16.5 C
Yerevan

Հուշա­տետր. Հրար Մարուխեան

Ներկա­յացնում ենք Նազա­րեթ Բերբերյա­նի գրա­ռումը ՀՅԴ‑ի տասնամյակնե­րի բազմահմուտ առաջնորդ և նվի­յալ՝ Հրայր Մարուխյա­նի մահվան 23-րդ տարե­լի­ցի առի­թով։

Այս տողե­րը, որոնցում միա­խառնված է ափսո­սանքը, ցավը, հիասթա­փությունը, հպարտությունն ու կամքը ևս մեկ անգամ գալիս են հիշեցնե­լու ոչ վաղ անցյա­լի ևս մի կարև­որ պատա­ռի­կի մասին, որը կարող էր հիմքը դառնալ մի մեծ, շատ մեծ վերածննդի։

Եվ կարե­լի է էմո­ցիա­յից բացի հստա­կո­րեն արձա­նագրել մի շատ մեծ սխալ, որ արվեց ՀՀ առա­ջին նախա­գահ Լևոն Տեր-Պետրոսյա­նի կողմից։ Մի կողմ թողնենք Դրո­յի գործը, 31‑ը կամ այլ հայտա­րարված երև­ույթներ; Դրանք բոլորն էլ հետև­անքներ են։ Հետև­անք այն բանի, որ ՀՀ նախա­գա­հը բավա­րար կամք չունե­ցավ, որ մի կողմ դնի աշխարհի բոլոր կանոններն ու նորմե­րը և ընկե­րա­նա, բարե­կա­մա­նա ՀՅԴ հետ։ Որովհետտև եթե կարո­ղա­նար անթիվ միջոցնե­րով ոչ թե վտա­րե­լու, այլ ձեռք մեկնե­լու, օգնե­լու և եղբայրա­նա­լու ՀՅԴ հետ, մեր ճակա­տա­գի­րը գուցե լրիվ այլ լիներ։ Դրա­նով նա կօգներ և՛ իրեն, և՛ հայրե­նի իշխա­նության կարոտ ՀՅԴ-ին և հայ ժողովրդին։ Ու միգուցե այդժամ ՀՅԴ‑ն ևս ավե­լի պինդ մնար և ավե­լի մեծ թափով իր ուժը ծառա­յեցներ իր մեծ գաղա­փա­րին։ Բայց ոչ։ Անհե­ռա­տե­սությունը կրկին հային հանեց հայի դեմ և եղավ այն ինչ եղավ։ Մինչդեռ կարե­լի էր օգտա­գործել պատմա­կան պահը և Հայսա­տա­նին կարոտ մնա­ցած ՀՅԴ‑ն կապել հայրե­նի­քին, ոչ թե վռնդել։ ՀՅԴ միջո­ցով նաև Սփյուռքը դարձնել ՀՀ մեծ դաշնա­կից ու ընկեր, այլ ոչ թե պառակտել Սփյուռքն ու կասեցնել քաղա­քա­կան մեր մշա­կույթի ծննդա­բե­րությունը, որին Հայաստա­նում հաջորդեց մենատնտե­սությունը, կաշա­ռա­կե­րությունը, կուսակցություննե­րի այլա­փո­խումն ու այլա­սե­րումը։


Յուշա­տետր

24 Դեկտեմբեր 1998.
Հրայր Մարուխեա­նի վերջին ուղեւո­րութիւնը դէպի ԵՐԿԻՐ՝
Հայաստա­նէն վտա­րումի եւ Հայրե­նիք վերա­դարձի դառն պատմութիւն մը

Ն․ Պէրպէ­րեան

22տարի առաջ, Դեկտեմբեր 24ի այս օրը, Հայաստան տարուե­ցաւ անկենդան մարմի­նը Դաշնակցութեան արժա­նաւոր ներկա­յա­ցուցիչնե­րէն եւ անմո­ռա­նա­լի ցենզաւորնե­րէն Հրայր Մարուխեա­նի։

Աւե­լի ճիշդ՝ հայրե­նի հայութիւնը գրկա­բաց ընդունեց «տուն դարձ»ը իր գաղա­փա­րա­պաշտ զաւակնե­րէն եւ դաշնակցա­կան ղեկա­վա­րի ոգեշնչող աւանդը պայծա­ռա­ցուցած նուի­րեալնե­րէն Հրայր Մարուխեա­նի:

24 Դեկտեմբեր 1998ի երե­կո­յեան ուշ ժամե­րուն, «Զուարթնոց» օդա­կա­յա­նը եւ անկէ մինչեւ Երեւան երկա­րող ճամբան պերճա­խօս վկան դարձան հայոց ժամա­նա­կա­կից պատմութեան մեծա­գոյն անարդա­րութիւննե­րէն ու անի­րաւութիւննե­րէն մէկը սրբագրե­լու մեր ժողո­վուրդին հաւա­քա­կան վճռա­կա­նութեան.-
Հազա­րաւոր դաշնակցա­կաններ եւ համա­կիրներ փութա­ցած էին Զուարթնոց՝ դիմաւո­րե­լու եւ իր յաւի­տե­նա­կան հանգիստին արժա­նացնե­լու համար Ազգի եւ Հայրե­նի­քի արժա­նաւոր նուի­րեա­լը։
Այդպիսո՛վ՝ Հրայր Մարուխեա­նը արժա­նացնե­լով պայքա­րի դաշտին վրայ ինկած հերոսի«վահանի վրայ տուն դարձ»ի փառքին, հայրե­նի հայութիւնը իր հատու պատասխա­նը տուաւ եւ փակեց ամօ­թա­լի էջը վերանկա­խա­ցեալ Հայաստա­նի անդրա­նիկ նախա­գա­հին կողմէ 29 Յունիս 1992ին գործուած ազգա­յին-քաղա­քա­կան սայթա­քումին, Հ.Յ.Դ. Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցիչն ու փոխ-ներկա­յա­ցուցի­չը՝ Հրայր Մարուխեանն ու Հրաչ Տասնա­պե­տեա­նը իրենց պաշտած Հայրե­նի­քէն վտա­րե­լու անարժան հրա­մա­նագրին։

Լեւոն Տէր-Պետրո­սեա­նի անի­րաւ ու ամօ­թա­լի այդ հրա­մա­նագրին օրի­նա­կով՝ վերանկա­խա­ցեալ Հայաստա­նը վարա­կած կուսակցա­կան անհանդուրժո­ղա­կա­նութեան դառն վէրքն ու արա­տը յուշե­լու եւ վերջնա­կա­նա­պէս սրբագրե­լու առա­ջադրանքին կը ծառա­յէ յուշա­տետրի այսօ­րուան լուսարձա­կը։

Դաշնակցութեան ողջ ընտա­նի­քը եւ յատկա­պէս ինք՝Հ.Յ.Դ. Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցիչ Հրայր Մարուխեան բնաւ չհաշտուե­ցան Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան նախա­գա­հի համազգա­յին բարձրա­գոյն դիրքին եւ պաշտօ­նին ներհակ ու անյա­րիր, այդօրինա՛կչարաշահման դէմ։
29 Յունիս 1992ի այդ «արտաքսում»էն մինչեւ 17 Յուլիս 1994ի ուղե­ղի կաթուա­ծով մահա­քունի մատնուի­լը, Հրայր Մարուխեան ամէն առի­թով, յանուն Դաշնակցութեան, ողջա­խո­հութեան ու գործակցութեան ձեռք երկա­րեց հակա­դաշնակցա­կան մոլուցքով կուրցած Հայաստա­նի անդրա­նիկ՝ Մարուխեա­նի իսկ բառե­րով ԱԶԳԸՆՏԻՐ նախա­գա­հին, բայց ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ այդ ձեռքը միշտ ալ կախուած մնաց… օդին մէջ, ընդա­ռա­ջում չստա­ցաւ։

