25.3 C
Yerevan

Մինչ Անոնք Կը Խաղան

Իսկ ֆաշիզմը ի՛նչ է իսկա­պէս: Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը եւ բացէ՛ք թերթե­րը. համայնա­վա­րութեան ամբողջա­տի­րա­կան օրե­րուն պէս միա՛յն մէկ կարծիք կը տեսնէք. վարդա­պե­տութիւնը (indoctrination) ողո­ղած է բոլո­րը. խմբա­գիր, յօդուա­ծա­գիր, ուսուցիչ, հոգա­բարձու… ով որ կ՛ուզէք «պատրա՛ստ»ի կեցած է պէտք եղած ատե­նը «թո՛ւրք» հնչեցնե­լու:

Անի Աստուրեան


Մեր օրե­րու աշխարհը «շուռ» եկած է: Բոլոր արժէ­քա­հա­մա­կարգե­րը գլխի­վայր դարձած ըլլալ կը թուին: Դիմա­տետրը, Ինսթակրա­մը, Թուի­թը­րը թեւեր տուած են անոնց, որոնք սովո­րա­կան աշխարհի մը մէջ, գլուխնին կախ, տունէն աշխա­տա­տե­ղի, աշխա­տա­տե­ղիէն տուն պիտի քալէին, առանց նոյնիսկ հետաքրքրուած ըլլա­լու հայաշխարհով:


Խորհրդա­յին Միութեան օրե­րու մարտա­վա­րա­կան խաղե­րը (tactics) հասած են մինչեւ Սփիւռք: Ժամա­նա­կին դաշնակցա­կաննե­րը որա­կուած էին «իմպէրիալիզմ»ի ծառա­յող, «պուրժուա պահպա­նո­ղա­կան» ուժեր: Այսօր, այդ նոյն ուժե­րը սկսած են պիտա­կաւո­րել անոնք, որոնք իրենցմէ տարբեր կարծիք ունին: Ամէ­նէն ցայտուն օրի­նա­կը՝ «դաւա­ճան» պիտակն է. կամ՝ «թուրք»:

Գրե­թէ ընդունե­լի նկա­տուած է Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը ներկա­յացնող դեսպա­նը նեղե­լը (harassment), ետեւէն քալե­լով եւ «դաւա­ճան», «դաւա­ճան» կոչե­լով զինք: Ընդունե­լի է նաեւ գինի թափե­լը վրան: Եւ վա՛յ որ մէկը համարձա­կի դիտո­ղութիւն ընել այդ մասին…. ա՛ն ալ «մեղսա­կից», «դաւա­ճան» կը դառնայ: Հապա ի՞նչ… այնքա՛ն դիւրին դարձած է այս օրե­րուս անարգ վերա­բե­րում ունե­նա­լը որեւէ պաշտօ­նա­կան ներկա­յա­ցուցի­չի հանդէպ, ա՛լ ուր մնաց՝ յարգուած անձնաւո­րութեանց կամ՝ բարե­կա­մի: «Դաւաճա՛ն» կ՛ըսէք եւ եթէ մէկը համարձա­կի բան մը ըսել՝ կը պատճա­ռա­բա­նէք, որ… «հողատու»ն կը պաշտպա­նէ, որ Արցա­խը մերը չէ այլեւս, որ… ի՛նչ լաւ էր նախկիննե­րուն օրով:

Եթէ պատա­հի, որ փորձէք դիմա­դարձել եւ փաստեր բերել, իրենց դրոյթնե­րը (thesis) խնդրոյ առարկայ դարձնե­լով, այն ատեն այս մարդի­կը կը դառնան պատմա­բան, քաղա­քա­գէտ, փորձա­գէտ. երբեմն, իրենց ամբողջ կեանքին մէջ հայութեան համար ոչինչ ըրած անձեր կը սկսին ամբարտաւան վարուե­լա­կերպ ցուցա­բե­րել ուրիշնե­րու հանդէպ, երբ անոնց գիտցա­ծին քառորդին քառորդը չեն գիտեր, կամ՝ անոնց ըրա­ծին քառորդին քառորդը չեն ըրած: Ահա ձեզի վերջին օրի­նա­կը խեղկա­տա­կութեան։

Սերժ Թանգեան. արժէ­քաւոր արուեստա­գէտ մը, որ միլիո­նաւոր երի­տա­սարդնե­րու ծանօ­թա­ցուցած է Հայոց Ցեղասպա­նութիւնը, ամէ՛ն առի­թի նեցուկ կեցած է Հայ Դատի յանձնա­խումբի աշխա­տանքնե­րուն. Արցա­խեան վերջին պատե­րազմին սկզբնա­կան օրե­րուն երկու հարիւր յիսուն հազար տոլար նուի­րած է պատե­րազմին կարիքնե­րը հոգա­լու համար, իսկ անոր ընթացքին՝ մէկ միլիոն տոլա­րէ աւե­լի: Իր ունե­ցած ազդե­ցութեան շնորհիւ, տակաւին որքա՜ն այլ ձեւե­րով սատա­րած է հայրե­նի­քին եւ հայրե­նի պետա­կա­նութեան. նեցուկ կեցած է նաե՛ւ Համազգա­յի­նի մշա­կութա­յին ընկե­րակցութեան: Բայց այս բոլո­րը, ինչպէս կ՛երեւի, դիմա­տետրեան մշա­կոյթի այս օրե­րուն՝ ոչ մէկ արժէք կը ներկա­յացնեն. Արցա­խի ՀՅԴ Երի­տա­սարդա­կան միութիւնը «դաւա­ճա­նա­կան խունդա­յի անդամ» կ՛որակէ Սերժ Թանգեա­նը, իսկ այլ երի­տա­սարդներ «գործի կ՛անցնին» եւ խնդա­լով, գրգռե­լով՝ «հայրե­նա­սի­րութիւն» կը խաղան, «դաւաճան»ի կողքին «լուզըր» մակդիրն ալ շնորհե­լով երա­ժիշտին…

