21.4 C
Yerevan

Առանց Անկա­խութեան՝ Չկա՜յ Անվտանգութիւն

Անկա­խութեան Տօնա­կա­տա­րումը՝ մեր հերո­սա­ծին մայրե­րու առջեւ հոգե­պէս խոնարհա­նա­լու եւ ակնա­ծանքի մեր տուրքը անոնց տալու ազգա­յին երգե­ցո­ղութիւնն է։

Յարութ Գալայճեան

1918‑ի Մայիս 28‑ի Հայաստա­նի Անկա­խութեամբ Հայ Ժողո­վուրդը վայե­լեց ինքնիշխան պետա­կա­նութիւն, որ միայն իր երկու եւ կէս տարուան ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծի ընթացքին կարո­ղա­ցաւ (տնտե­սա­կան շատ ծանր պայմաննե­րու մէջ) ստեղծել դրօշ, օրհներգ, համալսա­րան, ժողովրդա­վա­րութիւն, ինքնիշխա­նութիւն, ազա­տութիւն, կանա­ցի իրաւունքնե­րու մտա­ծո­ղութիւն, ընկե­րա­յին արդա­րութիւն, ամուր հայկա­կա­նութիւն, արտա­քին լայնա­տա­րած քաղա­քա­կա­նութիւն եւ անվտանգութիւն։ Եւ երբ այդ վերջի­նը՝ երկրի անվտանգութիւնը ճզմուե­ցաւ թրքա­կան մուրճին եւ ռուսա­կան սալին միջեւ՝ բնա­կա­նա­բար հայ ժողո­վուրդը կորսնցուց Անկա­խութիւն Հայրե­նին։

1991‑ի Սեպտեմբեր 21‑ի հրչա­կագրով տեղի ունե­ցած Մայի­սեան Անկա­խութեան վերա­կանգնումը ցարդ ամբողջա­կան իմաստով չէ յաջո­ղած պարզ այն պատճա­ռով, որ մեր երկրի սահմաննե­րու անվտանգութեան տէրը չեղանք մենք. այլ՝ այն ուրի­շը, որ կը դաւա­նի ըլլալ մեր ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցը, որ՝ ուրիշ Սեպտեմբե­րի մը՝ 2020-ին կրճա­տել տուաւ մեր պատմա­կան սահմաննե­րը ու դաւադրա­բար ցնցեց մեր երկրի կիսա­կա­յա­ցած անկա­խութիւնը։

Ու այսօր, դեռեւս, չենք համո­զուած, որ առանց մեր ամբողջա­կան ուժով հակակշռուող ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ պետա­կան յենա­սիւնին՝ երկի­րը ուշ կամ կանուխ պիտի կորսնցնէ իր ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ։ Եւ փոխա­դարձա­բար։

Մեր անվտանգութեան ՄԻԱԿ երաշխաւո­րո­ղը՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՆ Է, որ այնքա՜ն պիտի հզօ­րա­նայ՝ որպէսզի  կարո­ղա­նայ միշտ կանգուն պահել մեր երկրի անկա­խութիւնը ու դարձնել զայն իսկա­կան հանրա­պե­տութիւն՝ ԱՌԱՆՑ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՒ…

Եւ հաստատ պիտի գայ այդ օրը՝ երբ պիտի յայտա­րա­րենք, որ այսօ­րուան ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ Հայաստա­նը արթուն պահակն է ու իրաւա­յա­ջորդը՝ 1918‑ի ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ։

Այսօր, մեր Անկա­խութեան Վերա­կանգման Երեսնա­մեա­կի Տօնա­կա­տա­րութեան նախօ­րեա­կին՝ ազգա­յին դժբախտ երեւոյթը ակա­նա­տես ըլլալն է Սերժո­քո­չա­րեա­նա­կան «գունա­գեղ» բառա­խա­ղե­րուն, որոնք պարզա­պէս կ՚ոտնակոխեն Հայաստա­նի Անկա­խութեան Գաղա­փա­րը ի խնդիր քաղա­քա­կան ճղճիմ շահարկումնե­րու։

Եւ անտա­րա­կոյս, երկու նախա­գահներն ալ իրենց ԼԾԱԿԻՑ եւ ԱՆԴԻՄԱԳԻԾ կուսակցութիւննե­րուն հետ լրա­տուա­կան վարձկան լարա­խա­ղա­ցութեամբ,  եւ Անկա­խութեան Արժէ­քին ու Պատմական/Անվտանգային Հողե­րու նկատմամբ իրենց ռուսամոլ/թրքանպաստ աւե­լի քան երեսնա­մեայ պահուածքին հաւա­տարմութեամբ, առաւել՝ իրենց ինքնանպա­տակ իշխա­նա­տենչութեամբ, դատա­պարտուած են քաղա­քա­կան անխուսա­փե­լի ինքնաբնաջնջման։

Մենք ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆՔ պատշա­ճօ­րէն ՆՇԵԼ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ, որովհե­տեւ այդ օրը.

• Անցած 30 տարի­նե­րու Ազգա­յին մեր Հաշուե­տուութեան Պարտքն է։

• Մեր յաղթա­նակնե­րու եւ պարտութիւննե­րու Վերաի­մաստաւորման Պահն է։

• Ռուսի, թուրքի եւ բոլոր ոտնձգութիւննե­րու նկատմամբ մեր ինքնիշխա­նութեան վերա­հաստատման զայրոյթի դրսեւո­րումն է։

• 1918‑ի Մայի­սեան Արշա­լոյսի վերա­լուսաւո­րումն է։

• Ժողովրդա­յին Ներշնչման եւ հոգե­բա­նա­կան վերընձիւղման աղբիւրն է։

• Ազե­րի ոսո­խին կողմէ յափշտա­կուած մեր կտրիճ գերի­նե­րու ՏՈՒՆԴԱՐՁ-ի տարա­ծաշրջա­նա­յին ու համա­մարդկա­յին մեր պոռթկումի դրսեւորման պատուհանն է։

• Մեր նոր ու գալիք սերունդնե­րուն քաղա­քա­ցիա­կան , ազգա­յին ու պետա­կան պատգա­մը փոխանցե­լու յայտա­րա­րագրումն է։

• Արցա­խեան Կարգա­վի­ճա­կի վերջնա­կան յստա­կացման անտե­ղի­տա­լի պահանջի արա­րո­ղութիւնն է։

• Տարա­ծաշրջա­նը Հայաստա­նով խաղա­ղօ­րէն ապրեցնե­լու եւ արա­րե­լու պետա­կան հրաւէրն է։

•Եւ վերջա­պէս ու առաւե­լա­բար, մեր ՀԵՐՈՍԱԾԻՆ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ առջեւ հոգե­պէս խոնարհա­նա­լու եւ անոնց մեր ակնա­ծանքի տուրքը տալու ազգա­յին երգե­ցո­ղութիւնն է։

ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ, Անկա­խութեան Երեսնա­մեա­կի Տօնը՝ Հայկ Նահա­պե­տէն մինչեւ Արամ Մանուկեա­նի դարաշրջա­նը  եւ Արթուր Մկրտչյա­նէն մինչեւ 44-օրեայ պատե­րազմին ինկած, յայտնի թէ անյայտ՝ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՈՒ ազատ ու ինքնիշխան ապրե­լու իրաւունքի վերա­հաստատման Օրն է։ Եւ պարտաւոր ենք ԱՆԸՆԴՀԱՏ նշել այդ օրը, Տօնակատարե’լ, որովհե­տեւ՝ առանց անկա­խութեան չկայ անվտանգութիւն։

Առնչվող Հոդվածներ