Հայը այլեւս օտարին լուծին տակ չէ, հայը հիմա արդէն ինքն իր լուծին տակ է …
Խաժակ Այնթապեան
Այո , Նորէն պիտի ազատագրենք հողը, կասկած չկայ։
Բայց որպէսզի յետոյ կրկին զայն չյանձնենք, նախքան հողը ազատագրենք, ուրիշ, աւելի կարեւոր քայլ մը պէտք է առնենք,
Պիտի նախ հողին տէրը ազատագրենք,
Պիտի հայը ազատագրենք։
Պէտք է շատ արագ, ամէն բանէ առաջ նախ ազատագրենք հայը իր դարաւոր ստրկութենէն…
Բայց միթէ՞ տակաւին ստրուկ է հայը…
Միթէ՞ տակաւին անոր պարանոցին դրուած է օտարին լուծը…
Չէ , բարեբախտաբար այդպէս չէ հիմա։ Հայը այլեւս օտարին լուծին տակ չէ,
Հայը հիմա արդէն ինքն իր լուծին տակ է …
Ըսեմ որ միշտ ալ այդպէս եղած է։ Հայը միշտ իր սեփական ազատութիւնը ծախու դրած է, կամ վարձու տուած է իր թագաւորին կամ իշխանին… նախագահին, վարչապետին, վարդապետին համայնքապետին, կուսակցապետին… նոյնիսկ վաճառականին կամ խանութպանին…
Այո հիմա ալ այդպէս է .. Հայը հայուն ստրուկն է։ Ով աւելի վճարէ, տէրը ան է …
Բայց ստրուկը հաւատացէք լաւ ապրանք չէ … Նոյնիսկ եթէ գինը բարձր է, անոր արժէքը միշտ ցած է …
Այն հայը որ իր անձնական շահը հաւաքական շահէն վեր կը դասէ,
Այն հայը որուն համար պետական, կրօնական կամ կուսակցական գործիչ մը, ժողովուրդէն աւելի բարձր է , այդ հայը հայրենիքին համար պիտանի չէ:
Հայրենիքին համար փնտռուածը այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի
Այն հայն է ՝
Որուն միտքը ազատ է,
Որուն կամքը շղթայուած չէ,
Որուն համար ազգային շահը ամէն բանէ առաջ է։ Ըսածներէս մի նեղանաք, վիրաւորուիլ պէտք չէ…
Այս դարաւոր ստրկամտութենէն այլեւս ազատագրուիլ պէտք է,
Հողը արժեւորելու համար, հայուն արժէքը բարձրացնել պէտք է,
Ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիք մը ունենալու համար,
Ազատ, անկախ ու միացեալ ժողովուրդ մը պէտք է։