14.6 C
Yerevan

Մեր Պարտութեան Ռուս-թրքա­կան Իմաստաւո­րումը

Ու՞ր է մեր պարտութեան Հայկա­կան Իմաստաւո­րումը։

Յարութ Գալայճեան

Օգտուե­լով ԱՄՆ‑ի նախա­գա­հա­կան նախընտրա­կան ամիսնե­րու խայտա­ռա­կութիւննե­րէն եւ Թրամփի աթո­ռա­մո­լա­կան մոլուցքէն՝ նախա­գա­հութիւնը ամէն գնով վերստանձնե­լու ախորժա­կով մինչեւ իսկ սահմա­նադրա­կան կարգի տապա­լում կատա­րե­լու փորձութեամբ երկրի արտա­քին քաղա­քա­կա­նութիւնը ջլատման տանող իրա­վի­ճա­կի մը խմորման պատճա­ռով գոյա­ցած պատեհ առի­թէն՝ Ռուսաստանն ու Թուրքիան լծուե­ցան իրենց կայսե­րա­պաշտա­կան ծրագրե­րը Արցա­խի գլխա­տումով իրա­կա­նացնե­լու ոճրա­յին գործակցութեան։

Փոխա­դարձ շահե­րու հոյա­կապ համընկնումով մը՝ Ռուսաստա­նը վերջնա­կա­նօ­րէն պիտի ամրապնդէր իր ռազմա­քա­ղա­քա­կան ներկա­յութիւնը Հարաւա­յին Կովկա­սի մէջ աքցա­նե­լով Վրաստանն ու Իրա­նը. իսկ Թուրքիան՝ Մեղրիի Միջանքա­ցումով Ազրպէյճա­նը պիտի վերա­ծէր Թուրա­նա­կան Նահանգի ու տարա­ծուէր մինչեւ Կեդրո­նա­կան Ասիա՝ եւ այդ ճամբուն վրայ իր քաղա­քա­կան տիրա­պե­տութեան օղա­կին մէջ պիտի ընդգրկէր թրքա­խօս բոլոր պետութիւննե­րը։

Դեռ կար աւե­լին.

— Ռուսաստա­նը Հայաստա­նի Ինքնիշխա­նութեան կ՚ուզէ տալ քաղա­քա­կան Knock out‑ի իր հարուա­ծը. իսկ Թուրքիան՝ նոյնանման հարուած մը կը պատրաստուի տալ Հայ Դատի մէջքին կասեցնե­լու համար հայկա­կան պահանջա­տի­րութեան սլացքը՝ սպաննած կարծե­լէ ետք Արցա­խեան մեր յաղթա­նա­կով սկիզբ առած հողա­յին յառաջխա­ղացքի ամէ’ն երա­զանք։

ՓԱՍՏՕՐԷՆ, Ռուսաստանն ու Թուրքիան փայլու՜ն յաջո­ղութեամբ պսա­կե­ցին իրենց կայսե­րա­պաշտա­կան միա­ցեալ ծրագրի «ՏԵ ՖԱՔԴՈ» հանգրուա­նը։ Պարզա­պէս մնա­ցած է այդ Ծրագրի ԻՐԱՒԱԿԱՆԱՑՄԱՆ հանգրուա­նը, որուն դէմ-յանդի­ման կը գտնուի մեր հայրե­նի­քը 9 ամիսնե­րէ ի վեր։

Վերջին հաշուով, հայ գերի­նե­րու վերա­դարձի ձգձգումը, Հայաստա­նի ինքնիշխան տարածքնե­րու մէջ շարունա­կուող ազե­րի ոտնձգութիւննե­րը, սահմա­նա­զատման ու սահմա­նաճշդումի ռուս-թրքա­կան լռե­լեայն ու փութկոտ պահանջնե­րը եւ վերջա­պէս «միջանցքա­յին պնդումնե­րը» ԿԸ ՄԻՏԻՆ Հայաստա­նի նորընտիր ու ժողովրդա­վար իշխա­նութիւնը ծունկի բերե­լու եւ այդ բոլոր ճնշումնե­րը ուրիշ բան չեն եթէ ոչ՝ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶ ՄԸ հագցնել Միա­ցեալ Դաւադրութեան Յաղթա­նա­կին, Հայաստանն ալ վերջնա­կա­նօ­րէն վերա­ծե­լով Ռուսա­կան Նահանգի։

ԲԱՅՑ ու՞ր է մեր պարտութեան Հայկա­կան Իմաստաւո­րումը։

ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ, Հայաստա­նեան ներքին ճակա­տի վրայ ամե­նա­ցաւա­լին այն է, որ ռուս-թրքա­կան պատմա­կործան դաւադրութեան ջաղացքին անուղղա­կիօ­րէն (եւ առա­տօ­րէն) ջուր կու տան աթո­ռա­մո­լութեան մոլուցքով գինովցած եւ գործա­կա­լա­կան ստրկամտութեամբ ու Նիկո­լախտով տառա­պող հայրե­նի շատ մը «քաղա­քա­կան» կազմա­կերպութիւններ, որոնց մէջ զարմա­նա­լիօ­րէն կան ՆՈՅՆԻՍԿ իրենց գաղա­փա­րա­խօ­սութեան դաւա­ճա­նող ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ղեկա­վա­րութիւններ…

ԻՍԿ Հայկա­կան Սփիւռքը իր մասնա­կի եւ/կամ ՈՒՂՂՈՐԴՈՒԱԾ տեղե­կա­ցուա­ծութեամբ կը շարունա­կէ նաւարկել դիտորդ/հետեւորդ կրաւո­րա­կան դերա­կա­տա­րութեան ովկիա­նո­սին մէջ։

Առնչվող Հոդվածներ