26.4 C
Yerevan

Կոչ Դաշնակցա­կաննե­րուն

ՀՅԴ֊-ում շարունակվող մտա­հո­գիչ, աղա­ղա­կող անարդա­րություննե­րի ու տիրող քաո­սի, տեղե­կատվա­կան մեկուսացման ու տիրող անկա­րո­ղության մասին այս նամա­կը խմբագրությանն է ուղարկել Հայաստա­նի ՀՅԴ անդա­մը, որի անունը հասկա­նա­լի պատճառնե­րով չենք հրա­պա­րա­կում։

Ներկա­յացնում ենք նամա­կը՝

Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴ‑ն կազմա­կերպա­կա­նօ­րէն այնքան տկար վիճա­կի մէջ է ու այնքան ժողովրդա­կա­նութիւն չ՛ունի որ, ներկա­յի ՏԻՄ-երու եւ աւա­գա­նի­նե­րու ընտրութիւննե­րուն մեծա­մասնութեան պարա­գա­յին որո­շուեր է ՀՅԴ‑ն թեկնա­ծու չներկա­յացնէ եւ դուրս մնայ ընտրութիւննե­րէն, Գիւմրիի մէջ, որպէսզի խայտա­ռակ չ՛ըլլանք։
Փոխա­նակ աշխարհի բոլոր կուսակցա­կան շրջաննե­րը քննարկե­լու թէ ինչու Հայաստա­նի մէջ թէ կազա­մա­կերպա­կա­նօ­րէն եւ ժողովրդա­կա­նութեան գետնի վրայ տկար ենք, Բիւրօ‑ի եւ ԳՄ‑ի ազդե­ցութեան տակ եղող շրջաննե­րը բացարձակ Հայաստա­նի ՀՅԴ‑ի կազմա­կերպա­կան դժուա­րութիւննե­րուն մասին չեն խօսիր, ոչ ժողովնե­րուն ընթացքին եւ ոչ ալ հանրութեան քով։ Մեր շրջա­նին մէջ գոյութիւն ունե­ցող երկու ԿԿ-ները կրնանք իրարմէ զանա­զա­նել ըսե­լով թէ, մեր ԿԿ‑ի շուրջ հաւա­քուած ընկերնե­րը կը քննարկեն եւ կը քննա­դա­տէ Հայաստա­նի մեր կազմա­կերպութեան տկար վիճա­կը եւ նախանձախնդիր է հզօ­րացնել զայն, իսկ Բիւրօ‑ի ազդե­ցութեան տակ գտնուող ԿԿ‑ի շուրջ հաւա­քուած ընկերնե­րը անտարբեր են Հայաստա­նի մեր կազմա­կերպութեան տկար ըլլա­լուն եւ ժողո­վուրդէն հեռա­ցած ըլլա­լուն վերա­բե­րեալ եւ չեն քննարկէր անոր հզօ­րա­ցումը։

Այս ընկերնե­րուն հետ շփում ունե­նա­լով կրնամ ըսել թէ անոնք չեն քննա­դա­տէր Հայաստա­նի ՀՅԴ‑ն տկար վիճա­կը զանա­զան պատճա­ռա­բա­նութիւննե­րով,
-Բիւրօ‑ի հովա­նաւո­րութեան տակ գտնուող ԿԿ‑ի շուրջ հաւա­քուած ընկերնե­րը եւ կոմի­տէ­նե­րու մէջ այս հարցե­րը չեն քննարկէր, քանի Թապու է։ եթէ մէկը Հայաստա­նի մեր տկար վիճա­կին մասին խօսի, սեւ ցանկի վրայ կ՛անցնի։Այն ընկերնե­րը որոնք կ՛ուզեն լաւ երեւալ ԳՄ‑ի եւ Բիւրօ‑ի առջեւ որպէսզի ընտրուին Բիւրօ, ԿԿ‑ն, կամ ալ Բիւրօ‑ի
եւ ԳՄ‑ի մակարդա­կով յանձնա­խումբե­րու ու աշխա­տանքնե­րու մէջ ներգրաւուին, Հայաստա­նի կազմա­կերպա­կան խնդիրնե­րուն մասին բերա­նին չեն բանար։
-Անոնցմէ ոմանք, զանա­զան պատճառնե­րով, նախորդ եւ Դեկտեմբե­րին ընտրուած մեր ԿԿ-ներուն հետ ունե­ցած են դժգո­հութիւններ, եւ քանի որ մեր ԿԿ-ներուն շուրջ հաւա­քուած ընկերներս կը քննա­դա­տենք Հայաստա­նի ՀՅԴ‑ի տկար վիճա­կը, իրենք ալ մեզի հակադրուե­լով կը պաշտպա­նեն ԳՄ-ին եւ Բիւրօ-ին։ Տեսակ մը հակա­ռա­կորդիս հակա­ռա­կորդը, բարե­կամս է, հասկա­ցո­ղութեամբ։
-Կան նաեւ մեծ թիւով ընկերներ որոնք չեն պատկե­րացներ Հայաստա­նի կազմա­կերպա­կան տկա­րութեան ահրե­լի վիճա­կը եւ կ՛ըսեն որ ամեն շրջան ալ ունի կազմա­կերպա­կան դժուա­րութիւններ։
Իմ կարծի­քով, աշխարհի բոլոր շրջաննե­րուն համար, հատկա­պես մեր շրջա­նին համար մեծ օգտա­կա­րութիւն ունե­ցած կ՛ըլլայ եթէ ձեւով մը ծանօ­թացնենք Հայաստա­նի ՀՅԴ‑ի կազմա­կերպա­կան անդա­մա­լոյծ վիճա­կը։

