ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ’ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է

Հրապարակային բանավէճէ փախուստ տուողը չարաչար կ՚անգիտանայ թէ բանավէճին իր մասնակցութիւնը իր իրաւունքը ըլլալէ առաջ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է։

Յարութ Գալայճեան

Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃԸ ժողովրդային արդար ակնկալութիւն է՝ յաւելեալ լոյս սփռելու համար ժողովուրդը ներկայացնել փորձող թեկնածուներու մտածողութեան, անցած ճամբուն եւ անոնց խոստումներու իրատեսականութեան վրայ։

Շատ անգամ, այդ բանավէճերը մեծ համեմատութիւններով գլխիվար դարձուցած են բոլոր նախատեսութիւնները եւ կամ՝ հիմնովին փոխած են հազարաւոր քուէարկողներու կողմնորոշումները եւ նոյնիսկ մտափոխած՝ քուէարկելէ շատ մը հրաժարողներ։

Յունիս 20-ի Արտահերթ Ընտրութիւնները իրենց ստիպողականութեամբ եւ ճակատագրականութեամբ յաւելեալ նշանակութիւն կը պարտադրեն Յունիս 18-ի Բանավէճին ինչպէս նաեւ՝ յաւելեալ պարտաւորութեան տակ կը դնեն ամէն կուսակցութին կամ դաշինք, որ կը յաւակնի շահիլ ժողովուրդի վստահութիւնը ու դառնալ անոր ներկայացուցիչը Խորհրդարանէն ներս։

Հրապարակային բանավէճէ բացակայիլ փորձող կուսակցութեան ներկայացուցիչը խորքին մէջ ունի հետեւեալ մտավախութիւններէն մէկը կամ բոլորը.

• Վարկանիշի հաւանական կորուստ։

• Ինքնահաստատման կասկած։

• Անցեալի մութ ծալքերու բացայայտման վտանգ։

Եւ այդ բոլորէն շատ աւելի կենսականը այն է, որ հրապարակային բանավէճէ փախուստ տուողը չարաչար կ՚անգիտանայ թէ բանավէճին իր մասնակցութիւնը իր իրաւունքը ըլլալէ առաջ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *