14 C
Yerevan

Արժա­նա­պա­տուութեան Հարց Է

«Թէեւ շատ ուշա­ցած՝ բայց դեռ կարե­լի է ու պարտադի՛ր, որ Հայաստա­նի նորաստեղծ Կառա­վա­րութիւնը գործնա­կան քայլե­րու ձեռնարկէ՝ Լիբա­նա­հայ այդ (օր ա՜ռ օր) տանջուող շերտին Հայաստան արժա­նա­պա­տիվ փոխադրումի ապա­հովման համար»։

Յարութ Գալայճեան

Գործենք ա՛յսօր։ Ձեր նուի­րա­տուութիւննե­րը անյա­պաղ պիտի վերա­ծուին Աստուա­ծա­տուր օգնութեան եւ բաց պահեն գոյա­տեւման ուղին:

Զաւէն Խանճեան

Ամէն Օր 4 Օգոստոս է Լիբա­նա­նի մէջ:

Պարտա­դիր չէ 4 Օգոստոս մը, որ Լիբա­նան տառա­պի։

Մէկուկէս տարի է, որ Լիբա­նան կը շարունա­կէ կանգնիլ տխուր իրա­վի­ճա­կի մը եւ խորա­ցող տնտե­սա­կան, Ֆինանսա­կան եւ քաղա­քա­կան ճգնա­ժա­մի մը առջեւ։

Համաշխարհա­յին դրա­մա­տան տուեալնե­րով՝ այս իրա­վի­ճա­կը սարսա­փե­լի է եւ կրնայ դասուիլ 1800 թուա­կաննե­րու կէսե­րէն ի վեր աշխարհի երեք ամէ­նէն վատ ճգնա­ժա­մե­րէն մէկը։

Ի՞նչ պիտի նշա­նա­կէ փլուզում եւ ի՞նչ ձեւ պիտի ունե­նայ անի­կա. հարցեր, որոնք կը սաստկացնեն մեր ամէ­նէն սարսա­փե­լի երեւա­կա­յութիւնը։

Երկա­րա­տեւ տառա­պանքի եւ հորի­զո­նի վրայ առանց տեսա­նե­լի աւարտի, անհատներ, ընտա­նիքներ, կրթա­կան հաստա­տութիւններ եւ առեւտրա­կան կեդրոններ կը պայքա­րին գոյա­տեւե­լու: Օրե­րը կը սպա­ռին դեղո­րայքի, վառե­լա­նիւթի, առանց չափա­զանցութեան նոյնիսկ աղբա­մաննե­րու մէջ պեղուած սնունդի եւ այլ տարրա­կան կարիքնե­րու որո­նումով, որոնք սակաւ են եւ օրէ օր աւե­լի անհնար գտնել: Առաւե՛լ, երեկտրա­կան հոսանքի ամէ­նօ­րեայ անջա­տում, որոնք կը տեւեն ժամեր։

2020ին, Աւե­տա­րանչա­կա­նի շտապ օգնութիւնը կը շարունա­կէ օրհնութիւն դառնալ մեր ժողո­վուրդի զանա­զան խաւե­րուն մէջ մինչեւ այսօր՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րու միութեան, Պէյրութի եւ Հալէ­պի կրթա­կան խորհուրդնե­րու եւ Ընկե­րա­յին ծառա­յութեան յանձնա­խումբե­րու համա­գործակցութեամբ։

 Կարի­քը սակայն անսպառ է:

 Մեծա­գոյն զոհը կը շարունա­կէ մնալ Յոյսը կամ Յոյսի խաւա­րումը:

 Արժա­նա­պա­տութեան հարց է:

 Սփիւռքա­հա­յու արժա­նա­պա­տութեան կենդա­նութեան:

 Կարե­լի՞ է զոհա­բե­րել Լիբա­նա­նա­հա­յու արժա­նա­պա­տուութիւնը:

Սփիւռքը եւ հայրե­նի­քը պէտք է անյա­պաղ ստեղծեն արտա­կարգ վիճա­կի մէջ գտնուող սփիւռքա­հայ գաղութնե­րու անվտանգութեան, ապա­հո­վութեան եւ տուն դարձը սերտող եւ մշա­կող ռազմա­վա­րութիւն մը: Բաւ է արտա­կարգ վիճա­կի մէջ գտնուող սփիւռքեան գաղութնե­րու խաչե­լութիւնը եւ մարտի­րո­սա­ցումը:

Մինչ այդ, ամէն միջոց եւ ծրա­գիր պէտք է որդեգրել՝ այս ամե­նա­սարսա­փե­լի իրա­վի­ճա­կը փրկե­լու համար։

Գործենք ա՛յսօր։ Ձեր նուի­րա­տուութիւննե­րը անյա­պաղ պիտի վերա­ծուին Աստուա­ծա­տուր օգնութեան եւ բաց պահեն գոյա­տեւման ուղին:

Կացութիւնը թաւագլոր կը շարունա­կէ վատթա­րա­նալ:

Յոյս ներշնջէ լիբա­նա­նա­հայ եղբօրդ:

Արժա­նա­պա­տուութեան հարց է:

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ, գործա­դիր տնօ­րէն Ամե­րի­կա­յի հայ աւե­տա­րանչա­կան ընկե­րակցութեան

Աղբյուրը՝ asbarez.am

Դիտեք նաև Զարեհ Սինանյա­նի հարցազրույցը Առա­ջին ալի­քի եթե­րում։

Առնչվող Հոդվածներ