Ազատ բեմ

Կոչ Դաշնակցականներուն

ՀՅԴ֊-ում շարունակվող մտահոգիչ, աղաղակող անարդարությունների ու տիրող քաոսի, տեղեկատվական մեկուսացման ու տիրող անկարողության մասին այս նամակը խմբագրությանն է ուղարկել Հայաստանի ՀՅԴ անդամը, որի անունը հասկանալի պատճառներով չենք հրապարակում։

Ներկայացնում ենք նամակը՝

Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ն կազմակերպականօրէն այնքան տկար վիճակի մէջ է ու այնքան ժողովրդականութիւն չ՛ունի որ, ներկայի ՏԻՄ-երու եւ աւագանիներու ընտրութիւններուն մեծամասնութեան պարագային որոշուեր է ՀՅԴ-ն թեկնածու չներկայացնէ եւ դուրս մնայ ընտրութիւններէն, Գիւմրիի մէջ, որպէսզի խայտառակ չ՛ըլլանք։
Փոխանակ աշխարհի բոլոր կուսակցական շրջանները քննարկելու թէ ինչու Հայաստանի մէջ թէ կազամակերպականօրէն եւ ժողովրդականութեան գետնի վրայ տկար ենք, Բիւրօ-ի եւ ԳՄ-ի ազդեցութեան տակ եղող շրջանները բացարձակ Հայաստանի ՀՅԴ-ի կազմակերպական դժուարութիւններուն մասին չեն խօսիր, ոչ ժողովներուն ընթացքին եւ ոչ ալ հանրութեան քով։ Մեր շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող երկու ԿԿ-ները կրնանք իրարմէ զանազանել ըսելով թէ, մեր ԿԿ-ի շուրջ հաւաքուած ընկերները կը քննարկեն եւ կը քննադատէ Հայաստանի մեր կազմակերպութեան տկար վիճակը եւ նախանձախնդիր է հզօրացնել զայն, իսկ Բիւրօ-ի ազդեցութեան տակ գտնուող ԿԿ-ի շուրջ հաւաքուած ընկերները անտարբեր են Հայաստանի մեր կազմակերպութեան տկար ըլլալուն եւ ժողովուրդէն հեռացած ըլլալուն վերաբերեալ եւ չեն քննարկէր անոր հզօրացումը։

Այս ընկերներուն հետ շփում ունենալով կրնամ ըսել թէ անոնք չեն քննադատէր Հայաստանի ՀՅԴ-ն տկար վիճակը զանազան պատճառաբանութիւններով,
-Բիւրօ-ի հովանաւորութեան տակ գտնուող ԿԿ-ի շուրջ հաւաքուած ընկերները եւ կոմիտէներու մէջ այս հարցերը չեն քննարկէր, քանի Թապու է։ եթէ մէկը Հայաստանի մեր տկար վիճակին մասին խօսի, սեւ ցանկի վրայ կ՛անցնի։Այն ընկերները որոնք կ՛ուզեն լաւ երեւալ ԳՄ-ի եւ Բիւրօ-ի առջեւ որպէսզի ընտրուին Բիւրօ, ԿԿ-ն, կամ ալ Բիւրօ-ի
եւ ԳՄ-ի մակարդակով յանձնախումբերու ու աշխատանքներու մէջ ներգրաւուին, Հայաստանի կազմակերպական խնդիրներուն մասին բերանին չեն բանար։
-Անոնցմէ ոմանք, զանազան պատճառներով, նախորդ եւ Դեկտեմբերին ընտրուած մեր ԿԿ-ներուն հետ ունեցած են դժգոհութիւններ, եւ քանի որ մեր ԿԿ-ներուն շուրջ հաւաքուած ընկերներս կը քննադատենք Հայաստանի ՀՅԴ-ի տկար վիճակը, իրենք ալ մեզի հակադրուելով կը պաշտպանեն ԳՄ-ին եւ Բիւրօ-ին։ Տեսակ մը հակառակորդիս հակառակորդը, բարեկամս է, հասկացողութեամբ։
-Կան նաեւ մեծ թիւով ընկերներ որոնք չեն պատկերացներ Հայաստանի կազմակերպական տկարութեան ահրելի վիճակը եւ կ՛ըսեն որ ամեն շրջան ալ ունի կազմակերպական դժուարութիւններ։
Իմ կարծիքով, աշխարհի բոլոր շրջաններուն համար, հատկապես մեր շրջանին համար մեծ օգտակարութիւն ունեցած կ՛ըլլայ եթէ ձեւով մը ծանօթացնենք Հայաստանի ՀՅԴ-ի կազմակերպական անդամալոյծ վիճակը։

Սփիւռքի ընկերները, իմ կարծիքով մեծամասնութիւնը, տեղեակ չեն որ Հայաստանի մէջ խումբերը, կոմիտէութիւնները եւ նոյնիսկ մարզային կոմիտէները անդամալոյծ վիճակի մէջ են։ Տեղեակ չեն որ Հայաստանի ՀՅԴ-ն կազմակերպական շատ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի։ Այդ պատճառով ալ, չեն հարցապնդէր, կամ քննարկէր եւ կամ քննադատէր Հայաստանի ՀՅԴ-ի վիճակը։ Վերջերս Հայաստանէն ընկեր մը ըսաւ որ Կոմիտասի շրջանի խումբերէն ոմանք անցնող մէկուկէս տարուայ ընթացքին միայն մէկ անգամ ժողով ըրած են եւ այդ ալ պատգամաւոր ընտրելու համար։ Երեւանէն դուրս խումբերը շատ աւելի նուազ ժողովներ կ՛ունենան։ Ըստ երեւոյթին Մեղրիի մէջ անցնող 7 տարիներուն խումբերը ժողով չեն ըրած։ Եթէ այս տեսակ տեղեկութիւններ բացայայտուին եւ Սփիւռքի ընկերներուն մեծամասնութիւնը տեղեակ ըլլայ անոնց, Բիւրօ-ի հովանաւորութեան տակ գտնուող մարմիններուն վիճակը կը տկարանայ, առ նուազն մեր շրջանի մէջ։ Կը կարծեմ որ շատ օգտակար աշխատանք կ՛ըլլայ եթէ տեղեկութիւն հաւաքուի Հայաստանի մէջ գտնուող ամէն մէկ կոմիտէութեան ամէն մէկ խումբին մասին թէ անոնք տարին քանի անգամ ժողով ըրած են կամ ինչ համառօտակիութեամբ ժողով ըրած են։ Բոլոր խումբերուն մասին այս տեղեկութիւնները հաւաքել է ետք, հրատարակուին այդ տեղեկութիւնները։ Որմէ ետք, Սփիւռքի մէջ, մենք օրինակ կրնանք առնել այդ տեղեկութիւնները եւ մեր շրջանի մէջ Բիւրօ-ի ԿԿ-ին շուրջ հաւաքուած ընկերներուն կրնանք ցոյց տալ եւ հարցնել թէ ինչպէս տակաւին կրնան լուռ մնալ եւ չքննարկել եւ չքննադատել Հայաստանի մեր կազմակերպական անդամալոյծ վիճակը։ Մեր շրջանի ընկերները չեն պատկերացներ Հայաստանի կազմակերպութեան անդամալոյծ ըլլալու տարողութիւնը։ Ինչպէս ըսի, մեր շրջանի ընկերները տեղեակ չեն որ Հայաստանի մէջ խումբերուն մեծ ամասնութիւնը տարին մէկ անգամ ժողով կամ կ՛ընեն կամ ալ չեն ընէր։ Երբ մեր շրջանի ընկերոջ մը ըսեմ որ Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ն կազմակերպականօրէն շատ տկար է, շատ բան չի հասկնար։ Սակայն երբ ըսեմ որ ըստ հրատարակուած տեղեկութիւններուն, Երեւանի կոմիտէութիւններուն խումբերուն 80 տոկոսը տարին միայն մէկ հատ ժողով ըրած են, շատ աւելի յստակ պատկերացում կ՛ունենայ ՀՅԴ-ի տկար վիճակին մասին ու չի կրնար լուր մնալ այս հարցով։ Թող երթան եւ նային եթէ այդ տեղեկութիւնները իրականութեան կը համապատասխանեն։ Իսկ երբ ընկերները սկսին Հայաստանի կազմակերպական տկարութեան մասին խօսիլ, մեր ԿԿ-ին վարկը կը բարձրանայ, քանի մենք ենք որ այս հարցերը անցնող տարիներուն քննարկած ենք, որուն պատճառով Բիւրօներուն եւ ԳՄ-ներուն սեւ ցանկի վրայ եղած ենք եւ հալածուած եղած ենք։

Նյութի մասին տեսակետները կարող են չհամընկնել խմբագրության կարծիքի հետ և կայքը տվյալ նյութի բովանդակության համար պատասխանատվություն չի կրում։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *