14 C
Yerevan

Պետք Է Զգա՛լ Դաշնակցութիւնը

Իսկութեան մէջ, Դաշնակցութեան բազմա­ճա­կատ ու բազմա­հուն գործե­րու ընթացքին է, ուխտեալ անդամնե­րու անօ­րի­նակ նուի­րումի եւ անչա­փե­լի զոհա­բե­րութեանց բովին մէջն է, որ խմո­րուած ու բիւրե­ղա­ցած են մեր բարո­յա­կան ըմբռնումնե­րը, սկզբունքնե­րը, կուսակցութեան ողջ էութիւնը, որոնց ամբողջութեան յաճախ կը տրուի «Դաշնակցութիւն» բացատրութիւնը:

Միհան Քիւրտօղլեան

Երի­տաարդ Ընկերնե­րուս Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բարո­յա­կան Ըմբռնումնե­րու Մասին

(Փարի­զի մէջ 1984-ին կայա­ցած Հ.Յ.Դ. երի­տա­սարդա­կաննե­րու համա­գա­ղութա­յին Բ. Բանա­կումի ընթացքին տրուած դասա­խօ­սութիւն-զրոյց մըն է hետա­գայ գրութիւնը, զոր որոշ պատշա­ճե­ցումնե­րով եւ առանձին գլուխնե­րով յաջորդա­բար ու օրընդմէջ կը ներկա­յացնեմ երի­տա­սարդ ընկերնե­րուս՝ ֆէյսպուքեան չափե­րու մէջ, այսինքն՝ խտա­ցած ու կարճ : Նկա­տենք, որ կազմա­կերպութիւնը տակաւին չէր վերընձիւղուած Հայաստա­նի մէջ):


Ա. Դաշնակցութեան ինքնա­տիպ նկա­րա­գի­րը

Ընդհանրա­պէս քաղա­քա­կան կուսակցութիւններ ծնունդ կ’առնեն կանխա­պէս մշա­կե­լով ու հրա­տա­րա­կե­լով իրենց ծրա­գի­րը եւ կանո­նա­գիրքը, ապա կը ստեղծեն իրենց կազմա­կերպութիւնը՝ այդ երկու կռուաննե­րուն վրայ:
Դաշնակցութեան պարա­գան տարբեր եղաւ: Դաշնակցա­կաններ կային, երբ տակաւին Դաշնակցութիւն չկար: Ծրա­գիր ու կանո­նա­գիր չունէր ան, մինչ կուսակցութիւնը կազմուած էր արդէն եւ կազմա­կերպութիւնը կը գոդծէր թէ’ հայրե­նի­քի մէջ եւ թէ’ անկէ դուրս: Կը նշա­նա­կէ, որ գործը կար, բայց խօսքը չկար: Որով պատմա­կան փաստ է, որ Դաշնակցութիւնը գործի անհրա­ժեշտութե­նէն ծնաւ, գործի մէջ ձեւ ու մարմին առաւ ու մնաց գերա­զանցա­պէս գործի կուսակցութիւն: Այսուհե­տեւ նոյնպէս, պատճառ չկայ, որ ինքնա­տիպ իր նկա­րա­գի­րը չպա­հէ: Ընդհակառակն.սփիւռքեան կեանքը աւե­լի քան երբեք կը հարկադրէ, որ խօսքէն աւե­լի գործի հետա­մուտ ըլլայ ան՝ իրեն ենթարկել կարե­նա­լու համար յառա­ջա­նա­լիք պայմաննե­րուն հոլո­վոյթը:

Անկրկնե­լի հիմնա­դիրնե­րէն Ռոստոմ, որ Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­խօ­սութեան ձեւ ու մարմին եւ հիմնաւո­րում տուո­ղը եղաւ, այսինքն մշա­կո­ղը կուսակցութեան առա­ջին ծրագրին, երբ առի­թով մը հարցի մը մասին իր կարծի­քը կը խնդրուի, ան հաւա­քին դիմաց քիչ մը մտացրիւ , կարճ պահ մը կը դժուա­րա­նայ մտքե­րը ամփո­փե­լու , կ’ը­սէ. «այնքան շատ գործե­րով տարուե­ցանք, որ խօսիլն ալ մոռցանք…»:

Իսկութեան մէջ, Դաշնակցութեան բազմա­ճա­կատ ու բազմա­հուն գործե­րու ընթացքին է, ուխտեալ անդամնե­րու անօ­րի­նակ նուի­րումի եւ անչա­փե­լի զոհա­բե­րութեանց բովին մէջն է, որ խմո­րուած ու բիւրե­ղա­ցած են մեր բարո­յա­կան ըմբռնումնե­րը, սկզբունքնե­րը, կուսակցութեան ողջ էութիւնը, որոնց ամբողջութեան յաճախ կը տրուի «ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» բացատրութիւնը
1909–10-ին Ռոստո­մի հետ հանդի­պումի մը առի­թով Վրա­ցեանն է. «ընկեր Ռոստոմ, բացատրէ թէ ի՞նչ է Դաշնակցութիւնը…»: Ռոստոմ ժպտե­լով կը պատասխա­նէ. «Աստուած սիրէք, ինձ այդպէս դժուար հարցեր մի’ տաք: Ես ինչպէ՞ս բացատրեմ անբա­ցատրե­լի մի բան: Դաշնակցութիւնը կարե­լի չէ բացատրել: Բացատրե­լու ամէն փորձ փոքրացնում է նրան: Դաշնակցութիւնը կարե­լի է եւ պէտք է զգալ միայն, ապրիլ եւ հաւա­տալ…»:

Ռոստո­մի այս խօսքե­րէն կարե­լի է հետեւցնել, որ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան յաջորդող քսան տարի­նե­րու ընթացքին արդէն իր ազգա­յին նպա­տակնե­րով, գաղա­փա­րա­կան ու ֆէտա­յա­կան պայքա­րով ու կազմա­կերպա­կան ցանցե­րով տարա­ծուած էր հայաշխարհի մէջ եւ գրաւած՝ հայ մարդոց միտքն ու հոգին: Ահա թէ ինչու անկրկնե­լի Ռոստոմ կ’ը­սէր թէ՝ « Դաշնակցութիւնը կարե­լի է ու պէստք է զգալ միայն, ապրիլ ու հաւա­տալ…»:

Այնպէս որ, բոլո­րին նման անձս ալ չէ յաւակնած ու չի յաւակնիր պարզե­լու եւ մանաւանդ մեկնա­բա­նե­լու Դաշնակցութեան բարո­յա­կան ըմբռնումներն ու սկզբունքնե­րը, այսինքն՝ դաշնակցա­կա­նութիւնը: Պարզա­պէս պիտի ընդգծեմ, որ այդ սկզբունքնե­րուն մէջն է Դաշնակցութեան էութիւնը, որ աւե­լի’ն է քան ծրա­գիրն ու կանո­նա­գի­րը: Ծրա­գիրն ու կանո­նա­գի­րը ժամա­նա­կին ու պայմաննե­րուն հետ փոփո­խութիւններ կը կրեն, առանց որ կուսակցութիւնը խախտի կամ կորսնցնէ իր նկա­րա­գի­րը, ներքին ամրութիւնն ու ուժա­կա­նութիւնը: Ինչ կը վերա­բե­րի բարո­յա­կան ըմբռումնե­րուն ու սկզբունքնե­րուն, անոնց հետ մնա­յուն ու հետեւո­ղա­կան հաղորդութեան մէջ պիտի գտնուին հին ու նորա­գիր դաշնակցա­կաննե­րը, որովհե­սեւ անոնք են Դաշնակցութեան հիմնա­խա­րիսխը, կուսակցա­կաննե­րը բարո­յա­պէս զինող, ասպե­տա­կան ոգի ներշնչող ու դաստիա­րա­կող աղբիւրը: Այս իմաստով ալ, յատկա­պէս ղեկա­վա­րութիւնը եւ ընդհանրա­պէս պարզ շարքա­յիններ պարտ են չափա­զանց զգոյշ ըլլա­լու ոչ միայն որեւէ արատ չբե­րե­լու Դաշնակցութեան բարո­յա­կան սկզբունքնե­րուն ու ըմբռնումնե­րուն վրայ, այլ ընդհա­կա­ռակն. անոնք պիտի ըլլան ծայր աստի­ճան նախանձախնդիր, որ անա­ղարտ պահեն-պահպա­նեն եւ իրենց վարքով ու գործքով հարստացնեն զանոնք:

Առնչվող Հոդվածներ