21.4 C
Yerevan

Գաղա­փա­րի Փրկութեան Համար

Վերջին հաշուով եւ առա­ջին հերթին՝ Կանո­նադրութիւնը գաղա­փա­րին պահա­պանն է, շարքա­յի­նին վարքը կարգա­պա­հե­լէ կամ ժողովնե­րու բնա­կա­նոն ընթացքը ապա­հո­վե­լէ շա՜տ առաջ…

Յարութ Գալայճեան

•Հայկա­կան գաղա­փա­րա­կան ԱՆԿԱԽ շարժումներն են միայն՝ որ ի վիճա­կի են մեր երկի­րը տանիլ զարգացման այնպի­սի աստի­ճա­նի, որ կրնայ խանգա­րել ամէ’ն կայսե­րա­կան ախորժակ եւ ծնկել ծաւա­լա­պաշտա-կան ամէ’ն թշնա­մի։

• Քաղա­քա­կան կազմա­կերպութիւն մը, որ ներքին պատճառնե­րով կամ արտա­քին ազդե­ցութիւննե­րով կ՚անցնի սայթաքման ուղի­նե­րէ՝ առանց այդ պատճառնե­րը օրը օրին անցնե­լու իր գաղա­փա­րա­կան հնո­ցի բովէն՝ ինքնա­բե­րա­բար ու կամաց-կամաց կը բռնէ ՄԱՀԱՔՈՒՆԻ ՈՒՂԻՆ։

• Այդ դանդաղ մահա­քունը կեանքի վերա­կո­չե­լու ՄԻԱԿ ԴԵՂԱՄԻՋՈՑԸ գաղա­փա­րա­կան վերա­կենդա­նա­ցումն է, ճամբով՝ այն կարգա­պահ ու գիտա­կից կուսակ-ցական շարքայիններուն,որոնք գաղա­փա­րա­կան կեդրո­նա­ցումը կը տեղադրեն իր ՀԱՐԱԶԱՏ հունին մէջ։Այլապէս, կուսակցա­կան քարա­ցած կարգա­պա­հութիւնը կը դառնայ սոսկ ցենզա­յին պիտակ։

Վերջին հաշուով եւ առա­ջին հերթին՝ Կանո­նադրութիւնը գաղա­փա­րին պահա­պանն է, շարքա­յի­նին վարքը կարգա­պա­հե­լէ կամ ժողովնե­րու բնա­կա­նոն ընթացքը ապա­հո­վե­լէ ՇԱ՜Տ ԱՌԱՋ

Իսկ մարմիննե­րու եւ շրջաննե­րու համար՝ ապա­կեդրո­նա­ցեալ սկզբունքով գործե­լու եղա­նակն ալ սերտօ­րէն կ՚առնչուի գաղա­փա­րա­կան կեդրո­նացման պահպանման։ Այսինքն, կուսակցա­կան շրջան մը՝ երբ կը նկա­տէ, որ երկա՜ր տարի­նե­րու ընթացքին Կանո­նա­գի­րը կը շահարկուի թուա­բա­նա­կան մութ հաշիւնե­րով եւ միա­ժա­մա­նակ՝ Կուսակցութեան գաղա­փա­րա­կան արեւե­լումը կը մատնուի այլանդա­կօ­րէն պատանդուած կարգա­վի­ճա­կի, ԲՆԱԿԱՆԱԲԱՐ ԵՒ ՀԱՐԿԱԴՐԱԲԱՐ, կը ստի­պուի ահա­զանգ հնչեցնել բոլոր շրջաննե­րուն՝ ՄԱՅՐ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ։

Եւ այդ պարա­գա­յին՝ գերիշխո­ղը գաղա­փարն է, որուն առջեւ կը զինա­թա­փուի Կանո­նագրի խարխլած ՏԱՐՐԸ. իսկ անոր ՈԳԻՆ՝ կը ձայնակցի ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ։

• Առ ի եզրա­կա­ցութիւն, պէտք է հաստա­տել, որ Դաշնակցութեան (ինչպէս՝ որեւէ կուսակցութեան) կենդա­նութեան առա­ջին չափո­րո­շի­չը՝ իր շարքա­յիննե­րու ամուր մասնակցութիւնն է ընդհա­նուր գործունէութեան, տեղայնա­կա­նէն մինչեւ այլ շրջաններ ու մանաւանդ՝ Հայաստան։ Երկրորդը՝ իր համա­կիրնե­րու համրանքն է։ Իսկ երրորդը՝ հայրե­նի պետա­կա­նութեան հզօ­րացման համար ի գործ դրած իր մասնա­բաժնի տարո­ղութեան աստի­ճանն է։Դժբախտաբար, վերջին աւե­լի քան 20 տարի­նե­րուն, վերո­յի­շեալ երեք չափո­րո­շիչներն ալ արա­գընթաց նահանջի մէջ են, հիմնա­քանդիչ կշռոյթով…

Առնչվող Հոդվածներ