Այդպէ՛ս, Հայաստա­նի նախա­գա­հին հրա­մա­նագրով «պատժուած» եւ ճակա­տագրի դաժան հարուա­ծի հետեւանքով չորս տարի անկենդան ուղե­ղով շնչե­լէ ետք, 21 Դեկտեմբեր 1998ին, մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռա­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրո­յի մեծա­վաստակ ներկա­յա­ցուցի­չը։

Հայ ժողո­վուրդի եւ Հայաստա­նի ամբողջա­կան ազա­տագրութեան դատին իր գերա­գոյնը զոհա­բե­րե­լու Ուխտին հաւա­տարմագրուած «Անկեղծ Զինուոր» էր ընկեր Հրայր, որ գրե­թէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղա­քա­կան մտքին առջեւ, դաշնակցա­կա­նի իր յանդուգն կամքով ու անե­րեր հաւատքով, Հորի­զոն բացաւ, Ուղի հարթեց, Պայքար կազմա­կերպեց եւ կռա­նեց Հաւա­քա­կան Կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ բովանդակ Պահանջա­տէր Հայութեան։
Իր անսպառ եռանդին, գաղա­փա­րա­կան ինքնա­հաւա­տարմութեան, մարտունակ կամքին եւ հայութեան հաւա­քա­կան ուժը կազմա­կերպա­կա­նօ­րէն հզօ­րացնե­լու իր անսպառ յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւե­լի քան 25 տարի Հ.Յ.Դ. Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չի բարձրա­գոյն պատասխա­նա­տուութեան արժա­նա­ցուց Հրայր Մարուխեա­նը, իսկ հայ ժողո­վուրդը Ազգա­յին Ղեկա­վա­րի պատուանդա­նին բարձրա­ցուց տարա­բախտ մեր ընկե­րոջ։

Հրայր Մարուխեան ծնած էր Դեկտեմբեր 19ին, 1928 թուին, Իրա­նի Քերմանշահ քաղա­քը: Աւարտած էր Իրա­նի պետա­կան համալսա­րա­նի ճարտա­րա­գի­տութեան բաժի­նը՝ մեքե­նա­գի­տա­կան բնա­գաւա­ռէն ներս։

Հ.Յ.Դ. շարքե­րուն միա­ցած էր Թեհրա­նի մէջ: Նախ անդա­մակցած էր Հ.Յ.Դ. Պատա­նե­կան Միութեան եւ ապա անցած կուսակցա­կան շարքե­րը: Կուսակցա­կան իր գործունէութե­նէն անկախ, եղած էր Թեհրա­նի «Արա­րատ» Մարզա­կան Միութեան հիմնա­դիրնե­րէն եւ տարի­ներ վարած էր միութեան նախա­գա­հի պատասխա­նա­տուութիւնը:

1963ին Հրայր Մարուխեան մասնակցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 18րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին, իբրեւ Հիւսի­սա­յին Իրա­նի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէի ներկա­յա­ցուցիչ: Այս ժողո­վը յատկանշա­կան էր Դաշնակցութեան ղեկա­վար մարմնին մէջ իր կատա­րած սերնդա­փո­խութեամբ: Այդ ուղիով ալ Հրայր Մարուխեան, 35 տարե­կա­նին, ընտրուե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրո­յի անդամ:

1964ին ընտա­նեօք փոխադրուե­ցաւ Լիբա­նան, ուր տեղա­փո­խուած էր (շուրջ 40 տարի Գահի­րէ կեդրո­նա­նա­լէ ետք) Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի նստա­վայրը: Հրայր Մարուխեան իր կարգին Պէյրութ տեղա­փո­խեց իր անձնա­կան գործը։ 1967ին վերընտրուե­ցաւ Բիւրո­յի անդամ: Ատե­նի Հ.Յ.Դ. Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցիչ Ատուր Գապա­քեա­նի մահէն ետք զայն փոխա­րի­նեց մինչեւ այդ Բիւրո­յի պաշտօ­նա­վա­րութեան շրջա­նին աւարտը, իսկ 1972ին՝ Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին վերընտրուե­լով Բիւրո­յի անդամ, ստանձնեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չի պատասխա­նա­տուութիւնը, որ այնուհե­տեւ — մինչեւ իր եղե­րա­կան մահա­քունը — շարունա­կա­բար վստա­հուե­ցաւ Հրայր Մարուխեա­նի։
Այդ շրջա­նէն սկսեալ թափ առաւ Հրայր Մարուխեա­նի ղեկա­վար դերա­կա­տա­րութիւնը ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայութեան քաղա­քա­կան ինքնա­կազմա­կերպման ու յեղա­փո­խա­կան զարթօնքին աշխուժացման մէջ։

1975ին բռնկած Լիբա­նա­նի քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմին բերումով եւ Բիւրո­յի որո­շումով, 1975ի վերջե­րը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուե­ցաւ Աթէնք, Յունաստան, Դաշնակցութեան համա­հայկա­կան գործունէութիւնը անարգել շարունա­կե­լու յանձնա­րա­րութեամբ: Աթէնքէն ծաւա­լած իր գործունէութեան առա­ջին տասնա­մեա­կը յատկանշուե­ցաւ Հայ Դատի ուժա­կան պայքա­րին շղթա­յա­զերծումով, որ իր վճռո­րոշ անդրա­դարձը ունե­ցաւ Հայ Դատի ի նպաստ քաղա­քա­կան լոպիինկի աշխուժացման եւ կազմա­կերպա­կան հզօ­րացման վրայ։ Գաղա­փա­րա­կան, կազմա­կերպա­կան եւ քաղա­քա­կան այդ զարթօնքի երեք ուղղութիւննե­րով՝ առաջնորդող դեր կատա­րեց ընկեր Հրայրը։

1988ի Օգոստո­սին գումա­րուած Հ.Յ.Դ. 24րդ Ընդհ. ժողո­վին, Արցա­խեան Շարժման ամբողջա­պէս նուի­րուե­լու Դաշնակցութեան Կամքը ազդա­րա­րե­լով, Հ.Յ.Դ. որո­շեց կազմա­կերպա­կան եւ քաղա­քա­կան իր գործունէութիւնը հունաւո­րել «Դէպի Երկիր» եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ ղեկա­վա­րեց Դաշնակցութեան հայրե­նի­քի մէջ վերընձիւղման կազմա­կերպա­կան ու քաղա­քա­կան աշխա­տանքնե­րը։ Իբրեւ այդպի­սին՝ մնա­յուն ներկա­յութիւն դարձաւ Հայաստա­նի քաղա­քա­կան բեմին վրայ, իսկ Դաշնակցութիւնը վերա­ծուե­ցաւ վերանկա­խա­ցած Հայաստա­նի կազմա­կերպա­կա­նօ­րէն ամէ­նէն կուռ, քաղա­քա­կա­նօ­րէն ամէ­նէն գործունեայ եւ ազգա­յին-ազա­տագրա­կան շարժման նորօ­րեայ զարթօնքին ամէ­նէն մարտունակ կազմա­կերպութիւնը:

Դաշնակցութեան այդ յաջո­ղութեանց համար Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճա­րեց 29 Յունիս 1992ին, երբ Հայաստա­նի նախա­գա­հի իր իրաւունքնե­րը չարա­շա­հե­լով՝ Լեւոն Տէր Պետրո­սեան պատկե­րասփիւռի տխրահռչակ իր ելոյթով, Հրայր Մարուխեա­նը Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութե­նէն արտաքսե­լու հրա­մա­նա­գի­րը յայտա­րա­րեց:

Հայ ժողո­վուրդին համար ճակա­տագրա­կան այդ օրե­րուն, երբ ատրպէյճանցի հրո­սակներ սկսած էին գրաւել Շահումեանն ու Մարտա­կերտը, Դաշնակցութիւնը որո­շեց ենթարկուիլ անարդար այդ հրա­մա­նագրին ու իր Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չին ու փոխ-ներկա­յա­ցուցի­չին յանձնա­րա­րեց հեռա­նալ երկրէն՝ առաջքը առնե­լու համար ներ-հայկա­կան որեւէ զինեալ բախումի, որուն թակարդը լարե­լու սկսած էին հակա­հայ թշնա­մի ուժեր:

Այդ առումով ալ Հրայր Մարուխեա­նի գաղա­փա­րա­կան ԿՏԱ­Կը եղաւ աչքի լոյսի պէս գուգուրալ Հայաստա­նի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ու ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ համազգա­յին ՅԱՆՁՆԱ­ՌՈՒԹԵԱՆվրայ։
Յաջորդ երկու տարի­նե­րուն, Հրայր Մարուխեան քաղա­քա­կան գետնի վրայ ղեկա­վա­րեց Լեւոն Տէր-Պետրո­սեա­նի հայավնաս քաղա­քա­կա­նութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­կան անհաշտ պայքա­րը:

17 Յուլիս 1994ի Հրայր Մարուխեա­նի անդա­մա­լուծութե­նէն ետք ալ, Լեւոն Տէր-Պետրո­սեա­նի հակա­դաշնակցա­կան մոլուցքը շարունա­կուե­ցաւ եւ, Դեկտեմբեր 1994ին, արգի­լուե­ցաւ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստա­նի մէջ:
Հրայր Մարուխեա­նի անկենդան գոյութեան այդ չորս տարի­նե­րուն, Հայաստա­նի եւ հայ ժողո­վուրդի քաղա­քա­կան կեանքին զարգա­ցումնե­րը եկան փաստե­լու, որ Հրայր Մարուխեա­նի ղեկա­վա­րութեամբ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Ի վերջոյ հայրե­նաբնակ ժողո­վուրդի բողո­քի ու քաղա­քա­կան ընդվզումի լայն ալի­քի ճնշման տակ, քաղա­քա­կան բեմէն հրա­ժա­րա­կա­նով հեռա­ցաւ Լեւոն Տէր-Պետրո­սեան եւ նորընտիր նախա­գահ Ռոպերթ Քոչա­րեան վերա­հաստա­տեց օրի­նա­կա­նութիւնը­Հա­յաստա­նի մէջ Դաշնակցութեան ազատ գործունէութեան:

Բայց տարա­բախտ Հրայր Մարուխեան ի վիճա­կի չեղաւ վայե­լե­լու յաղթա­նա­կը ատե­նի Դաշնակցութեան ընտրած եւ անձամբ ի՛ր առաջնորդած ազգա­յին-քաղա­քա­կան ուղիին:

21 Դեկտեմբեր 1998ին Հրայր Մարուխեան արձա­կեց իր վերջին շունչը, մայր հայրե­նի­քէն հեռու՝ Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24ին իր անշնչա­ցած մարմի­նը ամփո­փող դագա­ղը փոխադրուե­ցաւ Երեւան: Հրայր Մարուխեան թաղուե­ցաւ Երեւա­նի Թոխմախ գերեզմա­նա­տան քաղա­քա­յին պանթէո­նին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստա­նի անկա­խութեան հիմնա­դիրնե­րէն՝ Արամ Մանուկեա­նի գերեզմա­նէն:
Կը յիշենք այս բոլո­րը եւ կը խոնարհինք Անձին ու Գործին առջեւ Հայու եւ Դաշնակցա­կա­նի անձնուէր, այլեւ առինքնող մարմնաւո­րումը հանդի­սա­ցող Հրայր Մարուխեա­նի։

Եւ որքան տարի­նե­րը թաւա­լին, այնքան կը պայծա­ռա­նայ բաց ճակա­տը հայ ժողո­վուրդի ու Հայաստա­նի ամբողջա­կան ազա­տագրութեան Յանդուգն Կամքին, որ ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ անունով իր անջնջե­լի դրոշմը դրաւ մեր ժողո­վուրդի եւ հայրե­նի­քի նորօ­րեայ վերածնունդին վրայ։

Առնչվող Հոդվածներ