16.2 C
Yerevan

27 Յուլիս, 1983. Լիզպո­նի Հինգ Ողջա­կէզնե­րը Անմա­հա­ցուցին Հայ Դատի Պահանջա­տի­րութեան Ուժա­կան Պայքա­րին Պատգա­մը

Այդպէ՛ս, Լիզպո­նի Ողջա­կի­զումը դարձաւ նորօ­րեայ վկա­յութիւնը «իմա­ցեալ մահով անմա­հութիւնը նուա­ճե­լու» հայ ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութեան:

Յուշա­տէտր

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Լիզպո­նի Հինգ Ողջա­կէզնե­րը անմա­հա­ցուցին Հայ Դատի պահանջա­տի­րութեան Ուժա­կան Պայքա­րին ՊԱՏԳԱ­ՄըՆ. Պէրպէ­րեանՅուլիս 27, 2021Հայ ժողո­վուրդի կեանքին ու նորա­գոյն պատմութեան անմո­ռա­նա­լի եւ յիշա­տա­կե­լի թուա­կաննե­րէն մէկը կը խորհրդանշէ 1983ի 27 Յուլիսը։Յուլիս 27ի այս օրը, 38 տարի առաջ, Լիզպո­նի մէջ, թրքա­կան դեսպա­նութեան համա­լիր շէնքը արիւնա­լի թատե­րա­բե­մը դարձաւ հայե­ցի իւրօ­րի­նակ ՈՂՋԱԿԻԶՄԱՆ։

Հինգ երի­տա­սարդ հայորդի­ներ, Հ.Յ.Դ. Լիբա­նա­նի Երի­տա­սարդա­կան Միութեան անդամներ, յանուն Հայ Դատի պահանջա­տի­րութեան, ուժա­նա­կով պայթե­ցուցին եւ օդը հանե­ցին թրքա­կան պետութիւնը խորհրդանշող շէնքը՝ ինքնասպա­նա­կան գործո­ղութեամբ եւ հերո­սա­կան գաղա­փա­րա­պաշտութեամբ այդ նպա­տա­կին նուի­րա­բե­րե­լով իրենց գերա­գոյնը՝ դեռա­տի կեանքը։

«Հայ Յեղա­փո­խա­կան Բանակ»ին զինուո­րագրուած գաղա­փա­րի մարտիկներ էին Արա Քըրճը­լեա­նը, Վաչէ Տաղլեա­նը, Սիմոն Եահնիեա­նը, Սեդրակ Աճե­մեա­նը եւ Սարգիս Աբրա­հա­մեա­նը։ Սիմո­նը նահա­տա­կուե­ցաւ գործո­ղութեան առա­ջին փուլին, դեսպա­նութեան համա­լի­րը գրաւե­լու գրո­հի ընթացքին։ Արա, Վաչէ, Սեդրակ եւ Սարգիս չուշա­ցան միա­նա­լու մարտի­րո­սա­ցած իրենց ընկե­րոջ՝ յանուն Ազգի եւ Հայրե­նի­քի վերա­տի­րացման հայոց պայքա­րին Ողջա­կիզման աւանդ մը կտա­կե­լով մեր սերունդնե­րուն։

Կայծակնա­յին արա­գութեամբ իրա­գործուած ամբողջ գործո­ղութիւնը այնքան ցնցիչ էր, որ բառին խորա­գոյն իմաստով սահմռկե­ցան ոչ միայն աշխարհով մէկ ցրուած պահանջա­տէր հայութիւնը, այլ նաեւ Հայկա­կան Իրաւունքին ու Արդա­րութեան շուրջ ուրացման պատ քաշած ցեղասպան Թուրքիան եւ անոր հետ քայլ պահող Ամօ­թա­լի Լռութեան պատասխա­նա­տու մեծա­պե­տա­կան ուժե­րը։

