Սփիւռք

Վրացեւթրքական Սերտ Յարաբերութիւնները…եւ Էրտողանի «Սրտի Սահմանները»

Զինուորական եռակողմանի համագործակցութեան կ’առնչուի փոխադրութեան այլ ծրագիր մը, որ կը վերաբերի Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի պաշտպանութեան, որուն կարեւորութիւնը կը շեշտուի Չինաստանի Մետաքսի ճամբու շրջագիծին մէջ:

Վարուժ Թէնպէլեան

Վերջին երկու տասնամեակներուն, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները հասած են այնպիսի մակարդակի մը, որ շատեր զանոնք կը նկատեն օրինակելի: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն սերտացումը, բարի դրացնութեան սկզբունքէն անդին, առնուազն երեւութապէս, կ’առնչուի Վրաստանի արեւմտամէտ, ՆԱԹՕամէտ եւ մանաւանդ ռուսամերժ կողմնորոշումներուն:

Երկու երկիրները սերտ կապեր ունին եւ կը համագործակցին ուժանիւթի, առեւտուրի եւ տնտեսութեան, մինչեւ իսկ կրթութեան եւ մշակոյթի որոշ մարզերուն մէջ: Տակաւին, երկու երկիրները զիրար կը նկատեն ռազմավարական գործընկերներ եւ ճիգ չեն խնայեր յարաբերութիւններու առաւել բարելաւման համար:

2019-ի գնահատումով, առեւտուրի մարզին մէջ, Թուրքիա կը շարունակէ մնալ Վրաստանի մեծագոյն գործընկերը՝ 1,85 միլիառ տոլարով: Նոյն տարին կատարուած վիճակագրութեան մը համաձայն, Թուրքիոյ մէջ վրացի աշխատողներուն պաշտօնական թիւը կը գնահատուէր 40.000-ով, ուր նկատի առնուած չեն ապօրինի աշխատողները: Կրթական մարզը վրացեւթրքական համագործակցութեան մէկ այլ դրսեւորումն է: Վրաստանի մէջ կան Թրքական դպրոցներ, ինչպէս նաեւ՝ թրքական համալսարան մը, եւ Թուրքիա կրթաթոշակներ կը տրամադրէ վրացի այն ուսանողներուն, որոնք կը փափաքին իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակել Թուրքիոյ մէջ: 

Ուաժանիւթը կը հանդիսանայ երկու երկիրներու համագործակցութեան ամէնէն կարեւոր մարզերէն մէկը: Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթատար խողովակը եւ Պաքու-Թիֆլիս-էրզրում կազատար խողովակը կ’անցնին Վրաստանէն: Ատրպէյճանի Շահ Տենիզ II ծրագիրը, Հարաւային Կազային միջանցքին ընդլայնումը եւ Անդրանատոլիական կազատարին (TANAP) կառուցումը աւելի եւս կը շեշտեն Վրաստանի դերն ու կարեւորութիւնը իբրեւ տարանցումի երկիր: Տակաւին, Վրաստան եւ Թուրքիա կարեւոր գործընկերներ կը նկատուին շրջանային փոխադրութեան ցանցերու զարգացման մարզին մէջ. Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծին կառուցումը յատուկ նշանակութիւն ունի այս գծով:

Այսուհանդերձ, թուրքեւվրացական սերտ յարաբերութեան մասին խօսիլը պիտի մնայ պակասաւոր, առանց նշելու անոնց կարեւոր երրորդ գործընկերը՝ Պաքուն: Եւ հոս կը սկսի երեւան գալ զինուորական գործակցութեան երեսը, որ սովորաբար կ’անտեսուի: Երեք երկիրները որդեգրած են պաշտպանութեան նախարարներու եւ բանակի հրամանատարներու եռակողմանի հանդիպումներու ձեւաչափ մը, որ սկսած է 2012-ին, Թուրքիոյ Տրապիզոն քաղաքին մէջ: Տակաւին, երեք երկիրները նախաձեռած էին միացաեալ ռազմափորձեր, ծանօթ՝ Կովկասեան Արծիւ անունով, որոնց առաջինը տեղի ունեցաւ Յունիս 2017-ին, Թիֆլիսի մօտերը գտնուող Վազիանի զինուորական խարիսխին մէջ: Սեպտեմբեր 2019-ին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ ռազմափորձերուն երկրորդ փուլը:

