16.2 C
Yerevan

Պետա­կա­նութեան Բանա­կան Մեր Ընթացքը

Հայ ժողո­վուրդի ներկայ քաղա­քա­կան կեանքը ցոյց կուտայ, որ յետ-խորհրդա­յին անկախ միջա­վայրի մէջ պետա­կա­նութիւն եւ ժողովրդա­վա­րութիւն միտքե­րը տակաւին չեն կրցած իրա­րու յարմա­րիլ։ Հայ քաղա­քա­կան մտքի ներկայ հանգրուա­նի մարտահրաւէ­րը ժողո­վուրդ-ընտրա­նի համարկման տարա­զով մը այս պատշա­ճե­ցումը գտնելն է։

Ռազմիկ Շիրի­նեան

Բնա­կան է, որ հայ անհա­տի կեանքին հետ կապուած ընկե­րա­քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան հարցե­րու մեկնա­բա­նութիւննե­րը – ներա­ռեալ առարկա­յա­կան եւ ենթա­կա­յա­կան տուեալնե­րու յարա­բե­րութիւննե­րը, հայրե­նի ժողո­վուրդին ու հայրե­նի բնութեան յարա­բե­րութիւննե­րը, անցեա­լի եւ ներկա­յի բարդ հանգոյցը, ինչպէս նաեւ ապա­գա­յի նկատմամբ մեր պատկե­րա­ցումներն ու կարե­լիութիւննե­րը – քննարկումի լայն նիւթեր կը մնան տակաւին հայրե­նի պետա­կա­նութեան կառուցման ու արդիա­կա­նացման ուղղութեամբ ընթա­ցող քաղա­քա­կան բանա­կան մեր մտա­ծո­ղութեան մէջ։

Անհրա­ժեշտ է նախ բանա­կա­նութիւն յղացքը իմաստաւո­րել, իբրեւ հաւա­քա­կան կեանքի զարգացման եւ յառաջդի­մա­կան հոլո­վոյթ։ Այլ խօսքով, ազգին մէջ գործող տարբեր կազմա­կերպութիւննե­րու կեանքի պատկե­րա­ցումնե­րը միացնել հաւա­քա­կան կեանքի մը իտէա­լին շուրջ։ Պատկե­րա­ցուած իտէա­լը (կամ ծրա­գի­րը) իր քաղա­քա­կան գործադրե­լի արտա­յայտութիւնը կը գտնէ երբ միակցուի երկրին մէջ հաստա­տուած կառոյցնե­րուն հետ։ Իտէա­լի եւ կառոյցնե­րու մօտեցման այս ընթացքը իրաւա­կան պետա­կա­նութեան հաստատման անհրա­ժեշտ ուղղութիւնը կը ճշդէ, ու գործնա­կան իր լայն շրջա­գի­ծին մէջ՝ ժողովրդա­յին իղձերն ու պահանջնե­րը կը կապէ իշխա­նութեան կամ ընտրա­նիի մշա­կոյթին հետ։

Զուգա­հե­ռա­բար եւ նոյն անհրա­ժեշտութեամբ պէտք է անդրա­դառնալ արդիա­կա­նա­ցում յղացքին՝ իբրեւ քաղա­քա­կան բանա­կա­նութեամբ ընթա­ցող զարգացման ու յառաջդի­մա­կան յատուկ երեւոյթ։ Արդիա­կա­նա­ցումը կ՛ենթադրէ հաւա­քա­կա­նութեան կարո­ղութեանց եւ կարե­լիութեանց աճումն ու գիտութեան կիրարկումը արտադրա­կան բոլոր մարզե­րու մէջ։ Արդիա­կա­նութիւնը, ի վերջոյ, ընկե­րա­քա­ղա­քա­կան, մշա­կութա­յին թէ հոգե­բա­նա­կան իր մեկնութեամբ՝ արտադրութեան ընթացքին եւ գիտութեան կիրարկման կապը ամրապնդող անհրա­ժեշտ ճամբան կը հարթէ։ Իբրեւ օգտա­պաշտ մեկնութիւն, արդիա­կա­նութիւնը նաեւ իր շրջա­գի­ծին մէջ կը ներա­ռէ ժամա­նա­կա­կից ընկե­րա­քա­ղա­քա­կան կեանքին մէջ գոյութիւն ունե­ցող բնա­կան եւ մարդկա­յին իրաւունքնե­րու հարցե­րը։