Օրին՝ Լիզպո­նի Հինգին անունով եւ միջազգա­յին զանգուա­ծա­յին լրա­տուութեան բոլոր միջոցնե­րով, Հայ Յեղա­փո­խա­կան Բանա­կը անմի­ջա­պէս տարա­ծեց հանրա­յին կարծի­քը լուսա­բա­նող հաղորդագրութիւն մը.- «Մենք որո­շած ենք պայթեցնել այս շէնքը եւ մնալ անոր փլա­տակնե­րուն տակ։ Ասի­կա ո՛չ ինքնասպա­նութիւն է, ոչ ալ խելա­գա­րութեան դրսեւո­րում մը, այլ ընդհա­կա­ռակն՝ մեր զոհա­բե­րումն է ազա­տութեան բագի­նին»։

Լիզպո­նի Հինգին հարա­զատնե­րուն, ընկերնե­րուն եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար օրին դժուար եղաւ հաւա­տալ, որ այնքա՜ն կենսուրախ եւ ապա­գա­յի հեռանկարնե­րով խանդա­վառ հայորդի­ներ, իրենց անձին օրի­նա­կով, որո­շած էին գործքով հաստա­տել — հայ ժողո­վուրդի եւ Հայաստա­նի ազա­տագրութեան պայքա­րին ծառա­յե­լու ճամբուն վրայ — գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան պատրաստ գտնուե­լու իրենց գաղա­փա­րա­կան ուխտը։

Իսկ թրքա­կան պետութիւնն ու մեծա­պե­տա­կան քաղա­քա­կա­նութիւնը, ցեղասպա­նութեան եւ անարդա­րութեան վրայ իրենց խարսխած աշխարհա­կարգին հանգիստը վերա­հաստա­տե­լու խուճա­պով, տենդա­գին լծուե­ցան՝ իրենց իսկ բառե­րով «Հայկա­կան Ահա­բեկչութեան նորա­յայտ վտանգը» խեղդե­լու աննե­րե­լի արշաւին… Մեծա­պե­տա­կան աշխարհը ցնցուե­ցաւ Լիզպո­նի Պայթիւնէն, բայց չկրցաւ սթա­փիլ մարդկա­յին Խղճմտանքին պարտադրուած մահա­քունէն եւ անձնա­տուր դարձաւ Իրաւունքի ու Արդա­րութեան պայքա­րին Պետա­կան Ահա­բեկչութեամբ պատասխա­նե­լու մոլո­րանքին։

Որո­շա­կի ժամա­նակ պէտք եղաւ, որպէսզի Լիզպո­նի Հինգին գերա­գոյն զոհա­բե­րութիւնը հայե­րուս եւ ողջ աշխարհին հասկնա­լի դառնայ իրենց իսկ խոստո­վա­նութեամբ — նախքան գրո­հը կատա­րուած անոնց տեսագրութեան հետա­գայ հրա­պա­րա­կումով.

- «Առանց հայրե­նի­քի, առանց մայր հողին՝ ո՛չ ապա­գայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտա­նիք կ՚ըլլայ: Առանց մայր հողին, առանց ազգին, որեւէ ընտա­նիք գոյութիւն չ՚ունենար»,- հաւա­տա­ցած էր Արան։

- «Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհե­տեւ հայ պիտի մեռնիմ: Շատ ուրախ եմ այս գործո­ղութեամբ: Հիմա մեր ապրած կեանքը իսկա­պէս որ կեանքէ զատ՝ ամէն ինչի կը նմա­նի: Կ՚ապրինք ուրի­շին տիրա­պե­տութեան տակ, ուրի­շին խամա­ճիկներն ենք»,- աւելցուց Սիմո­նը:

— «Ինչպէս որ կ’ըսէ երգը (Սարդա­րա­պա­տի հերոսնե­րուն նուի­րուած երգը — Ն.), «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Այո՛, մենք խենթեր ենք, բայց չակերտեալ խենթեր: Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի: Կը հաւա­տամ, որ կը տիրա­նանք մեր հայրե­նի­քին»,- յայտա­րա­րեց Սագոն։

