15.8 C
Yerevan

Անցյա­լից Դասեր Չքա­ղե­լով

Ցարդ թուրքը՝ յանուն ազա­տութեան, արդա­րութեան պայքա­րի, ժողո­վուրդնե­րու իրաւունքի պաշտպա­նութեան, ինքնա­պաշտպա­նութեան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպա­նութեան ճանաչման, ժխտո­ղա­կա­նութեան ու ռազմա­կան ոճիրնե­րու դէմ պայքա­րի, փոքրա­մասնութիւննե­րու իրաւունքնե­րու պաշտպա­նութեան, մշա­կութա­յին ժառանգութեան, քաղա­քակրթա­կան արժէքնե­րու պահպա­նութեան ծառա­յող մղիչ ուժ էր

Ժիրայր Չոլա­քեան

Երա­նի՜ «Առանց թուրքի Հայաստան»-ի քարո­զիչնե­րը դասեր քաղած ըլլա­յին թուրքե­րէն

«Առանց թուրքի Հայաստան»… եւ այսպէ­սով Հայաստա­նը թուրքէն զերծ պահե­լը դարձաւ ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն՝ խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մա­դիր ճակա­տին համար։ Պետութիւնը փրկե­լու բնա­բան, ոչ կերտե­լու, այլ՝ փրկե­լու։ Պետութիւնը արդէն կերտած էին մինչեւ 2018‑ը, բեղուն, ազատ, անկախ, անվտանգ, յառա­ջա­դէմ, արդար… Սակայն, ժողո­վուրդը իր ձեռքով քանդեց կերտուա­ծը, հետեւե­լով «խաբեբայ»ի մը, «արկածախնդիր»ի մը, «դաւաճան»ի եւ վերջա­պէս՝ «թուրք»ի մը առաջնորդութեան։

Այո՛, անցեա­լին, թուրքին դէմ պայքա­րը եղած էր ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութեան հիմք, իսկ ներկա­յիս՝ երկրէն զայն վանե­լը։ Մեկուսա­նա­լը։ Արդէն Հայաստա­նը շրջա­պա­տուած է թուրքե­րով եւ ազէ­րի թուրքե­րով. Թուրքիա­յէն եւ Ատրպէյճա­նէն անդին Պարսկաստա­նի Ատրպա­տա­կա­նը եւ Վրաստա­նի հարաւ-արեւմուտքն ալ լեցուն են ազէ­րի­նե­րով։ Անշուշտ, ռուսը, վրա­ցին, իրանցին, ամե­րի­կա­ցին, եւրո­պա­ցին կրնան թուրքին հետ գործ ունե­նալ, բայց հայը, Հայաստա­նը՝ ո՛չ։ Իսկ ի՞նչ պիտի ըսէ Դաշնակցութիւնն իր ընկերվա­րա­կան գաղա­փա­րա­կիցնե­րուն, երբ Ընկերվա­րա­կան միջազգայնա­կան համա­գումա­րին մասնակցի «Առանց թուրքի Հայաստան» լոզունգով։ Ի՞նչ պիտի ըսէ Թուրքիոյ ընկերվա­րա­կան գաղա­փա­րա­կիցնե­րուն։ Եւ ի՞նչ պիտի ըսէ Հանրա­պե­տա­կա­նը, երբ եւրո­պա­կան ազա­տա­կան կուսակցութիւննե­րու համա­գումա­րին զեկուցէ Հայաստա­նի ժողովրդա­վա­րա­կան ու ազա­տա­կան ձեռքբե­րումնե­րուն մասին՝ «առանց թուրքի Հայաստա՞ն»։ Իսկ ի՞նչ ըսել Ռոպերթ Քոչա­րեա­նի՝ հայր Ալիեւի հետ Քի Ուեստի մէջ եւ անկէ առաջ 1993-ին գաղտնի հանդի­պումին եւ բազմա­թիւ այլ հանդի­պումնե­րուն մասին։ Եւ ի՞նչ պիտի ըսէ Հայ Առա­քե­լա­կան Եկե­ղե­ցին Պոլսոյ Պատրիարքութեան, որ կախեալ է Թուրքիա­յէն, որ օր ու գիշեր թուրքե­րուն հետ գործ ունի։ Պէտք է ընտրութի՞ւն կատա­րէ, կա՛մ Թուրքիան, կա՛մ Հայաստա՞նը։ Այսինքն՝ լքէ ժողո­վուրդը, ժառանգութիւնը, կալուածնե­րը, պատմութիւնը… Նոյն հարցումը իրենք իրենց պէտք է յղե՞ն բոլոր պոլսա­հա­յե­րը, թրքա­հա­յե­րը, նաեւ անոնք, որոնք իսլա­մա­ցած, թրքա­ցած, քրտա­ցած, թաքուն մնա­ցած են։ Եւ ի՞նչ պիտի ընէ Մեծի Տանն Կիլի­կիոյ Կաթո­ղի­կո­սութիւնը, որ դատ բացած է Սիսի կաթո­ղի­կո­սա­րա­նին տիրա­նա­լու։ Պէտք է հրա­ժա­րի՞։ Իսկ ի՞նչ պիտի ընենք օսմա­նեան տիրա­պե­տութեան տակ գտնուած հայութեան պատմութիւնը, անոր ծառա­յած բոլոր հայ կառա­վա­րա­կան պաշտօ­նեա­նե­րը, այնտեղ գործած առեւտրա­կաննե­րը, արուեստա­գէտնե­րը, արհեստաւորնե­րը, գիւղա­ցի­նե­րը… որոնք գործակցած են, աշխա­տած են, ապրած են, ստեղծա­գործած են, պայքա­րած են թուրքե­րու դէմ եւ օր ու գիշեր անոնց հետ շփուած։ Մոռնա՞նք Արեւմտա­հա­յաստանն ու արեւմտա­հայ ժառանգութիւնը։ Մոռնա՞նք նաեւ Դաշնակցութեան եւ Երիտթուրքե­րու եղբայրա­ցումը 1908‑ի Յեղա­փո­խութեան ժամա­նակ, 1920-ին, 1921-ին՝ թուրքե­րուն հետ Կարսի եւ Մոսկուա­յի համա­ձայնագրե­րու ստո­րագրումը։ Ժխտե՞նք սփիւռքա­հա­յութեան մէկ դարու պատմութիւնը, ցեղասպա­նուած սերունդին Արեւմտա­հա­յաստան, Կիլի­կիա ծնած ըլլա­լը, թուրքե­րուն հետ շփումներ ունե­ցած ըլլա­լը։ «Առանց թուրքի Հայաստան» ստեղծե­լու համար պէտք է ուղեղնե­րը լուալ, ջնջել հայութեան յիշո­ղութե­նէն հայեւթուրք յարա­բե­րութիւննե­րու պատմութիւնը, որովհե­տեւ համա­զօր է դաւա­ճա­նութեան, սրբապղծումի, հակոտնեայ՝ «առանց թուրքի Հայաստան»ի իրա­կա­նա­ցումին, փրկութեան տեսլա­կա­նին։ Այդ պատմութիւննե­րը կրնան ապա­կա­նել, չէ՞, երի­տա­սարդ սերունդնե­րու երեւա­կա­յութիւնը…

Այսպէս, թուրքէն խոր վախի, անոր հանդէպ ատե­լութեան, ցեղա­պաշտութեան բոլոր դրսեւո­րումնե­րը մէկ նախա­դա­սութեան մէջ ի յայտ եկան։ Ցարդ թուրքը՝ յանուն ազա­տութեան, արդա­րութեան պայքա­րի, ժողո­վուրդնե­րու իրաւունքի պաշտպա­նութեան, ինքնա­պաշտպա­նութեան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպա­նութեան ճանաչման, ժխտո­ղա­կա­նութեան ու ռազմա­կան ոճիրնե­րու դէմ պայքա­րի, փոքրա­մասնութիւննե­րու իրաւունքնե­րու պաշտպա­նութեան, մշա­կութա­յին ժառանգութեան, քաղա­քակրթա­կան արժէքնե­րու պահպա­նութեան ծառա­յող մղիչ ուժ էր։ Այս բոլո­րը մէկ անգա­մէն անհետացա՞ն, չքացա՞ն։ Իսկ վաղը ընդդի­մա­դիրնե­րը Արցա­խի համար բանակցութիւննե­րը, Հայաստա­նի համար սահմա­նագծումի, սահմա­նա­զատման համա­ձայնութիւննե­րը որո՞ւ հետ պիտի կնքեն։ Պիտի յանդգնի՞ն ժխտել Նոյեմբեր 9‑ի համա­ձայնա­գի­րը։ Պիտի յանդգնի՞ն հակա­ռա­կիլ Ռուսաստա­նի Փութի­նին։ Մինչեւ հիմա այս կէտին մասին ո՛չ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ Քոչա­րեա­նը, ո՛չ ալ Սերժ Սարգսեա­նը արտա­յայտուած են։ Փաստօ­րէն, ինչ որ քաղա­քա­կան պայքա­րի համար իբրեւ լոզունգ յղա­ցուած է ամբոխնե­րը հրահրե­լու, խանդա­վա­ռե­լու համար, աւե­լի պարզ եւ ուղղա­կի ժխտումն է Արցա­խին ու արցա­խա­հա­յութեան իրաւունքնե­րուն։ «Առանց թուրքի Հայաստան»ով իշխա­նութեան գլուխ եկած ընդդի­մութիւնը պիտի հաւա­սա­րի ցեղա­պաշտ Ալիեւին, որ առանց հայու Ատրպէյճան կ՚երեւակայէ։ Ի՞նչ իմաստ ունի այլեւս Եւրո­պա­յի Մարդու իրաւանց ատեան երթալ ու Ատրպէյճա­նի հայա­տեա­ցութեան դէմ դատի դիմել։

Բարե­բախտա­բար, այս խեղկա­տա­կութեան դիմաց կառա­վա­րութիւնը դիւա­նա­գի­տա­կան հսկա­յա­կան աշխա­տանք կը տանի տարբեր ձեւա­չա­փե­րով, Մոսկուա­յէն մինչեւ ԱՄՆ, մինչեւ Չինաստան, Հնդկաստան, երկխօ­սութեան ու բանակցութիւննե­րու միջո­ցով, Հայաստա­նին ու Արցա­խին խնա­յե­լու համար երկրորդ պատե­րազմի մը հաւա­նա­կա­նութիւնը։

Երա­նի՜ թէ «առանց թուրքի Հայաստան»ի քարո­զիչնե­րը փոխա­նակ լոզունգներ մշա­կե­լու, դասեր քաղած ըլլա­յին թուրքե­րէն, որոնք յաջո­ղե­ցան «Պայրաքթար» շինել, բանակ ու երկիր կառուցել, ճկուն բազմա­բեւեռ քաղա­քա­կա­նութիւն վարել…

Շաբաթ, Յունիս 4, 2022

Ժիրայր Չոլա­քեան

Հոդվա­ծը՝ aliqmedia.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