Սփիւռքի ընկերնե­րը, իմ կարծի­քով մեծա­մասնութիւնը, տեղեակ չեն որ Հայաստա­նի մէջ խումբե­րը, կոմի­տէութիւննե­րը եւ նոյնիսկ մարզա­յին կոմի­տէ­նե­րը անդա­մա­լոյծ վիճա­կի մէջ են։ Տեղեակ չեն որ Հայաստա­նի ՀՅԴ‑ն կազմա­կերպա­կան շատ ծանր վիճա­կի մէջ կը գտնուի։ Այդ պատճա­ռով ալ, չեն հարցապնդէր, կամ քննարկէր եւ կամ քննա­դա­տէր Հայաստա­նի ՀՅԴ‑ի վիճա­կը։ Վերջերս Հայաստա­նէն ընկեր մը ըսաւ որ Կոմի­տա­սի շրջա­նի խումբե­րէն ոմանք անցնող մէկուկէս տարուայ ընթացքին միայն մէկ անգամ ժողով ըրած են եւ այդ ալ պատգա­մաւոր ընտրե­լու համար։ Երեւա­նէն դուրս խումբե­րը շատ աւե­լի նուազ ժողովներ կ՛ունենան։ Ըստ երեւոյթին Մեղրիի մէջ անցնող 7 տարի­նե­րուն խումբե­րը ժողով չեն ըրած։ Եթէ այս տեսակ տեղե­կութիւններ բացա­յայտուին եւ Սփիւռքի ընկերնե­րուն մեծա­մասնութիւնը տեղեակ ըլլայ անոնց, Բիւրօ‑ի հովա­նաւո­րութեան տակ գտնուող մարմիննե­րուն վիճա­կը կը տկա­րա­նայ, առ նուազն մեր շրջա­նի մէջ։ Կը կարծեմ որ շատ օգտա­կար աշխա­տանք կ՛ըլլայ եթէ տեղե­կութիւն հաւա­քուի Հայաստա­նի մէջ գտնուող ամէն մէկ կոմի­տէութեան ամէն մէկ խումբին մասին թէ անոնք տարին քանի անգամ ժողով ըրած են կամ ինչ համա­ռօ­տա­կիութեամբ ժողով ըրած են։ Բոլոր խումբե­րուն մասին այս տեղե­կութիւննե­րը հաւա­քել է ետք, հրա­տա­րա­կուին այդ տեղե­կութիւննե­րը։ Որմէ ետք, Սփիւռքի մէջ, մենք օրի­նակ կրնանք առնել այդ տեղե­կութիւննե­րը եւ մեր շրջա­նի մէջ Բիւրօ‑ի ԿԿ-ին շուրջ հաւա­քուած ընկերնե­րուն կրնանք ցոյց տալ եւ հարցնել թէ ինչպէս տակաւին կրնան լուռ մնալ եւ չքննարկել եւ չքննա­դա­տել Հայաստա­նի մեր կազմա­կերպա­կան անդա­մա­լոյծ վիճա­կը։ Մեր շրջա­նի ընկերնե­րը չեն պատկե­րացներ Հայաստա­նի կազմա­կերպութեան անդա­մա­լոյծ ըլլա­լու տարո­ղութիւնը։ Ինչպէս ըսի, մեր շրջա­նի ընկերնե­րը տեղեակ չեն որ Հայաստա­նի մէջ խումբե­րուն մեծ ամասնութիւնը տարին մէկ անգամ ժողով կամ կ՛ընեն կամ ալ չեն ընէր։ Երբ մեր շրջա­նի ընկե­րոջ մը ըսեմ որ Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴ‑ն կազմա­կերպա­կա­նօ­րէն շատ տկար է, շատ բան չի հասկնար։ Սակայն երբ ըսեմ որ ըստ հրա­տա­րա­կուած տեղե­կութիւննե­րուն, Երեւա­նի կոմի­տէութիւննե­րուն խումբե­րուն 80 տոկո­սը տարին միայն մէկ հատ ժողով ըրած են, շատ աւե­լի յստակ պատկե­րա­ցում կ՛ունենայ ՀՅԴ‑ի տկար վիճա­կին մասին ու չի կրնար լուր մնալ այս հարցով։ Թող երթան եւ նային եթէ այդ տեղե­կութիւննե­րը իրա­կա­նութեան կը համա­պա­տասխա­նեն։ Իսկ երբ ընկերնե­րը սկսին Հայաստա­նի կազմա­կերպա­կան տկա­րութեան մասին խօսիլ, մեր ԿԿ-ին վարկը կը բարձրա­նայ, քանի մենք ենք որ այս հարցե­րը անցնող տարի­նե­րուն քննարկած ենք, որուն պատճա­ռով Բիւրօ­նե­րուն եւ ԳՄ-ներուն սեւ ցանկի վրայ եղած ենք եւ հալա­ծուած եղած ենք։

Նյութի մասին տեսա­կետնե­րը կարող են չհա­մընկնել խմբագրության կարծի­քի հետ և կայքը տվյալ նյութի բովանդա­կության համար պատասխա­նատվություն չի կրում։

Առնչվող Հոդվածներ