- «Ես բնա­կան մահով պիտի չմեռնիմ. զոհը պիտի չըլլամ ճակա­տագրի խաղե­րուն: Ես Հայ Դատի զինուոր եմ. կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ»,- ընդգծեց Վաչէն։

- «Մենք առա­ջիննե­րը չենք, որ կը քալենք, մեզմէ առաջ շատեր քալած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւե­լի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւե­լի գործեր պիտի ընեն»,- պատգա­մեց Սեդրա­կը։

«Ահա այսպէ՛ս արշաւե­ցին Լիզպոն զոհուած քաջ ընկերներ»ը։

***

Իրաւամբ՝ 1983 թուա­կա­նի Յուլիս 27ի օրը արեամբ գրուած անջնջե­լի թուա­կան մը դարձաւ հայ ժողո­վուրդի նորօ­րեայ պատմութեան մէջ, խորհրդանշե՛ց Հայ Դատի ուժա­կան պայքա­րի 1970ականներու զարթօնքին արեւա­մա­րը…

Եւ որքան տարի­նե­րը կ՚անցնին ու ժամա­նա­կը յուշե­րու մէջ կ՚ամփոփէ օրին ապրուած բոլո­րիս ցաւն ու կսկի­ծը, այնքան Լիզպո­նի հերո­սա­կան քայլը պարուրած խորհրդաւո­րութիւնը իր տեղը կը զիջի պարզ ու պայծառ պատգա­մին առջեւ Հինգ Ողջա­կէզնե­րու գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան։

Շատ գրուած է եւ տակաւին երկար ժամա­նակ ու միշտ պիտի գրուի Լիզպո­նի Հինգին մասին, անոնց գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան մէջ խտա­ցած գաղա­փա­րա­կան անկորնչե­լի խորհուրդին եւ պատգա­մին մասին։

Անոնք «խենթ»եր էին, կենսուրախ զաւակներն էին հայ ժողո­վուրդին դէմ թրքա­կան պետութեան գործադրած ցեղասպա­նութե­նէն վերապրած, հայրե­նա­զուրկ դարձած հայրե­րու, որոնք կրցած էին յաղթա­հա­րել տարագրութեան հետ եկած կեանքի դժուա­րութիւննե­րը, ճաշա­կած էին հիւղաւաննե­րու եւ թիթե­ղա­շէն դպրոցնե­րու դաժան պայմաննե­րը եւ կրցած էին հայու աշխա­տա­սի­րութեան, ձեռնե­րէ­ցութեան ու ստեղծա­գործ ոգիին կենսա­յորդ աշխուժութիւնը մարմնաւո­րել եւ ազգա­յին ու պահանջա­տի­րա­կան շունչով սերունդ թրծել։

Արա, Վաչէ, Սիմոն, Սեդրակ եւ Սարգիս Ցեղասպա­նութե­նէն վերապրած տարա­գիր հայութեան երրորդ սերունդին կը պատկա­նէին։ Ամէն հիմք ունէին կեանքին փարե­լու եւ վայե­լե­լու իրենց աշխա­տանքին պտուղնե­րը, բայց անպա­տիժ ձգուած Ազգի եւ Հայրե­նի­քի սպանդին ու տեղա­հա­նութեան, բռնագրաւումին եւ կործանման Համաթրքա­կան Ոճի­րին մեծ ու խորա­գոյն խոցը, այլեւ՝ հայկա­կան Իրաւունքին ու Արդա­րութեան դէմ մեծա­պե­տա­կան աշխարհին հիւսած Լռութեան Պատը անոնց ամբողջ սերունդը վերա­ծած էր աշխարհին հանդէպ մեծ օտա­րա­կաննե­րու։

Սեփա­կան ու մայրե­նի լեզուով եւ մշա­կոյթով լիարժէք ապրե­լու եւ արա­րե­լու ներքին կրա­կը, պապե­նա­կան հողին վրայ հայա­շունչ կեանք ու ազատ ապա­գայ կերտե­լու եւ վայե­լե­լու բուռն պահանջը եւ, մանաւանդ, արեւուն տակ հայու հպարտութեամբ յաղթա­հա­սակ քալե­լու անյագ ծարաւը Լիզպոն առաջնորդեց գրո­հա­յին մարտունա­կութիւնը Հինգ Խենթե­րուն, որպէսզի նախ սեփա­կան ժողո­վուրդի իրենց սերնդա­կիցնե­րուն, ապա՝ ցեղասպան թրքա­կան պետութեան ժառանգորդնե­րուն եւ, վերջա­պէս, լուռ ու անտարբեր հայեացքով հայոց ողբերգութեան նայող աշխարհին իրենց ՊԱՏԳԱՄը փոխանցեն առաւե­լա­գոյն ուժա­կա­նութեամբ։

Այդպէ՛ս, Լիզպո­նի Ողջա­կի­զումը դարձաւ նորօ­րեայ վկա­յութիւնը «իմա­ցեալ մահով անմա­հութիւնը նուա­ճե­լու» հայ ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութեան։

Եղաւ պատգա­մա­բե­րը ազատ, անկախ ու միա­ցեալ Հայաստա­նէն դուրս կեանքի բոլոր հեռանկարնե­րը մերժե­լու Հայու յեղա­փո­խա­կան անդառնա­լի ուխտին։

Խորհրդանշեց Յեղա­փո­խա­կան ու Գաղա­փա­րա­կան անե­րեր պատրաստա­կա­մութիւնը՝ գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան անձնա­կան օրի­նա­կով շրջե­լու պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը եւ վերա­հաստա­տե­լու հայոց ազգա­յին արժա­նաւո­րութիւնը, սեփա­կան ուժով վերա­կանգնե­լու անփո­խա­րի­նե­լի Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։Իբրեւ այդպի­սին՝ 27 Յուլիս 1983ը Լիզպո­նի Ողջա­կիզման խորհրդա­նիշ էջն է հայոց յուշա­մա­տեա­նին։

Օրն է Հայ Դատի պայքա­րէն դուրս կեանքը մերժե­լու ամբողջ սերունդի մը անկորնչե­լի պատգա­մին, արեամբ նուի­րա­գործած գաղա­փա­րա­կան յանդգնութեան։

Եւ տարագրութեան դատա­պարտուած հայը, այսօր թէ վաղը, երբ իր զաւակնե­րուն հայե­ցի շունչ ու գաղա­փա­րա­կան թռիչք կը ներարկէ, անպայման պիտի յիշէ եւ միշտ պիտի յիշեցնէ օրի­նա­կը Լիզպո­նի Հինգին՝ իբրեւ յաւերժին մէջ արձա­գանգող պոռթկումը հայոց արդար ցասումին։

Այսօր հայ ժողո­վուրդը իր հոգիին խորը հոգե­հանգստեան պաշտօն կը կատա­րէ եւ կը խոնարհի յիշա­տա­կին առջեւ Ազգի ու Հայրե­նի­քի ազա­տութեան եւ անկա­խութեան բագի­նին զոհա­բե­րուած Ողջա­կէզնե­րուն՝ Արա­յին, Վաչէին, Սիմո­նին, Սեդրա­կին եւ Սագոյին։Լիզպոնի Հինգին հետ մեր էութեան կենսուրախ մէկ բջի­ջը ողջա­կի­զուե­ցաւ, որպէսզի երբեք չմոռնանք հայ ժողո­վուրդին դէմ թրքա­կան պետութեան գործադրած ցեղասպա­նութիւնը, անդուլ շարունա­կենք արդար Պատի­ժի եւ Հատուցման ի խնդիր Պահանջա­տի­րա­կան մեր Պայքա­րը եւ, արժանաւորապէ՜ս, տէ՛ր կանգնինք Ազգն ու Հայրե­նի­քը իրենց ամբողջա­կան ազա­տագրումին առաջնորդե­լու գաղա­փա­րա­կան մեր Մեծ Պարտքին։

Յուլիս 27, 2021

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Առնչվող Հոդվածներ