Ամբողջ 30 տարի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը գործելէ ետք «վերանկախացած» Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ, ամէ՜ն քայլափոխի՝ կը խուսափի ինքնիշխանութիւն բառն իսկ գործածելէ ու կը մնայ թաքնուած գաղափարազուրկ եւ մեր ժողովուրդը լլկած քոչարեաններու փէշերուն տակ…
Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ անողոք հակաիրադարձութիւն ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը դարձաւ գաղթականացած հասարակութիւն, բռնիաբար տեղահանուած հայկական ցիր ու ցան զանգուածներ, գաղութներ, մէկ խօսքով՝ Հայկական Սփիւռք։ Եւ այնտեղ, ամէն բան ծայր առաւ լոկ զերոյէն ու տարիներու ընթացքին այդ հասարակութիւնը դարձաւ տուն ու դպրոց, գրականութիւն եւ արուեստ, քաղաքական մշակոյթ եւ Հայ Դատի ցուցական գործունէութիւն։
Այդ Սփիւռքն էր, որ շնորհիւ հայկական աւանդական 3 կուսակցութիւններու անխոնջ կազմակերպուածութեան եւ գլխաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավարութիւններու գաղափարական անտեղիտալի պայքարին՝ ոչ միայն դաժան ու օտար պայմաններու մէջ հայապահպանում կերտեցին, այլեւ, իրենց գերագոյն նպատակին համար յարատեւօրէն «օր մը անպայման Հայաստան վերադառնալ» երգեցին, եռագոյնն ու անկախութեան գաղափարը նոր սերունդներու հոգիներուն մէջ մկրտեցին աւելի քան 70 տարիներու երկայնքով։Եւ ոչ միայն այդքան։ Այդ բոլորին զուգահեռ, անոնք հայրենի ժողովուրդին ներշնչեցին այն ՍԹԱՓԵՑՆՈՂ ՅՈՅՍԸ, որ հակառակ մուրճ-մանգաղի բռնատիրական սարսափին՝ համարձակի Ծիծեռնակաբերդ ճարտարապետել եւ «մեր հողերը, մեր հողեր»ը շարականել։
Իսկ այսօր, արդէն ամբողջ 30 տարի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը գործելէ ետք «վերանկախացած» Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ, ամէ՜ն քայլափոխի՝ ԿԸ ԽՈՒՍԱՓԻ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌՆ ԻՍԿ ԳՈՐԾԱԾԵԼԷ ու կը մնայ թաքնուած գաղափարազուրկ եւ մեր ժողովուրդը լլկած քոչարեաններու փէշերուն տակ… Աւելի՜ն, այսօրուան Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ խեղդամահելու համար Սփիւռքի Իրա’ւ Ձայնը։ Եւ ցարդ, այդ անդիմագիծ ու հիմնովին դաշնակցականադէմ քաղաքականութիւնը ԳՐԵԹԷ յաջողած է Գաղափարական Պայքարը պահել քոչարեանաթաթախ ճահիճին մէջ։
Ակնյայտօրէն, ի տես այդ ճահճոտ իրականութեան, դաշնակցական ոչ մէկ շրջան, ոչ մէկ դաշնակցական մտաւորական (եթէ կայ), ոչ մէկ դաշնակցական մամլոյ խորհրդաժողով կամ Ընդհանուր Ժողով անդրադարձած է ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ-ուն վերադառնալու գործնական պահանջ ներկայացնելու մասին։ Տակաւի’ն, ոչ մէկը այդ բոլորէն փորձած է կասեցնել ռուսական գաղութատիրական բռնաբարումը Հայաստանին։
ԲԱՐԵԲԱԽՏԱԲԱՐ, Դաշնակցութեան Յոյսը դեռ կենդանի է։ Դեռեւս կան Դաշնակցական 3 Միաւորներ, որոնք, ոգի ի բռին եւ անջատաբար, որոշած են վառ պահել Դաշնակցութեան Գաղափարական Կանթեղը. Հայաստանի Անկախութեան Սերունդը, Մեր Ուղին-Գաղափարական Հարթակը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութիւնը։
Եւ այդ Յարատեւ Պայքարը ունի ընդարձակման ամէն հնարաւորութիւն։