Սփիւռք

Հոկտեմբերեան Մտորումներ. Ոչ Պայծառ, Բայց Շատ Յստակ

Մինչեւ իրիկուն  պիտի կռուինք ու հայհոյենք, զիրար պիտի խեղդենք … Յետոյ  պիտի յոգնինք  ու տուն պիտի  մտնենք, որ շունչ մը  քաշենք:

Խաժակ Այնթապեան

Հոկտեմբերեան մտորումներս այնքան ալ  լաւ չեն, բաւական ծանր են…

Դիմատետրն ալ ապտակի պէս ամէն օր յիշողութիւն մը կը բերէ ու դէմքիս կը զարնէ…

Մինչեւ Նոյեմբեր 9-ը այսպէս դիմանալը դժուար պիտի ըլլայ … Անկէ ետք՝ վնաս չունի, այնքան ալ հարց չէ: Մեր անմիաբանութեան գետը դարձեալ իր հունը պիտի գտնէ ու բոլորս մէջը  պիտի մտնենք, որ զիրար խեղդենք:

Դուրսէն անցնողն ալ մեզ պիտի դիտէ ու զարմանայ, թէ հայուն թշնամին իսկապէս ո՞վ է … Թո՞ւրքն է, ազերի՞ն, ռո՞ւսն է, պարսի՞կն է… Թէ՞ ուրիշ հայ մըն է …

Մինչեւ իրիկուն  պիտի կռուինք ու հայհոյենք, զիրար պիտի խեղդենք … Յետոյ  պիտի յոգնինք  ու տուն պիտի  մտնենք, որ շունչ մը  քաշենք:

Յանկարծ դուռը պիտի զարնուի, պիտի  բանանք ու Վարուժանին Դերենիկը ներս պիտի  մտնէ հեկեկալով…

– «Ի՞նչ ունիս տղաս», պիտի հարցնենք:

– «Գլուխս պատռեց դրացի Ալին»:

– «Դո՜ւրս», պիտի գոռանք: «Մինչեւ որ յաղթած՝ արիւններդ անոր արեամբ չմաքրին, այսօր տուն չես գար»:

Ու դուռը պիտի  գոցենք, մոռնալով, որ «Ալին թուրքի զաւակ է, աչքին մէջ հեռ կայ եւ մէջքը փալա»… Իսկ Դերենիկին մէջքին դեռ մինչեւ հիմա մկրատ մը չկայ…

Յետոյ գաւաթները պիտի լեցնենք, պիտի խմենք ու ճառեր պիտի խօսինք, թէ՝

– օր մը անպայման մենք Մասիսին պիտի հասնինք …

Բայց երբ բաւական խմենք ու գինովնանք, կամաց կամաց ամէն ինչ խոստովանելու պիտի սկսինք, թէ ՝

– Լաւ որ սխալ մը չըրինք ու Արցախի մէջ տուն մը չգնեցինք… Որովհետեւ հողին հետ այսօր զայն թուրքին յանձնած պիտի ըլլայինք ու անոր տէրը հիմա մենք պիտի չըլլայինք…

Մինչդեռ քանի մը հազար հոգիով այդ «սխալը» եթէ ըրած ըլլայինք ու Արցախի մէջ ամէն մէկս տուն մը գնէինք, հողին տէրը  անկասկած հիմա մենք պիտի ըլլայինք …

Չէ, հոկտեմբերեան մտորումներս այնքան պայծառ չեն…  Բայց շատ յստակ են:

Հոդվածը`     

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *