Հասկցած ենք եւ սորված թէ պարտութիւն մը վերջնական իրականութեան կը վերածուի միայն այն ատեն երբ պարտեալը կ՚ընդունի իր պարտութիւնը բոլոր ժամանակներու համար, զայն կ՚իւրացնէ հոգեպէս ու էապէս։
Վիգէն Յովսէփեան
Դարերու ընթացքին, մեր ազգը շատ մը ուրիշ ազգերու եւ պետութիւններու նման պարտութիւններ կրած է, եւ ատոնց ընթացքին բազում կորուստներ ունեցած։ Պարզ է եւ բնական, թէ անհաւասար ուժերու միջեւ կռիւները յաճախ են որ յարաբերաբար տկարին պարտութեամբ կ՚աւարտին: Բայց դարերու ընթացքին մենք մեր պատմութեան դասերով հասկցած ենք նաեւ այն՝ թէ իսկական պարտեալները միայն անոնք են, որոնք վերջնականապէս կը համակերպին իրենց կռած պարտութեան թելադրած պայմաններուն հետ։
Հասկցած ենք եւ սորված թէ պարտութիւն մը վերջնական իրականութեան կը վերածուի միայն այն ատեն երբ պարտեալը կ՚ընդունի իր պարտութիւնը բոլոր ժամանակներու համար, զայն կ՚իւրացնէ հոգեպէս ու էապէս։
Ահա այս պատճառով է որ մենք երբէք չենք վհատած, ու միշտ ալ նպատակի վերածած ենք մեծ իտէալներ, միշտ հասկնալով թէ իրաւունքը երկարատեւ ու հետեւողական պայքարով կը վերականգնուի։
Ահա այս պատճառով եւ այս գիտակցութեամբ է, որ բանաստեղծին խօսքերը մենք ազգովին սրբազան երգի վերածած ենք, ու անկէ փխող ոգին փոխանցած ենք սերունդներուն, հաւատացած այդ երգի խորհուրդի վճռակամութեան որ կ՚ըսէ՝
Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,
Մենք չհանգանք՝ դեռ կգանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք։
Ասիկա մեզի համար հռետորութիւն չէ եղած, այլ անհաւասար կռիւներու բովէն անցած, երբեմն կոտորուսծ ու պարտութիւններ տեսած, ինքն իրեն բազմիցս վերականգնած ազգի ոգի, ապրելակերպ, հաւատամք:
Եւ ինչպէս երէկ, այդպէս ալ այսօր ու վաղը, կը տեսնէք թէ ինչպէս պիտի վերականգնի մեր ազգը, պիտի վանէ բոլոր պառակտիչ եւ մեզ ընկճել փորձող ճիգերը, պիտի հզօրացնէ մեր հայրենիքն ու ազգի հաւաքական միջոցները, պիտի դառնայ աւելի խելամիտ ու հնարամիտ քան երբեւէ, պիտի վերանորոգէ իր մարտունակութիւնը աւելի վճռականօրէն քան երբեւէ, ու պիտի փաստէ իր հաւատամքի խորհուրդը որպէսզի աւելի շուտ քան ուշ ապագային, բայց անպայմանօրէն ու բոլորով՝ «մենք մեր հոգու պարտքը տանք»: