Բարի Լոյս

Աւան՜դ են, Այցետոմս չե՛ն․Վաստակ Նուաճած Հայերու Եւ Անոնց Ժառանգութիւնը Մսխող Որդիներու Ողբերգութիւնը

Իրաւամբ՝ Վա՜յ այն Քաղաքին, որուն Թագաւորը մանուկ Է։

Նազարէթ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ յանուն այսօրուան եւ վաղուան ՄԵՐ ՕՐուան նուաճումին, Ազգի եւ Հայրենիքի անցեալին, պատմութեան ու ժառանգութեան մէջ ներշնչող ԱՒԱՆԴ եւ առաջնորդող ՈՒՂԻ որոնող ՀԱՅՈՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ, որ կ՚ապրի ու կը գործէ ՆԱԽՆԵԱՑ ԳՈՐԾին ու ՎԱՍՏԱԿին վրայ իր սերունդին ԱՐԺԱՆԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄը գումարելու պատասխանատուութեան ու արժանաւորութեան ՈԳԻՈՎ։

Բարի լոյս՝ Հայրերու ԱՆՈՒՆով ու ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՄԲ արդարացի ՀՊԱՐՏԱՑՈՂ նորահաս Հայոց Որդիներուն, որոնք իրենց հերթին ԳՈՐԾ ու ԱՐԺԷՔ կ՚արարեն եւ ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ սեփական ուղին ԿԸ ՀԱՐԹԵՆ, մանաւանդ՝ նախանձախնդիր են իրենց բաժին ինկած ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆը վերանորոգելու եւ իբրեւ ԱՒԱՆԴ գալիքին կտակելու, փոխանակ այլոց՝ ՄԱԿԱԲՈՅԾ Որդիներու օրինակով, իրենց հասած ժառանգը շլացուցիչ ԱՅՑԵՏՈՄՍի պէս համացանցի պատուհաններէն կախելու եւ ցուցադրելու արար-աշխարհին․․․

Ինչպէ՞ս չարգահատիլ եւ զզուանքով չնայիլ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ Հայրերու ոչ մէկ ՑԵՆԶ ունեցող ԱՆԱՐԺԱՆ Որդիներուն, որոնք կ՚ուզեն Դիմատետրի հորիզոնին իրենց ԽԵՂՃՈՒԹԻՒՆը շպարելով գովազդել՝ իրենց ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ անկորնչելի Վաստակը իբրեւ Այցետոմս գործածելով եւ ԱԺԱՆ ԿՐԾՔԱՆՇԱՆի վերածելու փորձին անձնատուր դառնալով։

Եւ ինչպէ՜ս չափսոսալ ընդհանապէս Հայ Քաղաքական Միտքը վարակած անցեալի ԱՒԱՆԴին հետ իբրեւ սոսկ աջ ու ձախ ցուցադրուող ՍՆԱՊԱՐԾՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵՏՈՄՍի վարուելու մոլորանքին եւ աժան ինքնագովազդին համար։

Փոխանակ ինքնաքննադատութեամբ սեփական ՄԵՐԿՈՒԹԻՒՆը տեսնելու, ծածկել փորձելու եւ արժանի ԳՈՐԾՔՈՎ հանդերձաւորուելու՝ Հայ Քաղաքական Մտքի մերօրեայ ԿԵՂԾ ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐը ՀԱՅՀՈՅԱՆՔՈՎ ու ՆԱԽԱՏԻՆՔՈՎ կը քարկոծեն զիրար եւ շրջապատը կը վերածեն ԿՈՏՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՓԵՂԿՆԵՐՈՒ անվերականգնելի ապակիի փշրանքներու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿԵՂՏԱԿՈՅՏի։Իրաւամբ՝ Վա՜յ այն Քաղաքին, որուն Թագաւորը ՄԱՆՈՒԿ Է։

29 Յուլիս 2021

Նազարէթ Պէրպէրեան

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *