Հայաստան

Դաշնակցութիւնը Ապակեդրոնացեալ Կուսակցութիւն Է

920էն ետք, երբ ՀՅԴ-ն հայութեան մէկ հատուածին նման դարձաւ տարագիր կուսակցութիւն, լծուեցաւ գաղութներու կազմակերպման աշխատանքին: Իր ապակեդրոն աշխատանքի դրութիւնը նպաստեց տարբեր երկիրներու մէջ ճիւղաւորուելու, տուեալ երկիրի պայմաններէն մեկնած որդեգրելու իր քաղաքականութիւնը, թէ՛ տեղական իշխանութիւններու հետ համագործակցելու առումով եւ թէ գաղութային դժուարութիւնները յաղթահարելու գծով։

Գէորգ Թորոյեան

ՀՅԴի առաջին Ընդհանուր ժողովը՝ գումարուած 1892ին, մասնաւորաբար Սիմոն Զաւարեանի եւ Յովնան Դաւթեանի ջանքերով որդեգրեց կազմակերպական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:

Իր հիմնադրութենէն երկու տարի ետք, կազմակերպական այս դրութեան որդեգրումը պատահականութեան արդիւնք չէր: Երկու տարին բաւարար եղած էր Դաշնակցութեան առաջին գործիչները համոզելու համար, որ նորաստեղծ կուսակցութեան տարածման, հզօրացման եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար նմանօրինակ դրութեան մը որդեգրումը անհրաժեշտութիւն է:

Յեղափոխական գործունէութիւնը հիմնականին մէջ տարածուած ըլլալով Արեւմտահայաստանի, ցարական Հայաստանի, Պարսկաստանի եւ մասամբ Եւրոպայի մէջ, Դաշնակցութիւնը կը դառնար ճկուն կառոյց մը, որ իւրաքանչիւր շրջանի պատասխանատու մարմինին կու տար դաշնակցական գործունէութիւն ծաւալելու իր տարածքի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային պայմաններէն մեկնած, միշտ հաւատարիմ մնալով գաղափարական սկզբունքներուն, ծրագրային դրոյթներուն եւ Ընդհանուր ժողովներու որոշումներուն:

Ապակեդրոն գործելու այս որոշումը անիշխանական վիճակ չստեղծեց: Գաղափարական ամուր հէնքը, որուն վրայ խարսխուած էր կուսակցութիւնը, եւ կենդանի գործի պայմանները այնքան ամուր էին, որ ՀՅԴ Բիւրոն իբրեւ համադրող եւ համակարգող մարմին, կատարուելիք եւ կատարուած աշխատանքներուն, յաջողեցաւ կարճ ժամանակի մը մէջ ստեղծել կուռ եւ արդիւնաւէտ կառոյց մը, որ անընդհատ ինքնավերանորոգուեցաւ եւ թարմացաւ:

ՀՅԴի ապակեդրոն գործունէութեան լաւագոյն ապացոյցը կը մնայ 1904 թուականի Դուրան-Բարձրաւանդակի (Տարօն) Կեդրոնական կոմիտէի որոշումը: Դեռ 1890ականներէն Դաշնակցութեան գործունէութեան հիմնական գիծերէն էին ֆետայական-ինքնապաշտպանական կռիւները, որոնք հիմնականին մէջ կեդրոնացած էին Տարօնի մէջ: Բոլոր շրջաններու պատասխանատու մարմինները ամէն միջոցներով (զէնք-զինամթերք հայթայթել, գործիչներ առաքել, եւ այլն) կ՛օժանդակէին այդ շարժումին: 1904ին, Սասնոյ Բ. ապստամբութենէն ետք, երբ Մուշի եւ Մշոյ դաշտին մէջ, օսմանեան կառավարութիւնը ֆետայիներ որոնելու պատրուակով կը հարստահարէր եւ անասելի բռնութիւններ կը գործադրէր հայ գիւղացիներուն նկատմամբ, Տարօնի ԿԿը կ՛որոշէ վերջ տալ ֆետայական-փարթիզանական կռիւներուն եւ կը հրահանգէ ֆետայիներուն հեռանալ Մշոյ աշխարհէն: Այս որոշումը ըստ էութեան կը մեկնէր շահերէն Տարօնի հայութեան, որուն ֆիզիքական գոյութիւնը սպառնալիքի տակ էր ամէն օր եւ Տարօնի ԿԿի որոշումը Դաշնակցութեան յեղափոխական կռիւ մղելու որոշումին չէր հակադրուեր: Իբրեւ Տարօնի հայութեան ֆիզիքական ապահովութեան պատասխանատու, ԿԿը կը գտնէր, որ գէթ ժամանակաւորապէս դադրեցնելով ֆետայական շարժումը, աւելի տանելի պայմաններ պիտի ստեղծուին տեղւոյն հայութեան համար: 

Դաշնակցութեան բազմաբնոյթ աշխատանքները, ապակեդրոն դրութեան հետ միասին խթան հանդիսացան, որ անհատականութիւններ կերտուին եւ իրենք զիրենք լաւագոյն ձեւով դրսեւորեն կազմակերպութեան գործունէութեան մէջ, դառնալով առանցքային դէմքեր թէ՛ Դաշնակցութեան եւ թէ առհասարակ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Հարցական է, որ եթէ Դաշնակցութիւնը ապակեդրոն կուսակցութիւն չըլլար, պիտի ծնէի՞ն Նիկոլ Դումաններ, Դրոններ, Նժդեհներ, Արամներ ու Ռուբէններ: Փաստը այն է, որ յեղափոխական այդ սերունդի ներկայացուցիչները, իրենց ազգային եւ յեղափոխական-գաղափարական գործունէութիւնը յաջողեցան կատարել եւ դարձան նշանակալի անհատականութիւններ Դաշնակցութեան ճկուն բայց միաժամանակ կուռ կառոյցին շնորհիւ: Այլ խօսքով՝ ապակեդրոն կառոյցը դարբնոցը հանդիսացաւ անհատականութիւններու ստեղծման եւ ինքնադրսեւորման:

1920էն ետք, երբ ՀՅԴն հայութեան մէկ հատուածին նման դարձաւ տարագիր կուսակցութիւն, լծուեցաւ գաղութներու կազմակերպման աշխատանքին: Իր ապակեդրոն աշխատանքի դրութիւնը նպաստեց տարբեր երկիրներու մէջ ճիւղաւորուելու, տուեալ երկիրի պայմաններէն մեկնած որդեգրելու իր քաղաքականութիւնը, թէ՛ տեղական իշխանութիւններու հետ համագործակցելու առումով եւ թէ գաղութային դժուարութիւնները յաղթահարելու գծով:

Այսօր՝ ՀՅԴ Առաջին Ընդհանուր ժողովէն 130 տարի ետք, երբ հայութեան քաղաքական եւ աշխարհագրական պայմանները մեծ փոփոխութիւններ կրած են Ցեղասպանութեան հետեւանքով, երբ հայութիւնը այլեւս կեդրոնացած չէ միմիայն հայրենիքի մէջ եւ իր համրանքին մեծամասնութիւնը կ՛ապրի տարբեր երկիրներու մէջ, երբ աշխարհը դարձած է աւելի բազմագոյն եւ բազմաշերտ, ՀՅԴ ապակեղրոն գործունէութիւնը կը դառնայ աւելի քան հրամայական, մեկնելով իւրաքանչիւր գաղութի ներքին պայմաններէն եւ նաեւ տուեալ երկիրի քաղաքական-հասարակարգէն, անշուշտ միշտ մնալով հաւատարիմ ՀՅԴ Ծրագիրին, բարոյական արժէքներուն եւ պատմական աւանդին ու առաքելութեան:

Ներկայ բարդ ժամանակներու եւ քաղաքական յարափոփոխ պայմաններու լոյսին տակ, Դաշնակցութիւնը իր ապակեղրոնացեալ դրութեամբ եւ գործունէութեամբ, ի վիճակի է հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն գտնել յարմարագոյն ելքերը եւ նպաստել մեր ժողովուրդին բարօրութեան եւ Հայաստանի պետականութեան հզօրացման:

Ամբողջական հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *