21.4 C
Yerevan

Անկրկնե­լի Կերպա­րա­կերտը

Երկու անձնա­կան շփումներ ընկեր Աբո­յին հետ կը մնան խարսխուած յիշո­ղութեանս մէջ։ Երկուքն ալ՝ Լիբա­նա­նի քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմի ամե­նա­տաք օրե­րուն։

Յարութ Գալայճեան

Կազմա­կերպա­կան կեանքին մէջ անփո­խա­րի­նե­լի մարդ չկայ. բայց կան շատ քիչեր, որոնք իրենց պահուածքի տեսա­կով, ճիշդ անձը ճիշդ գործին մէջ տեղադրե­լու ընդունա­կութեամբ, իրենց ուրուա­կա­նա­յին գործին պարտադրանքով համա­պա­տասխան ապրե­լա­կերպ որդեգրե­լու անշե՜ղ կտրուածքով, իրենց «ճարտա­րա­պե­տանման գործ»ի ընթացքին եւ անկէ դուրս հազուա­դէ­պօ­րէն երեւա­լու եւ նոյնքան աւե­լի պակաս արտա­յայտուե­լու խորհրդաւոր զսպուա­ծութեամբ, իրենց ակնթարթա­յին անզուգա­կան ժպի­տովկամ այլ սեղմ արտա­յայտութեամբ դիմա­ցի­նին շատ բան փոխանցե­լու եւ միա­ժա­մա­նակ այդ փոխանցուա­ծը անոր յիշո­ղութեան մէջ արգե­լա­փա­կե­լու տաղանդա­կա­նութեամբ եւ վերջա­պէս ու մանաւանդ՝ նպա­տա­կի ամբողջա­կան իրա­կա­նացման համար մահուան սպառնա­լու պատրաստուա­ծութեամբ եւ այլ մասնաւորնե­րու հոգի­նե­րուն մէջհաւա­սա­րակշռուած ու նպա­տա­կասլաց կրա­կը ներմուծե­լու վարպե­տութեամբ կը մնան ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ։

Այդ բոլո­րի գումարն էր ԸՆԿԵՐ ԱԲՈՆ։

Երկու անձնա­կան շփումներ ընկեր Աբո­յին հետ կը մնան խարսխուած յիշո­ղութեանս մէջ։ Երկուքն ալ՝ Լիբա­նա­նի քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմի ամե­նա­տաք օրե­րուն։

Մին՝ 1979-ին. իսկ միւսը՝ քանի մը տարի ետք։

Առա­ջի­նի մասին չեմ կրնար գրել. բայց կրնամ ըսել՝ որ ԿԿ‑ի Գործա­վարն էի ու ան ամէն շաբա­թա­կան նիստինկը հասնէր Երեւա­նեան Ակումբ, ժողո­վի ժամէն քանի մը վայրկեան կանուխ, միայնակ կը կտրէր Թապա­րի­սի վտանգաւոր սահմա­նա­գի­ծը ու երբ կը հասնէր ակումբ կը գրաւէր ժողո­վասրա­հի դրան մօտ գտնուող վերջին աթո­ռը եւ շատ ուշա­դիր կը հետեւէր ժողո­վի ընթացքին ընդհանրա­պէս ոչ մէկ բառ ըսե­լով բայց միշտ ալ ժողո­վի ընթացքին վրայ իր ներկա­յութիւնը զգացնե­լով։

Երկրորդը՝ հանդի­պում մըն էր, որ ունե­ցայ Պուրճ Համուտի ընկեր Աբո­յի աշխա­տա­նո­ցին մէջ՝ երբ Ազգա­յին Խորհուրդի տնօ­րէն էի ու գացած էի իր մօտ զեկուցե­լու համար ժողովրդա­յին ամսա­կան դրա­մա­հաւա­քի գանձիչնե­րու պատասխա­նա­տու ընկե­րոջ մասին, որ դժգոհ ըլլա­լով գանձի­չի մը արարքին նկատմամբ առած իմ կարգա­պա­հա­կան որո­շումէս՝ հեռա­ցած էր իր գրա­սե­նեա­կէն ու քանի մօր արդէն կը մերժէր ներկա­յա­նալ իր առօ­րեայ աշխա­տանքին։

Ընկեր Աբոն իր ակնթարթա­յին ժպի­տով պատասխա­նեց բարեւիս եւ իր իր սեղա­նին ետեւ շարունա­կեց մեծ կաշին ձեւե­լու եւ կտրե­լու աշխա­տանքը միա­ժա­մա­նակ ունկնդրե­լով զեկուցումս, որուն աւարտէն անմի­ջա­պէս ետք վերցուց հեռա­խօս-ընկա­լուչը եւ ձայնեց խնդրոյ առարկայ ընկե­րոջ։ Շնորհա­կա­լութիւն յայտնե­ցի ու ինք պատասխա­նեց նոյն ժպի­տով։

Երբ Ազգա­յին Խորհուրդ հասայ՝ գանձիչնե­րու պատասխա­նա­տուն իր գրա­սե­ղա­նին ետեւ նստած էր։

Երկար տարի­ներ ետք, գուցէ քանի մը սերունդ ետք, հայ ժողո­վուրդը շատ բան պիտի իմա­նայ ԱԲՈՅԱԿԱՆ անկրկնե­լի վաստա­կի մասին. վաստակ մը, որ նուի­րա­բե­րուե­ցաւ լիբա­նա­հա­յութեան ֆիզի­քա­կան գոյութեան պահպանման եւ Հայ Դատի կրա­կը անմար պահե­լու սրբա­զան գործին համար։

Առնչվող Հոդվածներ