ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Գաղափարի Մարտիկը

Գաղափարին եւ խօսքին պաշտամունքը ունէր, բայց գործով խօսքը պայմանաւորելու եւ յանձնառութեամբ գաղափարը արժեւորելու դաշնակցական գիծ ունէր:

Նազարեթ Պէրպէրեան

Հին Էջեր, Ապրող Էջեր

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ – Գաղափարի Մարտիկը

Վահանով կամ վահանի վրայ։
«Հին աշխարհի մէջ, երբ հայրենիքը վտանգի մատնուէր, ճակատ ղրկուող զինուորին ուղղուած գերագոյն հայրենասիրութեան եւ գերազանց կարգապահութեան ամէնէն վսեմ պատգամը ա՛յս էր․- Վահանով կամ վահանի վրայ։
«Արդարեւ, հայրենիքի փրկութեան միակ ուղին, կենարար միա՛կ ելքը հերոսական այս վճռակամութեան, գերագոյն զոհաբերութեան այս պատրաստակամութեան մէջ էր․- Յաղթել կամ մեռնիլ վասն հայրենեաց»։

Այսպիսի՛ թեւաւոր եւ պատկերաւոր խորհրդածութեամբ ու սերունդներ ոգեշնչող պատգամով՝ Սարգիս Զէյթլեան կը խտացնէր Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած կենաց-մահու մարտահրաւէրը 1976ին, Լիբանանը զգետնած քաղաքացիական երկարամեայ պատերազմի առաջին հանգրուանի ամէնէն թէժ պահուն։
Սփիւռքի ամէնէն կենսունակ օճախին ու արիւնատար երակին սպառնացող կազմալուծման վտանգը, յատկապէս արտագաղթի տարտղնող ալիքը դիմագրաւելու համար՝ «Վահանով կամ վահանի վրայ» նշանաբանով պայքարի դաշտ նետուելու այդ կոչը նաեւ իր սեփական օրինակով շնչաւորեց Սարգիս Զէյթլեան անուն Գաղափարի Մարտիկը, որուն անարգ առեւանգման եւ տմարդի սպանութեան 30րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար հաւաքուած ենք այս սրահին մէջ։
Մեզ հաւաքած է մանաւանդ մեծակշիռ վաստակը Մտաւորական Մարդու, Քաղաքական Հայու եւ Մարտունակ Դաշնակցականի ինքնուրոյն համադրումը մարմնաւորող Սարգիս Զէյթլեանի, որ նոյնինքն կեանքը ընկալեց եւ իմաստաւորեց իբրեւ անդուլ պայքար մը՝ «Վահանով կամ վահանի վրայ» նշանաբանով։

Ա․) Առեւանգումը եւ վախճանը։

28 Մարտ 1985ին, կէսօրուան ժամերուն, իր վարորդին՝ Կ․ Գոլանճեանի ընկերակցութեամբ, սեփական ինքնաշարժով Պէյրութի Ճեմարանէն դուրս եկած պահուն, ընկեր Սարգիս Զէյթլեան առեւանգուեցաւ անծանօթ զինեալ տարրերու կողմէ եւ անյայտ ուղղութեամբ տարուեցաւ ու անհետ կորսուեցաւ․․․
Թէեւ առեւանգումէն քանի մը օր ետք կարելի եղաւ բացայայտել, որ առեւանգողները թաղեցի (Զոքաք էլ-Պլաթ) ճոմպլաթական զինեալներ էին, իսկ առեւանգման պատուիրատուն ԱՍԱԼԱ անունին տակ գործող խմբաւորումներէն այսպէս կոչուած «Յակոբ Յակոբեան»ի գլխաւորած թեւն էր, այդուհանդերձ՝ առեւանգուած մեր ընկերոջ որո՞ւն յանձնուած ըլլալուն, ո՞ւր տարուած ըլլալուն կամ ի՞նչ վիճակի մատնուած ըլլալուն մասին ճշգրիտ տուեալներ չբացայայտուեցան։
Յաջորդ օրերուն եւ ամբողջ շաբաթներ, ապա եւ ամիսներ թափուած ճիգերն ու հետապնդումները ապարդիւն անցան։
Օրին պատասխանատուութեան վրայ գտնուող կամ անպաշտօն ընկերներ, տիկին Սոնա Զէյթլեանի կողքին եւ անոր ամէնօրեայ դիմումներուն ու անխոնջ հետապնդումներուն մղումով, ամէն ճիգ թափեցին, նաեւ քաղաքական եւ պետական ամէն կապ ու ծանօթութիւն ի գործ դրին՝ առեւանգեալ մեր ընկերոջ եւ անոր ընկերակիցին ճակատագրին վերաբերեալ ստոյգ տուեալներ ձեռք ձգելու եւ ազատ արձակումը ապահովելու համար։
Բայց այդ ամէնը ապարդիւն անցաւ։
Մանաւանդ որ առեւանգումը գործադրած եւ ընկեր Զէյթլեանը թագստոցէ թագստոց տեղափոխած վարձկանները, իրենց հետքերը ամբողջապէս ծածկելու մտօք, կիրարկեցին սխալ տեղեկութիւններով փնտռուքները ապակողմնորոշելու եւ ժամանակ շահելու մարտավարութիւն մը։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի այդ փուլին, սուրիական բանակային ուժերու Պէյրութէն եւ Լեռնալիբանանէն լրիւ հեռանալու պայմանները նման վարձկաններու անհակակշռելի գործունէութեան առջեւ պարարտ հող կը տրամադրէին։
Հետեւաբար, ենթադրութիւններու կամ կցկտուր տեղեկութիւններու հոսքը միշտ շարունակուեցաւ եւ յոյսերով օրօրեց բոլորս, բայց որքան ժամանակը անցաւ, այնքան ցամքեցան մեր պատասխանատու ընկերոջ ողջ մնալու եւ ազատութեան վերադառնալու յոյսերը։
Աւելի՛ն․ պարզ ու յստակ դարձաւ, որ «Յակոբ Յակոբեանի ԱՍԱԼԱ»ն եւ անոր կողքին կանգնած օտար ուժերը, որոնք լիբանանեան պատերազմի այդ յատուկ փուլին շահագրգռուած էին նաեւ հայութիւնը ներքին՝ եղբայրասպան արիւնահեղութեան մէջ մխրճելու հաշիւներով, ձեռքէ ձեռք փոխանցեցին եւ գործածեցին առեւանգեալ մեր ընկերը՝ Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի ուժական պայքարին՝ թրքական թիրախներու դէմ ծաւալած հայկական ահաբեկչական գործունէութեան միջեւ կապերը հետազօտելու եւ, ընդհանրապէս, Դաշնակցութեան սրտամօտ նկատուած Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներուն գործունէութեան վերջակէտ դնելու նպատակով։
Այդ դժուարին ժամանակաշրջանի բոլոր ծալքերուն քննարկման առիթն ու տեղը չէ այս հաւաքը։ Մանաւանդ որ Դաշնակցութիւնը այդ գծով իր սպառիչ գնահատականը դեռ չէ կատարած կամ հրապարակած այն զարգացումներուն մասին, որոնց հետեւանքով ԱՍԱԼԱ անունին տակ գործող տարբեր խմբակներ կամ գործիչներ հակաթուրք ուժական պայքարին մէջ բացին հակադաշնակցական զինեալ գործողութեանց ուղղութիւն մը՝ վիրաւորելով եւ սպաննելով դաշնակցական պատասխանատու ընկերներ ինչպէս Սարգիս Զէյթլեանէն առաջ, այնպէս եւ այնուհետեւ։
Այսքանին կ՚անդրադառնամ միայն այն նկատառումով, որ հարկ է ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի ողբերգական վախճանը ընկալել Դաշնակցութեան դէմ ԱՍԱԼԱի կողմէ բացուած հիւանդագին պայքարի ծիրին մէջ։ Հիւանդագին է այդ պայքարը, որովհետեւ ԱՍԱԼԱն ոչ միայն թափանցման պարարտ հող դարձաւ այսպէս կոչուած «հայկական ահաբեկչութեան» ընդյատակեայ կազմակերպութիւնները հակակշռելու նպատակ ունեցող թրքական թէ մեծապետական ուժերուն համար, այլեւ իբրեւ միջոց գործածուեցաւ՝ սփիւռքահայ քաղաքական ամէնէն կազմակերպ ուժը ահաբեկչական խմբակներու ներքին հաշուեյարդարին մէջ ներքաշելու, եղբայրասպան կռուի մէջ մխրճելու եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի ուժական պայքարը վարկաբեկելու սադրանքով։
Դաշնակցութիւնը իր 24րդ Ընդհանուր Ժողովին՝ 1988ի ամառը, սպառիչ քննարկումը կատարեց ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ սպանութեան ամբողջական թղթածրարին՝ լայնօրէն անդրադառնալով ԱՍԱԼԱի այսպէս կոչուած «մայր թեւ»ին ծանրագոյն պատասխանատուութեան․- 1983ին Յակոբ Յակոբեանի կողմէ Պեքաայի մէջ արգելափակուած ասալայական Մոնթէ Մելքոնեան եւ իր համախոհները յաջողեցան, արտաքին օժանդակութիւն ստանալով, սպաննել զիրենք արգելափակման մէջ պահող ասալայականները եւ փախուստ տալ տուեալ ճամբարէն։ Մոնթէի եւ ընկերներու փախուստին, պատսպարման եւ Լիբանանէն դուրս բերման համար Յակոբ Յակոբեան պաշտօնապէս մեղադրեց, ֆրանսական իշխանութեանց կողքին, նաեւ Դաշնակցութիւնը եւ սպառնաց մահապատիժով մաքրել հաշիւը Մոնթէին եւ ընկերներուն, «խոստանալով» միեւնոյն սպառնալիքէն բաժին հանել նաեւ Դաշնակցութեան։
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան ուղղակի թիրախ չէր ասալայական այդ ներքին հաշուեյարդարին եւ անոր հետեւող հակադաշնակցական հիւանդագին մաղձին։
Իբրեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ եւ Հ․Յ․Դ․ Մամուլի ու Քարոզչութեան պատասխանատու՝ ընկեր Զէյթլեան բացառապէս քաղաքական եւ գաղափարական գնահատում ունէր ԱՍԱԼԱ երեւոյթին մասին եւ, առ այդ, ի վիճակի չէր եւ բնաւ ի վիճակի չեղաւ լրիւ պատկերացումը ունենալու այն ուղղակի թշնամանքին, որուն մղումով հայանուն ասալայականներ իրապէս կրնային այդ աստիճան տմարդի՝ եղբայրասպան գործունէութիւն ունենալ։
Այդ մօտեցումով եւ մտածողութեամբ, ԱՍԱԼԱի հակադաշնակցական սպառնալիքներուն քաջատեղեակ ըլլալով հանդերձ, ընկեր Զէյթլեան ուղղակի թշնամի չէր տեսներ ԱՍԱԼԱի մէջ, ասալայականներուն դէմ պաշտպանուելու կարիքը չէր զգար եւ կ՚անտեսէր իրեն ուղղուած՝ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ թիկնապահներով շրջագայելու յորդորները օրուան մեր պատասխանատու ընկերներուն։
Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգումը, հետեւաբար, կը ծառայէր դաշնակցական ղեկավարութեան «մատչելի» թիրախ մը ձեռք անցընելու եւ նոյնինքն Դաշնակցութեան դէմ իբրեւ ճնշամիջոց գործածելու Յակոբ Յակոբեանի հաշիւներուն։
Իսկ առեւանգումէն յետոյ, երբ Դաշնակցութեամբ շահագրգռուած եւ ԱՍԱԼԱյէն անդին ու վեր գտնուող ուժեր իրենց հասողութեան տակ ունեցան Սարգիս Զէյթլեանի կարեւորութեամբ եւ ազդեցութեամբ մեծակշիռ դաշնակցական ղեկավար մը, բնականաբար փութացին մինչեւ վերջին շունչ գործածելու իրենց ձեռքը ինկած Հ․Յ․Դ․ ղեկավար գործիչը, ի վերջոյ անյայտ տեղ մը զինք սպաննելու եւ անհետացնելու դաւակցական մտադրութեամբ։
Այդպէս ալ եղաւ եւ Դաշնակցութիւնը, ընկեր Զէյթլեանի սպանութեան պայմաններուն եւ թաղման հաւաքական գերեզմանին մօտաւոր տեղին շուրջ ուղղակի յանցագործներէ խոստովանութիւններ ունենալով հանդերձ, ի վիճակի չեղաւ ստուգապէս գտնելու նահատակ մեր մեծ ընկերոջ աճիւնը եւ վերջնական անդորրին արժանացնելու զինք։
Այդ պատճառով ալ, Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգումը, սպանութիւնը եւ անհետացումը, ահա երեսուն տարիէ ի վեր, կը շարունակեն խոցել սիրտն ու միտքը բոլորիս, առաջին հերթին իր ընտանեկան հարազատներուն, ապա գաղափարական իր ընտանիքի անդամներուն, հուսկ եւ իր շունչին տակ կազմաւորուած կամ իր գաղափարներով ու պատգամներով առաջնորդուող բազմութիւններուն։
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան կը շարունակէ մեր ուղին լուսաւորել ոչ միայն իր գործով ու խօսքով, այլեւ «Վահանով կամ վահանի վրայ» պայքարելու յանձնառութիւնը յաւերժացուցած իր ողբերգական վախճանով։

Բ․) Գաղափարի մարտիկը

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան Մտաւորական Մարդու յատուկ տեսակ էր։
Անշուշտ, շեշտակիօրէն դաշնակցական նկարագիր ունէր Զէյթլեան մտաւորականը։
Գաղափարին եւ խօսքին պաշտամունքը ունէր, բայց գործով խօսքը պայմանաւորելու եւ յանձնառութեամբ գաղափարը արժեւորելու դաշնակցական գիծ ունէր։
Հրապարակագիր չեղաւ բառին սոսկ մամլոյ ուխտաւոր մը ըլլալու իմաստով։
Հրապարակագիր եղաւ՝ սեփական մտածողութիւնը իր կուսակիցներուն ընդհանուր մօտեցումը դարձնելու եւ, այդ ճամբով, մեր ժողովուրդին մտածողութիւնը մշակելու առաջադրութեամբ։
Ընթերցումը եւ գրելը առօրեայ իր պարապմունքն էր ու կիրքը։ Ես այդպէս ճանչցայ ընկեր Սարգիսը․ նոյնիսկ երբ տարուած չէր իր ընթերցումներով կամ յօդուածագրութեամբ, այլ պարզապէս կը զրուցէր գործակիցի մը կամ այցելուի մը հետ, անպայման գրական, գաղափարական կամ քաղաքական օրակարգ մը խօսակցութեան նիւթ պիտի դարձնէր։
Բիւրոյի գրասենեակներուն անձնակազմը ի մի բերելու եւ հաւաքական քննարկման օրակարգով բոլորս գաղափարական մէկ ընդհանուր մթնոլորտով վարակելու շնորհքն ունէր։
Գաղափարի մարտիկ էր՝ ընկերական մեր կազմերուն եւ ընդհանրապէս մեր երիտասարդութեան կարգախօս տալու, քաղաքական եւ գաղափարական գործի ուղղութիւն հունաւորելու իմաստով։
Օրինակ՝ երբ Աջի ու Ձախի միջեւ պայքարը սաստկացած էր, ընկեր Զէյթլեան դաշնակցական միջինը պիտի գտնէր այն բանաձեւումով, թէ Աջ ենք՝ եթէ Աջը մեր իրաւունքներուն կողմնակից է, իսկ Ձախ ենք՝ եթէ Ձախէն պիտի շահի հայ ժողովուրդը։

Գ․) Հայկական Արեւելումի դրօշակիրը

Սարգիս Զէյթլեան գաղափարական իր կազմաւորումը ապրեցաւ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Պաղ Պատերազմը թափ առած էր եւ Դաշնակցութիւնը հակահամայնավար պայքարին մէջ կը տեսնէր Հայ Դատին ի նպաստ միջազգային բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու հեռանկարը։
Միաժամանակ՝ Հայաստանը եզերող ամբողջ աշխարհամասը կ՚եռեւեփէր ազգային-ազատագրական եւ ձախակողմեան շարժումներու մակընթացութեան պայմաններուն մէջ։
Երրորդ Աշխարհի շղթայազերծման մթնոլորտին մէջ՝ Սարգիս Զէյթլեան առաջնահերթ մարտահրաւէր նկատեց Հայկական Արեւելումի – օրիանթացիայի – մշակումը, որպէսզի Հայ Դատի ռազմավարութիւնը խարսխուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ հաւասարակշռութեան հիմքին վրայ։
Հայկական Արեւելումին համար էական նախապայման դաւանեցաւ հայ հասարակական եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն ազգային-քաղաքական ինքնահաստատումն ու համադիր հզօրացումը։
Հայ Համայնավար Կուսակցութեան ձեւաւորման ջատագովը եղաւ, որպէսզի ազգային իր հունը գտնէ հայ քաղաքական մտքի նաեւ ծայրայեղ ձախ թեւը։
Տնտեսական հզօրանքի գաղափարախօսութեան սատար կանգնեցաւ, որպէսզի հայ դրամատէր խաւը ազգային յանձնառութեան իր կազմակերպութիւնը գտնէ։ Արմինեըն Էսեմպլին քաջալերողն եղաւ ճիշդ այդ իմաստով։
1972ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութեանց ատեն նուաճեց 7 հոգինոց հայկական երեսփոխանական պլոքի գաղափարը։

Դ․) Մշակեց եւ քարոզեց Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման եւ հայեւթուրք յարաբերութեանց քաղաքական կարգաւորման ռազմավարութիւնը։
Ատենի Կաթոլիկ Հայոց Պատրիարքին հակա-ահաբեկչական յայտարարութեան ընկեր Զէյթլեան պատասխանեց Անարժանին սքեմին փէշերը անոր գլխուն անցընելու պոռթկումով։

Ե․) Անդուլ շեփորեց Հայաստանի ազգային, մշակութային եւ հասարակական ինքնուրոյն զարգացման ու, մանաւա՛նդ, իբրեւ քաղաքական ինքնուրոյն ուժի կազմակերպման հրամայականը։

Հայաստանի ամէնօրեայ կեանքը դարձուց կիզակէտը սփիւռքահայ մամուլի առօրեայ հետաքրքրութեան։

Դարձաւ դրօշակիրը Հայ Լեզուի պետական գործածութեան եւ անաղարտ պահպանումին՝ ընդդէմ ռուսականացման եւ ապահայացման վտանգին։ Սերօ Խանզադեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի համապատասխան ելոյթներուն զօրավիգ եւ տէր կանգնելու դրօշը պարզեց։
Եղաւ Ռաֆայէլ Իշխանեանի հայապահպան պոռթկումներուն ջերմ ձայնակցողն ու աջակիցը։

Զ․) Յառաջապահը հանդիսացաւ Դաշնակցութեան նորացման եւ երիտասարդացման, այլեւ Հ․Յ․Դ․ աւանդներու նորովի պահպանման ու զարգացման։
Հ․Յ․Դ․ Ծրագրի վերամշակման մէջ ունեցաւ հիմնական ներդրում։
Գաղափարախօսը եղաւ Հ․Յ․Դ․ ապակեդրոնացումը նաեւ հորիզոնական ընկալումով ամրապնդելու աշխարհայեացքին։
Դաւանանքի վերածեց, որ Ազատութեան գաղափարին մէջ պէտք է որոնել գրաւականն ու դաշնակցական ընկալումը Ընկերվարութեան։

(Խօսք՝ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի առեւանգման ու սպանութեան 30ամեակին նուիրուած ոգեկոչումի հանդիսութեան – Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, Արեւմտեան Ամերիկա)

Գրառումը Նազարեթ Պէրպէրեանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *