26.4 C
Yerevan

Աւան՜դ են, Այցե­տոմս չե՛ն․Վաստակ Նուա­ճած Հայե­րու Եւ Անոնց Ժառանգութիւնը Մսխող Որդի­նե­րու Ողբերգութիւնը

Իրաւամբ՝ Վա՜յ այն Քաղա­քին, որուն Թագաւո­րը մանուկ Է։

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ յանուն այսօ­րուան եւ վաղուան ՄԵՐ ՕՐուան նուա­ճումին, Ազգի եւ Հայրե­նի­քի անցեա­լին, պատմութեան ու ժառանգութեան մէջ ներշնչող ԱՒԱՆԴ եւ առաջնորդող ՈՒՂԻ որո­նող ՀԱՅՈՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ, որ կ՚ապրի ու կը գործէ ՆԱԽՆԵԱՑ ԳՈՐԾին ու ՎԱՍՏԱԿին վրայ իր սերունդին ԱՐԺԱՆԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄը գումա­րե­լու պատասխա­նա­տուութեան ու արժա­նաւո­րութեան ՈԳԻՈՎ։

Բարի լոյս՝ Հայրե­րու ԱՆՈՒՆով ու ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՄԲ արդա­րա­ցի ՀՊԱՐՏԱՑՈՂ նորա­հաս Հայոց Որդի­նե­րուն, որոնք իրենց հերթին ԳՈՐԾ ու ԱՐԺԷՔ կ՚արարեն եւ ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ սեփա­կան ուղին ԿԸ ՀԱՐԹԵՆ, մանաւանդ՝ նախանձախնդիր են իրենց բաժին ինկած ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆը վերա­նո­րո­գե­լու եւ իբրեւ ԱՒԱՆԴ գալի­քին կտա­կե­լու, փոխա­նակ այլոց՝ ՄԱԿԱԲՈՅԾ Որդի­նե­րու օրի­նա­կով, իրենց հասած ժառանգը շլա­ցուցիչ ԱՅՑԵՏՈՄՍի պէս համա­ցանցի պատուհաննե­րէն կախե­լու եւ ցուցադրե­լու արար-աշխարհին․․․

Ինչպէ՞ս չարգա­հա­տիլ եւ զզուանքով չնա­յիլ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ Հայրե­րու ոչ մէկ ՑԵՆԶ ունե­ցող ԱՆԱՐԺԱՆ Որդի­նե­րուն, որոնք կ՚ուզեն Դիմա­տետրի հորի­զո­նին իրենց ԽԵՂՃՈՒԹԻՒՆը շպա­րե­լով գովազդել՝ իրենց ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ անկորնչե­լի Վաստա­կը իբրեւ Այցե­տոմս գործա­ծե­լով եւ ԱԺԱՆ ԿՐԾՔԱՆՇԱՆի վերա­ծե­լու փորձին անձնա­տուր դառնա­լով։

Եւ ինչպէ՜ս չափսո­սալ ընդհա­նա­պէս Հայ Քաղա­քա­կան Միտքը վարա­կած անցեա­լի ԱՒԱՆԴին հետ իբրեւ սոսկ աջ ու ձախ ցուցադրուող ՍՆԱՊԱՐԾՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵՏՈՄՍի վարուե­լու մոլո­րանքին եւ աժան ինքնա­գո­վազդին համար։

Փոխա­նակ ինքնաքննա­դա­տութեամբ սեփա­կան ՄԵՐԿՈՒԹԻՒՆը տեսնե­լու, ծածկել փորձե­լու եւ արժա­նի ԳՈՐԾՔՈՎ հանդերձաւո­րուե­լու՝ Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի մերօ­րեայ ԿԵՂԾ ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐը ՀԱՅՀՈՅԱՆՔՈՎ ու ՆԱԽԱՏԻՆՔՈՎ կը քարկո­ծեն զիրար եւ շրջա­պա­տը կը վերա­ծեն ԿՈՏՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՓԵՂԿՆԵՐՈՒ անվե­րա­կանգնե­լի ապա­կիի փշրանքնե­րու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿԵՂՏԱԿՈՅՏի։Իրաւամբ՝ Վա՜յ այն Քաղա­քին, որուն Թագաւո­րը ՄԱՆՈՒԿ Է։

29 Յուլիս 2021

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Առնչվող Հոդվածներ