26.1 C
Yerevan

Հոկտեմբե­րեան Մտո­րումներ. Ոչ Պայծառ, Բայց Շատ Յստակ

Մինչեւ իրի­կուն  պիտի կռուինք ու հայհո­յենք, զիրար պիտի խեղդենք … Յետոյ  պիտի յոգնինք  ու տուն պիտի  մտնենք, որ շունչ մը  քաշենք:

Խաժակ Այնթա­պեան

Հոկտեմբե­րեան մտո­րումներս այնքան ալ  լաւ չեն, բաւա­կան ծանր են…

Դիմա­տետրն ալ ապտա­կի պէս ամէն օր յիշո­ղութիւն մը կը բերէ ու դէմքիս կը զարնէ…

Մինչեւ Նոյեմբեր 9‑ը այսպէս դիմա­նա­լը դժուար պիտի ըլլայ … Անկէ ետք՝ վնաս չունի, այնքան ալ հարց չէ: Մեր անմիա­բա­նութեան գետը դարձեալ իր հունը պիտի գտնէ ու բոլորս մէջը  պիտի մտնենք, որ զիրար խեղդենք:

Դուրսէն անցնողն ալ մեզ պիտի դիտէ ու զարմա­նայ, թէ հայուն թշնա­մին իսկա­պէս ո՞վ է … Թո՞ւրքն է, ազերի՞ն, ռո՞ւսն է, պարսի՞կն է… Թէ՞ ուրիշ հայ մըն է …

Մինչեւ իրի­կուն  պիտի կռուինք ու հայհո­յենք, զիրար պիտի խեղդենք … Յետոյ  պիտի յոգնինք  ու տուն պիտի  մտնենք, որ շունչ մը  քաշենք:

Յանկարծ դուռը պիտի զարնուի, պիտի  բանանք ու Վարուժա­նին Դերե­նի­կը ներս պիտի  մտնէ հեկե­կա­լով…

– «Ի՞նչ ունիս տղաս», պիտի հարցնենք:

– «Գլուխս պատռեց դրա­ցի Ալին»:

– «Դո՜ւրս», պիտի գոռանք: «Մինչեւ որ յաղթած՝ արիւններդ անոր արեամբ չմաքրին, այսօր տուն չես գար»:

Ու դուռը պիտի  գոցենք, մոռնա­լով, որ «Ալին թուրքի զաւակ է, աչքին մէջ հեռ կայ եւ մէջքը փալա»… Իսկ Դերե­նի­կին մէջքին դեռ մինչեւ հիմա մկրատ մը չկայ…

Յետոյ գաւաթնե­րը պիտի լեցնենք, պիտի խմենք ու ճառեր պիտի խօսինք, թէ՝

– օր մը անպայման մենք Մասի­սին պիտի հասնինք …

Բայց երբ բաւա­կան խմենք ու գինովնանք, կամաց կամաց ամէն ինչ խոստո­վա­նե­լու պիտի սկսինք, թէ ՝

– Լաւ որ սխալ մը չըրինք ու Արցա­խի մէջ տուն մը չգնե­ցինք… Որովհե­տեւ հողին հետ այսօր զայն թուրքին յանձնած պիտի ըլլա­յինք ու անոր տէրը հիմա մենք պիտի չըլլա­յինք…

Մինչդեռ քանի մը հազար հոգիով այդ «սխա­լը» եթէ ըրած ըլլա­յինք ու Արցա­խի մէջ ամէն մէկս տուն մը գնէինք, հողին տէրը  անկասկած հիմա մենք պիտի ըլլա­յինք …

Չէ, հոկտեմբե­րեան մտո­րումներս այնքան պայծառ չեն…  Բայց շատ յստակ են:

Հոդվա­ծը‘ Խաժակ Այնթա­պեա­նի ֆեյսբուքյան էջից:

Առնչվող Հոդվածներ