16.2 C
Yerevan

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ’ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է

Հրա­պա­րա­կա­յին բանա­վէ­ճէ փախուստ տուո­ղը չարա­չար կ՚անգիտանայ թէ բանա­վէ­ճին իր մասնակցութիւնը իր իրաւունքը ըլլա­լէ առաջ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է։

Յարութ Գալայճեան

Ժողովրդա­վա­րա­կան երկիրնե­րու մէջ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃԸ ժողովրդա­յին արդար ակնկա­լութիւն է՝ յաւե­լեալ լոյս սփռե­լու համար ժողո­վուրդը ներկա­յացնել փորձող թեկնա­ծունե­րու մտա­ծո­ղութեան, անցած ճամբուն եւ անոնց խոստումնե­րու իրա­տե­սա­կա­նութեան վրայ։

Շատ անգամ, այդ բանա­վէ­ճե­րը մեծ համե­մա­տութիւննե­րով գլխի­վար դարձուցած են բոլոր նախա­տե­սութիւննե­րը եւ կամ՝ հիմնո­վին փոխած են հազա­րաւոր քուէարկողնե­րու կողմնո­րո­շումնե­րը եւ նոյնիսկ մտա­փո­խած՝ քուէարկե­լէ շատ մը հրա­ժա­րողներ։

Յունիս 20‑ի Արտա­հերթ Ընտրութիւննե­րը իրենց ստի­պո­ղա­կա­նութեամբ եւ ճակա­տագրա­կա­նութեամբ յաւե­լեալ նշա­նա­կութիւն կը պարտադրեն Յունիս 18‑ի Բանա­վէ­ճին ինչպէս նաեւ՝ յաւե­լեալ պարտաւո­րութեան տակ կը դնեն ամէն կուսակցութին կամ դաշինք, որ կը յաւակնի շահիլ ժողո­վուրդի վստա­հութիւնը ու դառնալ անոր ներկա­յա­ցուցի­չը Խորհրդա­րա­նէն ներս։

Հրա­պա­րա­կա­յին բանա­վէ­ճէ բացա­կա­յիլ փորձող կուսակցութեան ներկա­յա­ցուցի­չը խորքին մէջ ունի հետեւեալ մտա­վա­խութիւննե­րէն մէկը կամ բոլո­րը.

• Վարկա­նի­շի հաւա­նա­կան կորուստ։

• Ինքնա­հաստատման կասկած։

• Անցեա­լի մութ ծալքե­րու բացա­յայտման վտանգ։

Եւ այդ բոլո­րէն շատ աւե­լի կենսա­կա­նը այն է, որ հրա­պա­րա­կա­յին բանա­վէ­ճէ փախուստ տուո­ղը չարա­չար կ՚անգիտանայ թէ բանա­վէ­ճին իր մասնակցութիւնը իր իրաւունքը ըլլա­լէ առաջ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է։

Առնչվող Հոդվածներ