20 C
Yerevan

Գաղա­փա­րի Մարտի­կը

Գաղա­փա­րին եւ խօսքին պաշտա­մունքը ունէր, բայց գործով խօսքը պայմա­նաւո­րե­լու եւ յանձնա­ռութեամբ գաղա­փա­րը արժեւո­րե­լու դաշնակցա­կան գիծ ունէր:

Նազա­րեթ Պէրպէ­րեան

Հին Էջեր, Ապրող Էջեր

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ – Գաղա­փա­րի Մարտի­կը

Վահա­նով կամ վահա­նի վրայ։
«Հին աշխարհի մէջ, երբ հայրե­նի­քը վտանգի մատնուէր, ճակատ ղրկուող զինուո­րին ուղղուած գերա­գոյն հայրե­նա­սի­րութեան եւ գերա­զանց կարգա­պա­հութեան ամէ­նէն վսեմ պատգա­մը ա՛յս էր․- Վահա­նով կամ վահա­նի վրայ։
«Արդա­րեւ, հայրե­նի­քի փրկութեան միակ ուղին, կենա­րար միա՛կ ելքը հերո­սա­կան այս վճռա­կա­մութեան, գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան այս պատրաստա­կա­մութեան մէջ էր․- Յաղթել կամ մեռնիլ վասն հայրե­նեաց»։

Այսպի­սի՛ թեւաւոր եւ պատկե­րաւոր խորհրդա­ծութեամբ ու սերունդներ ոգեշնչող պատգա­մով՝ Սարգիս Զէյթլեան կը խտացնէր Լիբա­նա­նի հայութեան դիմագրաւած կենաց-մահու մարտահրաւէ­րը 1976ին, Լիբա­նա­նը զգետնած քաղա­քա­ցիա­կան երկա­րա­մեայ պատե­րազմի առա­ջին հանգրուա­նի ամէ­նէն թէժ պահուն։
Սփիւռքի ամէ­նէն կենսունակ օճա­խին ու արիւնա­տար երա­կին սպառնա­ցող կազմա­լուծման վտանգը, յատկա­պէս արտա­գաղթի տարտղնող ալի­քը դիմագրաւե­լու համար՝ «Վահա­նով կամ վահա­նի վրայ» նշա­նա­բա­նով պայքա­րի դաշտ նետուե­լու այդ կոչը նաեւ իր սեփա­կան օրի­նա­կով շնչաւո­րեց Սարգիս Զէյթլեան անուն Գաղա­փա­րի Մարտի­կը, որուն անարգ առեւանգման եւ տմարդի սպա­նութեան 30րդ տարե­լի­ցը ոգե­կո­չե­լու համար հաւա­քուած ենք այս սրա­հին մէջ։
Մեզ հաւա­քած է մանաւանդ մեծակշիռ վաստա­կը Մտաւո­րա­կան Մարդու, Քաղա­քա­կան Հայու եւ Մարտունակ Դաշնակցա­կա­նի ինքնուրոյն համադրումը մարմնաւո­րող Սարգիս Զէյթլեա­նի, որ նոյնինքն կեանքը ընկա­լեց եւ իմաստաւո­րեց իբրեւ անդուլ պայքար մը՝ «Վահա­նով կամ վահա­նի վրայ» նշա­նա­բա­նով։

Ա․) Առեւանգումը եւ վախճա­նը։

28 Մարտ 1985ին, կէսօ­րուան ժամե­րուն, իր վարորդին՝ Կ․ Գոլանճեա­նի ընկե­րակցութեամբ, սեփա­կան ինքնա­շարժով Պէյրութի Ճեմա­րա­նէն դուրս եկած պահուն, ընկեր Սարգիս Զէյթլեան առեւանգուե­ցաւ անծա­նօթ զինեալ տարրե­րու կողմէ եւ անյայտ ուղղութեամբ տարուե­ցաւ ու անհետ կորսուե­ցաւ․․․
Թէեւ առեւանգումէն քանի մը օր ետք կարե­լի եղաւ բացա­յայտել, որ առեւանգողնե­րը թաղե­ցի (Զոքաք էլ-Պլաթ) ճոմպլա­թա­կան զինեալներ էին, իսկ առեւանգման պատուի­րա­տուն ԱՍԱԼԱ անունին տակ գործող խմբաւո­րումնե­րէն այսպէս կոչուած «Յակոբ Յակոբեան»ի գլխաւո­րած թեւն էր, այդուհանդերձ՝ առեւանգուած մեր ընկե­րոջ որո՞ւն յանձնուած ըլլա­լուն, ո՞ւր տարուած ըլլա­լուն կամ ի՞նչ վիճա­կի մատնուած ըլլա­լուն մասին ճշգրիտ տուեալներ չբա­ցա­յայտուե­ցան։
Յաջորդ օրե­րուն եւ ամբողջ շաբաթներ, ապա եւ ամիսներ թափուած ճիգերն ու հետապնդումնե­րը ապարդիւն անցան։
Օրին պատասխա­նա­տուութեան վրայ գտնուող կամ անպաշտօն ընկերներ, տիկին Սոնա Զէյթլեա­նի կողքին եւ անոր ամէ­նօ­րեայ դիմումնե­րուն ու անխոնջ հետապնդումնե­րուն մղումով, ամէն ճիգ թափե­ցին, նաեւ քաղա­քա­կան եւ պետա­կան ամէն կապ ու ծանօ­թութիւն ի գործ դրին՝ առեւանգեալ մեր ընկե­րոջ եւ անոր ընկե­րա­կի­ցին ճակա­տագրին վերա­բե­րեալ ստոյգ տուեալներ ձեռք ձգե­լու եւ ազատ արձա­կումը ապա­հո­վե­լու համար։
Բայց այդ ամէ­նը ապարդիւն անցաւ։
Մանաւանդ որ առեւանգումը գործադրած եւ ընկեր Զէյթլեա­նը թագստո­ցէ թագստոց տեղա­փո­խած վարձկաննե­րը, իրենց հետքե­րը ամբողջա­պէս ծածկե­լու մտօք, կիրարկե­ցին սխալ տեղե­կութիւննե­րով փնտռուքնե­րը ապա­կողմնո­րո­շե­լու եւ ժամա­նակ շահե­լու մարտա­վա­րութիւն մը։
Լիբա­նա­նի քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմի այդ փուլին, սուրիա­կան բանա­կա­յին ուժե­րու Պէյրութէն եւ Լեռնա­լի­բա­նա­նէն լրիւ հեռա­նա­լու պայմաննե­րը նման վարձկաննե­րու անհա­կակշռե­լի գործունէութեան առջեւ պարարտ հող կը տրա­մադրէին։
Հետեւա­բար, ենթադրութիւննե­րու կամ կցկտուր տեղե­կութիւննե­րու հոսքը միշտ շարունա­կուե­ցաւ եւ յոյսե­րով օրօ­րեց բոլորս, բայց որքան ժամա­նա­կը անցաւ, այնքան ցամքե­ցան մեր պատասխա­նա­տու ընկե­րոջ ողջ մնա­լու եւ ազա­տութեան վերա­դառնա­լու յոյսե­րը։
Աւելի՛ն․ պարզ ու յստակ դարձաւ, որ «Յակոբ Յակո­բեա­նի ԱՍԱԼԱ»ն եւ անոր կողքին կանգնած օտար ուժե­րը, որոնք լիբա­նա­նեան պատե­րազմի այդ յատուկ փուլին շահագրգռուած էին նաեւ հայութիւնը ներքին՝ եղբայրասպան արիւնա­հե­ղութեան մէջ մխրճե­լու հաշիւնե­րով, ձեռքէ ձեռք փոխանցե­ցին եւ գործա­ծե­ցին առեւանգեալ մեր ընկե­րը՝ Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի ուժա­կան պայքա­րին՝ թրքա­կան թիրախնե­րու դէմ ծաւա­լած հայկա­կան ահա­բեկչա­կան գործունէութեան միջեւ կապե­րը հետա­զօ­տե­լու եւ, ընդհանրա­պէս, Դաշնակցութեան սրտա­մօտ նկա­տուած Հայկա­կան Ցեղասպա­նութեան Արդա­րութեան Մարտիկնե­րուն գործունէութեան վերջա­կէտ դնե­լու նպա­տա­կով։
Այդ դժուա­րին ժամա­նա­կաշրջա­նի բոլոր ծալքե­րուն քննարկման առիթն ու տեղը չէ այս հաւա­քը։ Մանաւանդ որ Դաշնակցութիւնը այդ գծով իր սպա­ռիչ գնա­հա­տա­կա­նը դեռ չէ կատա­րած կամ հրա­պա­րա­կած այն զարգա­ցումնե­րուն մասին, որոնց հետեւանքով ԱՍԱԼԱ անունին տակ գործող տարբեր խմբակներ կամ գործիչներ հակա­թուրք ուժա­կան պայքա­րին մէջ բացին հակա­դաշնակցա­կան զինեալ գործո­ղութեանց ուղղութիւն մը՝ վիրաւո­րե­լով եւ սպաննե­լով դաշնակցա­կան պատասխա­նա­տու ընկերներ ինչպէս Սարգիս Զէյթլեա­նէն առաջ, այնպէս եւ այնուհե­տեւ։
Այսքա­նին կ՚անդրադառնամ միայն այն նկա­տա­ռումով, որ հարկ է ընկեր Սարգիս Զէյթլեա­նի ողբերգա­կան վախճա­նը ընկա­լել Դաշնակցութեան դէմ ԱՍԱ­ԼԱի կողմէ բացուած հիւանդա­գին պայքա­րի ծիրին մէջ։ Հիւանդա­գին է այդ պայքա­րը, որովհե­տեւ ԱՍԱ­ԼԱն ոչ միայն թափանցման պարարտ հող դարձաւ այսպէս կոչուած «հայկա­կան ահա­բեկչութեան» ընդյա­տա­կեայ կազմա­կերպութիւննե­րը հակակշռե­լու նպա­տակ ունե­ցող թրքա­կան թէ մեծա­պե­տա­կան ուժե­րուն համար, այլեւ իբրեւ միջոց գործա­ծուե­ցաւ՝ սփիւռքա­հայ քաղա­քա­կան ամէ­նէն կազմա­կերպ ուժը ահա­բեկչա­կան խմբակնե­րու ներքին հաշուե­յարդա­րին մէջ ներքա­շե­լու, եղբայրասպան կռուի մէջ մխրճե­լու եւ ընդհանրա­պէս Հայ Դատի ուժա­կան պայքա­րը վարկա­բե­կե­լու սադրանքով։
Դաշնակցութիւնը իր 24րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին՝ 1988ի ամա­ռը, սպա­ռիչ քննարկումը կատա­րեց ընկեր Սարգիս Զէյթլեա­նի առեւանգման եւ սպա­նութեան ամբողջա­կան թղթածրա­րին՝ լայնօ­րէն անդրա­դառնա­լով ԱՍԱ­ԼԱի այսպէս կոչուած «մայր թեւ»ին ծանրա­գոյն պատասխա­նա­տուութեան․- 1983ին Յակոբ Յակո­բեա­նի կողմէ Պեքաա­յի մէջ արգե­լա­փա­կուած ասա­լա­յա­կան Մոնթէ Մելքո­նեան եւ իր համա­խոհնե­րը յաջո­ղե­ցան, արտա­քին օժանդա­կութիւն ստա­նա­լով, սպաննել զիրենք արգե­լա­փակման մէջ պահող ասա­լա­յա­կաննե­րը եւ փախուստ տալ տուեալ ճամբա­րէն։ Մոնթէի եւ ընկերնե­րու փախուստին, պատսպարման եւ Լիբա­նա­նէն դուրս բերման համար Յակոբ Յակո­բեան պաշտօ­նա­պէս մեղադրեց, ֆրանսա­կան իշխա­նութեանց կողքին, նաեւ Դաշնակցութիւնը եւ սպառնաց մահա­պա­տի­ժով մաքրել հաշիւը Մոնթէին եւ ընկերնե­րուն, «խոստա­նա­լով» միեւնոյն սպառնա­լի­քէն բաժին հանել նաեւ Դաշնակցութեան։
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան ուղղա­կի թիրախ չէր ասա­լա­յա­կան այդ ներքին հաշուե­յարդա­րին եւ անոր հետեւող հակա­դաշնակցա­կան հիւանդա­գին մաղձին։
Իբրեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի անդամ եւ Հ․Յ․Դ․ Մամուլի ու Քարոզչութեան պատասխա­նա­տու՝ ընկեր Զէյթլեան բացա­ռա­պէս քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան գնա­հա­տում ունէր ԱՍԱԼԱ երեւոյթին մասին եւ, առ այդ, ի վիճա­կի չէր եւ բնաւ ի վիճա­կի չեղաւ լրիւ պատկե­րա­ցումը ունե­նա­լու այն ուղղա­կի թշնա­մանքին, որուն մղումով հայա­նուն ասա­լա­յա­կաններ իրա­պէս կրնա­յին այդ աստի­ճան տմարդի՝ եղբայրասպան գործունէութիւն ունե­նալ։
Այդ մօտե­ցումով եւ մտա­ծո­ղութեամբ, ԱՍԱ­ԼԱի հակա­դաշնակցա­կան սպառնա­լիքնե­րուն քաջա­տե­ղեակ ըլլա­լով հանդերձ, ընկեր Զէյթլեան ուղղա­կի թշնա­մի չէր տեսներ ԱՍԱ­ԼԱի մէջ, ասա­լա­յա­կաննե­րուն դէմ պաշտպա­նուե­լու կարի­քը չէր զգար եւ կ՚անտեսէր իրեն ուղղուած՝ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ թիկնա­պահնե­րով շրջա­գա­յե­լու յորդորնե­րը օրուան մեր պատասխա­նա­տու ընկերնե­րուն։
Սարգիս Զէյթլեա­նի առեւանգումը, հետեւա­բար, կը ծառա­յէր դաշնակցա­կան ղեկա­վա­րութեան «մատչե­լի» թիրախ մը ձեռք անցը­նե­լու եւ նոյնինքն Դաշնակցութեան դէմ իբրեւ ճնշա­մի­ջոց գործա­ծե­լու Յակոբ Յակո­բեա­նի հաշիւնե­րուն։
Իսկ առեւանգումէն յետոյ, երբ Դաշնակցութեամբ շահագրգռուած եւ ԱՍԱ­ԼԱ­յէն անդին ու վեր գտնուող ուժեր իրենց հասո­ղութեան տակ ունե­ցան Սարգիս Զէյթլեա­նի կարեւո­րութեամբ եւ ազդե­ցութեամբ մեծակշիռ դաշնակցա­կան ղեկա­վար մը, բնա­կա­նա­բար փութա­ցին մինչեւ վերջին շունչ գործա­ծե­լու իրենց ձեռքը ինկած Հ․Յ․Դ․ ղեկա­վար գործի­չը, ի վերջոյ անյայտ տեղ մը զինք սպաննե­լու եւ անհե­տացնե­լու դաւակցա­կան մտադրութեամբ։
Այդպէս ալ եղաւ եւ Դաշնակցութիւնը, ընկեր Զէյթլեա­նի սպա­նութեան պայմաննե­րուն եւ թաղման հաւա­քա­կան գերեզմա­նին մօտաւոր տեղին շուրջ ուղղա­կի յանցա­գործնե­րէ խոստո­վա­նութիւններ ունե­նա­լով հանդերձ, ի վիճա­կի չեղաւ ստուգա­պէս գտնե­լու նահա­տակ մեր մեծ ընկե­րոջ աճիւնը եւ վերջնա­կան անդորրին արժա­նացնե­լու զինք։
Այդ պատճա­ռով ալ, Սարգիս Զէյթլեա­նի առեւանգումը, սպա­նութիւնը եւ անհե­տա­ցումը, ահա երե­սուն տարիէ ի վեր, կը շարունա­կեն խոցել սիրտն ու միտքը բոլո­րիս, առա­ջին հերթին իր ընտա­նե­կան հարա­զատնե­րուն, ապա գաղա­փա­րա­կան իր ընտա­նի­քի անդամնե­րուն, հուսկ եւ իր շունչին տակ կազմաւո­րուած կամ իր գաղա­փարնե­րով ու պատգամնե­րով առաջնորդուող բազմութիւննե­րուն։
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան կը շարունա­կէ մեր ուղին լուսաւո­րել ոչ միայն իր գործով ու խօսքով, այլեւ «Վահա­նով կամ վահա­նի վրայ» պայքա­րե­լու յանձնա­ռութիւնը յաւերժա­ցուցած իր ողբերգա­կան վախճա­նով։