Ընդհա­նուր առմամբ կ՛ուզեմ պատկե­րացնել, որ հայ ժողո­վուրդին պատմութիւնը, գիտա­կան ու ընկե­րա­քա­ղա­քա­կան զարգա­ցումնե­րը ու, յատկա­պէս, ազգա­յին կազմաւո­րումը կը մեկնա­բա­նուին հայ իրա­կա­նութեան հետ շաղկա­պուած ու հայ կեանքին մէջ իբրեւ անա­ռարկե­լի բանա­կան հոլո­վոյթ։ Ասոնք յաջորդա­կան իրա­գործումներ կամ հանգրուա­նա­յին զարգա­ցումներ են, ուր առկայ կը մնան ընկե­րա­բա­նա­կան մեր մտայղա­ցումնե­րը իբրեւ մեկնո­ղա­կան կիրարկում, որոնց միջո­ցաւ հայկա­կան բնութեան ու հայկա­կան աշխարհի հարցե­րը առհա­սա­րակ իրենց լուծումը կը գտնեն հայրե­նի ենթա­կա­ռոյցին մէջ։ Այս իմաստով՝ հայ ազգի գոյացման ու բանա­կան արդիա­կա­նացման ընթացքին մէջ կը ներա­ռուի ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն հասկա­ցո­ղութիւնը իբրեւ ընկե­րա­քա­ղա­քա­կան ու մասնաւո­րա­բար ժողո­վուրդ-ընտրա­նի քաղա­քա­կան մշա­կութա­յին մերձեցման իտէալ արտա­յայտութիւն։  

Հիմնա­կան միտքը հոս՝ ժողո­վուրդ-ընտրա­նի մերձեցման հարցն է, որ ցարդ քաղա­քա­կան եւ գործնա­կան իր լաւա­գոյն արտա­յայտութիւնը կը գտնէ ժողովրդա­վա­րութիւն յղացքին մէջ։ Հետեւա­բար, կարե­լի է ըսել, որ ժողովրդա­վա­րութիւնը կը մնայ միջոց մը արդիա­կա­նացման ու զարգացման ուղղութեամբ քալող հայ ժողո­վուրդի կեանքին մէջ։ Հաւա­նա­բար (ասոր ալ տակաւին ամբողջա­պէս վստահ չեմ կրնար ըլլալ) ընդունուած ցարդ լաւա­գոյն միջո­ցը։

Փակա­գի­ծին մէջ հաստա­տումս hետեւեալն է. եթէ հայրե­նի մեր ժողովրդա­վա­րութիւնը կը պարփա­կուի ազա­տա­կան ժողովրդա­վա­րութեան հասկա­ցո­ղութեան մէջ, ապա անի­կա  ենթարկուած կը մնայ արեւմտեան թէզին ու կը կորսնցնէ իր բնիկ եւ հայրե­նի արժէ­քը։ Ըսել կ՛ուզեմ ու կ՛ընդհանրացնեմ, որ հայ քաղա­քա­կան միտքը տակաւին լուռ է բնիկ հայ կեանքը յուզող հարցե­րուն ու մասնաւո­րա­բար հայ ժողո­վուրդին դէմ ցցուած ժամա­նա­կա­կից վտանգնե­րուն նկատմամբ։ Դժբախտա­բար քննարկումնե­րը եղած են կողմնո­րո­շուած, անմի­ջա­կան, անհա­տա­կա­նա­ցած ու մերժո­ղա­կան տրա­մա­բա­նութեան մէջ։ Յուսադրիչ չեն հայ ժողո­վուրդին կեանքը փոթորկող ընկե­րա­քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան վերի­վայրումնե­րը մեկնա­բա­նե­լու ու հասկնա­լու մտա­հո­գութեամբ ներկա­յա­ցուած հարցադրումներն ու անոնց հետեւող բանա­կան-գիտա­կան մտա­ծո­ղութեան մէջ կառուցուած պատասխաննե­րը։

Հայ ժողո­վուրդի ներկայ քաղա­քա­կան կեանքը ցոյց կուտայ, որ յետ-խորհրդա­յին անկախ միջա­վայրի մէջ պետա­կա­նութիւն եւ ժողովրդա­վա­րութիւն միտքե­րը տակաւին չեն կրցած իրա­րու յարմա­րիլ։ Հայ քաղա­քա­կան մտքի ներկայ հանգրուա­նի մարտահրաւէ­րը ժողո­վուրդ-ընտրա­նի համարկման տարա­զով մը այս պատշա­ճե­ցումը գտնելն է։ Կարեւո­րը կառչիլն է մէկ կողմէն պետա­կան կառոյցնե­րուն եւ միւս կողմէն հայ անհա­տի բնա­կան, առօ­րեայ ու սովո­րա­կան կեանքը բնութագրող ընկե­րա­քա­ղա­քա­կան ենթա­կա­ռուցա­յին յարա­բե­րութիւննե­րուն, որոնք ապա­գայ ժողովրդա­վա­րութեան հայկա­կան բնա­տուր տարածքը կը յստա­կացնեն։

Ժողո­վուրդ-ընտրա­նի քաղա­քա­կան մերձեցման տարա­զով մը նաեւ կառոյց-ենթա­կա­ռոյց համարկման համընկնող հայկա­կան քաղա­քա­կան արեւե­լում մը կը յստա­կա­նայ։ Ի վերջոյ ներքին ընկե­րա­յին-քաղա­քա­կան արեւե­լումին մէջ կ՛ամբողջանան ազգ-հաւա­քա­կա­նութեան քաղա­քա­կան առկա­յութեան եւ զարգացման ներկայ պայմաննե­րը, եւ «ազգա­յին» քաղա­քա­կան հասկա­ցո­ղութիւնը, ամբողջա­կան իր ընկե­րամշա­կութա­յին տուեալնե­րով, կը ստա­նայ գաղա­փա­րա­կան ամբողջա­կան իմաստ։

Եզրա­կացնե­լու համար ըսեմ, որ հայ ազգի բանա­կան գոյա­ռումը, ըստ իս, կարե­լի է մեկնա­բա­նել ընկե­րա­բա­նա­կան առնուազն երեք մտայղացքնե­րով, որոնք ազգութեան կու տան բանա­կա­նութեամբ ձեւաւո­րուած ու կազմաւո­րուած հաւա­քա­կա­նութեան մը պատկե­րը։ Առա­ջի­նը՝ բանա­կա­նա­ցում-արդիա­կա­նա­ցում զուգընթաց յղացքնե­րու հոլո­վոյթի մը առկա­յութիւնն է, որ կը հիմնաւո­րէ ազգի շարունա­կա­կան գոյութեան ու զարգացման անհրա­ժեշտութիւնը. Ապա՝ ժողո­վուրդ-ընտրա­նի զոյգ յղացքնե­րու մերձեցման, կամ մինչեւ իսկ նոյնացման չափա­նի­շի մը հաստա­տումը. Եւ ի վերջոյ՝ մշա­կոյթ երեւոյթին գոյութիւնն ու զարգա­ցումը քաղա­քա­կան գործուն միջա­վայրի մը մէջ։ Այս երեք մտայղացքնե­րու մեկնո­ղա­կան հիմնաւո­րումնե­րուն եւ ուժա­կա­նութեան կը յենի հայ ազգայնա­կա­նութիւն գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը՝ իբրեւ հայ կեանքի բանա­կա­նա­ցուած ցարդ իտէալ մէկ պատկե­րա­ցում։

Աղբյուրը‘ Asbarez.am

Առնչվող Հոդվածներ