­րով հասկցած ենք նաեւ այն՝ թէ իսկա­կան պարտեալնե­րը միայն անոնք են, որոնք վերջնա­կա­նա­պէս կը համա­կերպին իրենց կռած պարտութեան թելադրած պայմաննե­րուն հետ։

Հասկցած ենք եւ սորված թէ պարտութիւն մը վերջնա­կան իրա­կա­նութեան կը վերա­ծուի միայն այն ատեն երբ պարտեա­լը կ՚ընդունի իր պարտութիւնը բոլոր ժամա­նակնե­րու համար, զայն կ՚իւրացնէ հոգե­պէս ու էապէս։

Ահա այս պատճա­ռով է որ մենք երբէք չենք վհա­տած, ու միշտ ալ նպա­տա­կի վերա­ծած ենք մեծ իտէալներ, միշտ հասկնա­լով թէ իրաւունքը երկա­րա­տեւ ու հետեւո­ղա­կան պայքա­րով կը վերա­կանգնուի։

Ահա այս պատճա­ռով եւ այս գիտակցութեամբ է, որ բանաստեղծին խօսքե­րը մենք ազգո­վին սրբա­զան երգի վերա­ծած ենք, ու անկէ փխող ոգին փոխանցած ենք սերունդնե­րուն, հաւա­տա­ցած այդ երգի խորհուրդի վճռա­կա­մութեան որ կ՚ըսէ՝

Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,

Մենք չհանգանք՝ դեռ կգանք,

Երբ տան զանգը, ահա­զանգը,

Որ մեր հոգու պարտքը տանք։

Ասի­կա մեզի համար հռե­տո­րութիւն չէ եղած, այլ անհաւա­սար կռիւնե­րու բովէն անցած, երբեմն կոտո­րուսծ ու պարտութիւններ տեսած, ինքն իրեն բազմիցս վերա­կանգնած ազգի ոգի, ապրե­լա­կերպ, հաւա­տամք:

Եւ ինչպէս երէկ, այդպէս ալ այսօր ու վաղը, կը տեսնէք թէ ինչպէս պիտի վերա­կանգնի մեր ազգը, պիտի վանէ բոլոր պառակտիչ եւ մեզ ընկճել փորձող ճիգե­րը, պիտի հզօ­րացնէ մեր հայրե­նիքն ու ազգի հաւա­քա­կան միջոցնե­րը, պիտի դառնայ աւե­լի խելա­միտ ու հնա­րա­միտ քան երբեւէ, պիտի վերա­նո­րո­գէ իր մարտունա­կութիւնը աւե­լի վճռա­կա­նօ­րէն քան երբեւէ, ու պիտի փաստէ իր հաւա­տամքի խորհուրդը որպէսզի աւե­լի շուտ քան ուշ ապա­գա­յին, բայց անպայմա­նօ­րէն ու բոլո­րով՝ «մենք մեր հոգու պարտքը տանք»:

Առնչվող Հոդվածներ