Պաքու-Թիֆլիս-Անգարա զինուորական համագործակցութիւնը հիմնականօրէն կեդրոնացած է շրջանին մէջ ուժանիւթ փոխադրող խողովակներուն ապահովութեան երաշխաւորման վրայ. անոնք կու գան Ատրպէյճանէն, Հարաւային Օսեթիոյ մօտերէն կ’անցնին Վրաստանի վրայով՝ ուղղուելու դէպի արեւելեան Թուրքիա: Օրինակ, 2018-ին տեղի ունեցած ռազմափորձերը կը միտէին ենթադրեալ յարձակումէ մը պաշտպանելու Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթատար խողովակը:

Զինուորական եռակողմանի համագործակցութեան կ’առնչուի փոխադրութեան այլ ծրագիր մը, որ կը վերաբերի Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի պաշտպանութեան, որուն կարեւորութիւնը կը շեշտուի Չինաստանի Մետաքսի ճամբու շրջագիծին մէջ:

Փակագիծ մը բանալով, հոս պէտք է յիշեցնել, որ ընդհանրապէս տարածաշրջանին եւ մասնաւորաբար Վրաստանի մէջ, Ռուսիոյ ազդեցութիւնը հակակշռելու ուղղուածութիւնը եղած է Վրաստանի արտաքին քաղաքականութեան մշակման մէկ կարեւոր ազդակը: Վրացական տեսանկիւնէն, Թուրքիա, որ ամուր կապեր ունի Արեւմուտքին հետ եւ կը բաժնէ Վրաստանի մտահոգութիւնները Ռուսիոյ նկատմամբ, իտէալ դաշնակից մը կրնայ ըլլալ: Բայց ի՞նչ պէտք է ակնկալել Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ օրէ օր զարգացող յարաբերութիւններէն, այն Ռուսիայէն, որ նաեւ ամէն օր քաղաքական խաղեր կը սարքէ մեծ թափով հարաւային Կովկաս վերադառնալու համար: 

Տակաւին, մեր նախորդ յօդուածով տեսանք, թէ դռնէն դուրս դրուելէ ետք, Ռուսիա ինչպէ՞ս տարբեր միջոցներու դիմելով, կը փորձէ պատուհանէն վերադառնալ Վրաստան, ուր օրէ օր ի յայտ կու գան քաղաքական ներքին կեանքին ազդելու միտող քայլեր: Ռուսիա դէմ է նաեւ Վրաստան-Թուրքիա սերտ գործակցութեան, եւ իբրեւ այդպիսին՝ վրացական հանրային կարծիքին կը ներկայացնէ թրքական ախորժակներ վրաստանի հողային ամբողջականութեան նկատմամբ՝ ակնարկելով Աճարիոյ շրջանին եւ անոր մայրաքաղաք Պաթումիին: 

Թէ ռուսական այս քարոզչութիւնը հիմքեր ունի՞, կարելի է դիմել նոյնինքն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, որ քանի մը տարի առաջ ելոյթ ունենալով Վրաստանի սահմանէն շուրջ 165 քիլոմեթր հեռու գտնուող Ռիզէ քաղաքին մէջ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ զինուորական միջամտութիւնները արդարացնելու իր ճիգին մէջ յիշելով Օսմանեան կայսրութիւնը՝ կ’ըսէր. «մեր ֆիզիքական սահմանները կը տարբերին մեր սրտի սահմաններէն», եւ որպէս օրինակ հարց կու տար. «կարելի՞ է Ռիզէն անջատել Պաթումիէն»:Վրաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին եւ Սեւ Ծովու կարեւորագոյն նաւահանգիստներէն՝ Պաթումիի յիշատակումը Էրտողանի կողմէ, միջազգային հանրային կարծիքը շատ հաւանաբար նկատի իսկ չառաւ, բայց Վրացիք ամէն պատճառ ունին մտահոգուելու Էրտողանի «սրտի սահմաններէն»…..

Աղբյուրը` Civilnet.am

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *