«Ընդունինք, որ յարատեւ պայքարը ամէն բանէ առաջ բռնակալութեան դէմ ազատագրական պայքարի կոչ եղած է եւ երբեք չէ սահմանափակուած բողոք արտայայտող հաւաքներով: Անիկա պայքար է բռնակալութեան դէմ եւ, բնական է, որ բոլոր յեղափոխական եւ հաւաքական ուժին հաւատացողները մասնակից եղած են այդ պայքարին»։
Ռազմիկ Շիրինեան
Հայ քաղաքական միտքին մէջ տեղ ունի, անկասկած, Քրիստափոր Միքայէլեանի յարատեւ պայքարի պատգամը: Ասիկա յեղափոխական պատգամ է, որ բնական արտայայտութիւն գտած է ազատագրական պայքարի մեր պատմութեան մէջ: Տեղ ունի նաեւ Եղիշէ Չարենցի միասնականութեան պատգամը (Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժի մէջ է): Երկու պատգամներն ալ իրենց այժմէականութիւնը ունին այսօր, քաղաքական մեր ներկայ իրականութեան հետ կապուած, անկասկած:
Դժբախտաբար սակայն, հանգիստ խիղճով չեմ ըներ այս հաստատումները: Անոնք, որքան ալ այժմէական հնչեն, հին պատգամներ են մեր պատմութեան եւ ճակատագիրին հետ կապուած: Այսօր, տակաւին ստիպուած կ՛ըլլանք գործածել այդ պատգամները, քաղաքական մեր ներկայ իրականութեան անդրադառնալու համար:
Սակայն, այդ պատգամները կը յիշենք ու կը գործածենք իրարմէ անջատ, առանց կարենալ զանոնք իրարու շաղկապող ուժգին եզր մը գտնելու: Այսինքն, առանց կարենալ միասնական ուժը եւ յարատեւ պայքարը իրարու շղթայող ազգային մարտավարական զարգացման ուղղութեամբ յառաջանալու:
Ասիկա հաւանաբար ներկայ մեր քաղաքական միտքի թերաճ զարգացումին հետեւանքն է: Ըսել կ՛ուզեմ, տակաւին այս հին պատգամներու պատահական գործածութեան կը հետեւինք միայն, առանց կարենալ քաղաքական մեր գիտակցութեան մէջ պայքարի ուժգին եւ տոկուն գետին մը գտնելու:
Ընդունինք, որ յարատեւ պայքարը ամէն բանէ առաջ բռնակալութեան դէմ ազատագրական պայքարի կոչ եղած է եւ երբեք չէ սահմանափակուած բողոք արտայայտող հաւաքներով: Անիկա պայքար է բռնակալութեան դէմ եւ, բնական է, որ բոլոր յեղափոխական եւ հաւաքական ուժին հաւատացողները մասնակից եղած են այդ պայքարին: Իսկ Չարենցի միասնականութեան պատգամին մէջ գոյութիւն ունի ազգային եւ կազմակերպական արժէքներու ժողովրդավար, ինչպէս նաեւ ընկերվար միտքը: Այդ պատգամին մէջ տարօրինակ չէ, որ գոյութիւն ունենայ տարակարծութիւն կամ անհասկացողութիւն, բայց երբեք՝ ատելութեան հասնող մերժողականութիւն:
Երկու պատգամներն ալ գաղափարական խորք ունին մեզի համար. մէկը՝ յեղափոխականութիւնն է (ազատագրական պայքարը), իսկ միւսը՝ ընկերվարութիւնը (հաւաքական ուժը): Երկուքն ալ ազգային մեր պատկանելիութեան հետ կապուած եւ այդ պատկանելիութեան նկարագիր տուող հիմնական տուեալներ եղած են:
Ընդունինք նաեւ, որ իշխանութիւն տապալելու ներկայ զանգուածային բողոքները տակաւին չունին ժողովուրդի անհրաժեշտ միասնականութիւնը եւ, հետեւաբար, այդ բողոքի արտայայտութիւնները իրենց ներկայ կացութեան մէջ, որքան ալ վճռական հնչեն, տակաւին գոհացուցիչ պատկերը չեն տար Չարենցի «հաւաքական ուժ»ի եւ Քրիտափորի «յարատեւ պայքար»ի խորքին:
Պատմական եւ քաղաքական քննարկումները անհրաժեշտ են հասկնալու համար մեր ներկայ վիճակը: Առնուազն, մէկ բան յստակ է այսօր: Յստակ ու ակնյայտ է մեր մէջ քաղաքական թէ ընկերային պառակտումը թէ՛ ազգային, թէ՛ կազմակերպական ու նաեւ անհատական մակարդակներու վրայ: Բնական պառակտում մը չէ ասիկա, այլ կառուցուած է մեզմով, մեր քաղաքական դիրքորոշումներով, վերջին տասնամեակներու մեր տնտեսական շահարկումներով թէ շահագործումներով, մեր ազգային դիւանագիտական, կուսակցական եւ անհատական կեանքին մէջ կուտակուած գիտակից կամ անգիտակից շեղումներով: Հետեւաբար, եթէ պետականութեան կառուցման եւ քաղաքական զարգացման գիտակցութիւնն է մեր առաջնորդը, ապա դժուար պէտք չէ ըլլայ ապակառուցել այս պառակտումը եւ նոր ուղղութիւն մը տալ հայ ժողովուրդի ազգային քաղաքական կեանքին՝ պետականութեան կառուցման եւ քաղաքական զարգացման պատգամներով:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։