Բ․) Գաղա­փա­րի մարտի­կը

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան Մտաւո­րա­կան Մարդու յատուկ տեսակ էր։
Անշուշտ, շեշտա­կիօ­րէն դաշնակցա­կան նկա­րա­գիր ունէր Զէյթլեան մտաւո­րա­կա­նը։
Գաղա­փա­րին եւ խօսքին պաշտա­մունքը ունէր, բայց գործով խօսքը պայմա­նաւո­րե­լու եւ յանձնա­ռութեամբ գաղա­փա­րը արժեւո­րե­լու դաշնակցա­կան գիծ ունէր։
Հրա­պա­րա­կա­գիր չեղաւ բառին սոսկ մամլոյ ուխտաւոր մը ըլլա­լու իմաստով։
Հրա­պա­րա­կա­գիր եղաւ՝ սեփա­կան մտա­ծո­ղութիւնը իր կուսա­կիցնե­րուն ընդհա­նուր մօտե­ցումը դարձնե­լու եւ, այդ ճամբով, մեր ժողո­վուրդին մտա­ծո­ղութիւնը մշա­կե­լու առա­ջադրութեամբ։
Ընթերցումը եւ գրե­լը առօ­րեայ իր պարապմունքն էր ու կիրքը։ Ես այդպէս ճանչցայ ընկեր Սարգի­սը․ նոյնիսկ երբ տարուած չէր իր ընթերցումնե­րով կամ յօդուա­ծագրութեամբ, այլ պարզա­պէս կը զրուցէր գործա­կի­ցի մը կամ այցե­լուի մը հետ, անպայման գրա­կան, գաղա­փա­րա­կան կամ քաղա­քա­կան օրա­կարգ մը խօսակցութեան նիւթ պիտի դարձնէր։
Բիւրո­յի գրա­սե­նեակնե­րուն անձնա­կազմը ի մի բերե­լու եւ հաւա­քա­կան քննարկման օրա­կարգով բոլորս գաղա­փա­րա­կան մէկ ընդհա­նուր մթնո­լորտով վարա­կե­լու շնորհքն ունէր։
Գաղա­փա­րի մարտիկ էր՝ ընկե­րա­կան մեր կազմե­րուն եւ ընդհանրա­պէս մեր երի­տա­սարդութեան կարգա­խօս տալու, քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան գործի ուղղութիւն հունաւո­րե­լու իմաստով։
Օրի­նակ՝ երբ Աջի ու Ձախի միջեւ պայքա­րը սաստկա­ցած էր, ընկեր Զէյթլեան դաշնակցա­կան միջի­նը պիտի գտնէր այն բանա­ձեւումով, թէ Աջ ենք՝ եթէ Աջը մեր իրաւունքնե­րուն կողմնա­կից է, իսկ Ձախ ենք՝ եթէ Ձախէն պիտի շահի հայ ժողո­վուրդը։

Գ․) Հայկա­կան Արեւե­լումի դրօ­շա­կի­րը

Սարգիս Զէյթլեան գաղա­փա­րա­կան իր կազմաւո­րումը ապրե­ցաւ ժամա­նա­կաշրջա­նի մը մէջ, երբ Պաղ Պատե­րազմը թափ առած էր եւ Դաշնակցութիւնը հակա­հա­մայնա­վար պայքա­րին մէջ կը տեսնէր Հայ Դատին ի նպաստ միջազգա­յին բարենպաստ մթնո­լորտ ստեղծե­լու հեռանկա­րը։
Միա­ժա­մա­նակ՝ Հայաստա­նը եզե­րող ամբողջ աշխարհա­մա­սը կ՚եռեւեփէր ազգա­յին-ազա­տագրա­կան եւ ձախա­կողմեան շարժումնե­րու մակընթա­ցութեան պայմաննե­րուն մէջ։
Երրորդ Աշխարհի շղթա­յա­զերծման մթնո­լորտին մէջ՝ Սարգիս Զէյթլեան առաջնա­հերթ մարտահրաւէր նկա­տեց Հայկա­կան Արեւե­լումի — օրիանթա­ցիա­յի — մշա­կումը, որպէսզի Հայ Դատի ռազմա­վա­րութիւնը խարսխուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ հաւա­սա­րակշռութեան հիմքին վրայ։
Հայկա­կան Արեւե­լումին համար էական նախա­պայման դաւա­նե­ցաւ հայ հասա­րա­կա­կան եւ քաղա­քա­կան բոլոր ուժե­րուն ազգա­յին-քաղա­քա­կան ինքնա­հաստա­տումն ու համա­դիր հզօ­րա­ցումը։
Հայ Համայնա­վար Կուսակցութեան ձեւաւորման ջատա­գո­վը եղաւ, որպէսզի ազգա­յին իր հունը գտնէ հայ քաղա­քա­կան մտքի նաեւ ծայրա­յեղ ձախ թեւը։
Տնտե­սա­կան հզօ­րանքի գաղա­փա­րա­խօ­սութեան սատար կանգնե­ցաւ, որպէսզի հայ դրա­մա­տէր խաւը ազգա­յին յանձնա­ռութեան իր կազմա­կերպութիւնը գտնէ։ Արմի­նեըն Էսեմպլին քաջա­լե­րողն եղաւ ճիշդ այդ իմաստով։
1972ի Լիբա­նա­նի խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութեանց ատեն նուա­ճեց 7 հոգի­նոց հայկա­կան երեսփո­խա­նա­կան պլո­քի գաղա­փա­րը։

Դ․) Մշա­կեց եւ քարո­զեց Հայկա­կան Հարցի քաղա­քա­կան լուծման եւ հայեւթուրք յարա­բե­րութեանց քաղա­քա­կան կարգաւորման ռազմա­վա­րութիւնը։
Ատե­նի Կաթո­լիկ Հայոց Պատրիարքին հակա-ահա­բեկչա­կան յայտա­րա­րութեան ընկեր Զէյթլեան պատասխա­նեց Անարժա­նին սքե­մին փէշե­րը անոր գլխուն անցը­նե­լու պոռթկումով։

Ե․) Անդուլ շեփո­րեց Հայաստա­նի ազգա­յին, մշա­կութա­յին եւ հասա­րա­կա­կան ինքնուրոյն զարգացման ու, մանաւա՛նդ, իբրեւ քաղա­քա­կան ինքնուրոյն ուժի կազմա­կերպման հրա­մա­յա­կա­նը։

Հայաստա­նի ամէ­նօ­րեայ կեանքը դարձուց կիզա­կէ­տը սփիւռքա­հայ մամուլի առօ­րեայ հետաքրքրութեան։

Դարձաւ դրօ­շա­կի­րը Հայ Լեզուի պետա­կան գործա­ծութեան եւ անա­ղարտ պահպա­նումին՝ ընդդէմ ռուսա­կա­նացման եւ ապա­հա­յացման վտանգին։ Սերօ Խանզա­դեա­նի եւ Սիլվա Կապուտի­կեա­նի համա­պա­տասխան ելոյթնե­րուն զօրա­վիգ եւ տէր կանգնե­լու դրօ­շը պարզեց։
Եղաւ Ռաֆա­յէլ Իշխա­նեա­նի հայա­պահպան պոռթկումնե­րուն ջերմ ձայնակցողն ու աջա­կի­ցը։

Զ․) Յառա­ջա­պա­հը հանդի­սա­ցաւ Դաշնակցութեան նորացման եւ երի­տա­սարդացման, այլեւ Հ․Յ․Դ․ աւանդնե­րու նորո­վի պահպանման ու զարգացման։
Հ․Յ․Դ․ Ծրագրի վերամշակման մէջ ունե­ցաւ հիմնա­կան ներդրում։
Գաղա­փա­րա­խօ­սը եղաւ Հ․Յ․Դ․ ապա­կեդրո­նա­ցումը նաեւ հորի­զո­նա­կան ընկա­լումով ամրապնդե­լու աշխարհա­յեացքին։
Դաւա­նանքի վերա­ծեց, որ Ազա­տութեան գաղա­փա­րին մէջ պէտք է որո­նել գրաւա­կանն ու դաշնակցա­կան ընկա­լումը Ընկերվա­րութեան։

(Խօսք՝ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱ­Նի առեւանգման ու սպա­նութեան 30ամեակին նուի­րուած ոգե­կո­չումի հանդի­սութեան – Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, Արեւմտեան Ամե­րի­կա)

Գրա­ռումը Նազա­րեթ Պէրպէ­րեա­նի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