Ուրիշներ իրենք իրենց իրաւա­սութիւն կու տան հայ ոստի­կա­նը «թո՛ւրք» անուա­նե­լու եւ ամբողջ ոստի­կա­նութիւնը, իշխա­նութիւնը ֆաշա­կան նկա­տե­լու: Դժբախտա­բար կամ բարե­բախտա­բար՝ Սփիւռքի զանա­զան երկիրնե­րու մէջ ապրող հայե­րը տեսած են ֆրանսա­ցի կամ ամե­րի­կա­ցի ոստի­կաննե­րու ի գործ դրած բրտութիւնը ցոյցե­րու ընթացքին եւ կը հաստա­տեն, որ բաղդա­տած այլ երկիրնե­րու՝ Հայաստա­նի ոստի­կա­նութիւնը շա՜տ աւե­լի մեղմ ու համբե­րող կեցուածք ցուցա­բե­րեց երբ ժողո­վուրդը վրան կու գար… Վստա­հա­բար գտնուե­ցան կոշտ ոստի­կաններ ալ, բայց ֆաշիզմով դատա­պարտել զանոնք, նուա­զա­գոյնը՝ ժպիտ կը բերէ դէմքին: Եւ ո՞ւր էին բրտութիւն դատա­պարտող այս մարդի­կը, երբ Լ. Տէր Պետրո­սեա­նի, Ռ. Քոչա­րեա­նի կամ Ս. Սարգի­սեա­նի ոստի­կաննե­րը արիւնլուայ կ՛ընէին տասնեակ ու տասնեակ ցուցա­րարներ:

Իսկ ֆաշիզմը ի՛նչ է իսկա­պէս: Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը եւ բացէ՛ք թերթե­րը. համայնա­վա­րութեան ամբողջա­տի­րա­կան օրե­րուն պէս միա՛յն մէկ կարծիք կը տեսնէք. վարդա­պե­տութիւնը (indoctrination) ողո­ղած է բոլո­րը. խմբա­գիր, յօդուա­ծա­գիր, ուսուցիչ, հոգա­բարձու… ով որ կ՛ուզէք «պատրա՛ստ»ի կեցած է պէտք եղած ատե­նը «թո՛ւրք» հնչեցնե­լու: «Մտաւո­րա­կան» դասն ալ հրաւի­րուած է հրա­պա­րակ. «օ՛ն, «գործիչ»ներ՝ ամէն օր գրեցէ՛ք. ամէ՛ն օր «հողատո՛ւ», «դաւաճա՛ն» հոլովեցէ՛ք, մինչեւ որ դուք ալ յոգնիք ու յոգնեցնէք»: Վահէ Օշա­կա­նը ողջ ըլլար՝ «աս ի՞նչ տեսակ մտաւո­րա­կան էք» պիտի ըսէր ու թերեւս քիչ մը կարմրէին թութակնե­րուն այտե­րը: Թերեւս անդրա­դառնա­յին, որ մտաւո­րա­կան չե՛ն, որովհե­տեւ ԱԶԱՏ չեն ու կը հետեւին վերէն պարտադրուած ամբո­խա­յին տրա­մա­բա­նութեան: Եթէ պատա­հի, որ մտաւո­րա­կան մը նախընտրէ լուռ մնալ՝ ահա՛՝ դատա­պարտե­լի՛ արարք: Ամօ՛թ իրեն. ինչո՞ւ կը լռէ…

Կը տեսնէ՞ք ինչպէս կ՛աշխատի ամբողջա­տի­րա­կան համա­կարգը. ինչպէս կ՛աշխատի ֆաշիզմը: Մէ՛ջն էք. անոր համար չէ՛ք տեսներ: Եւ այնքա՛ն մէջն էք ու այնքա՛ն բեւե­ռա­յին, որ հազի՛ւ կարդաք այս տողե­րը՝ պիտի ըսէք. «հապա դո՞ւք. դուք ալ Արեւմուտքի վարդա­պե­տութեան, NGO-ներու գերին էք»: Մէջտե­ղը վայր մը չկայ դժբախտա­բար, ուր ուղե­ղա­լուացքէն ազա­տած միտքեր կարե­նան հանդարտ խօսիլ ու տրա­մա­բա­նել, առանց վիրաւո­րե­լու դիմա­ցի­նը:
 Եւ ըսել, որ կա՛ն ճշմա­րիտ հայրե­նա­սէրներ այս զանգուա­ծին մէջ. կա՛ն հաւատաւո՛ր, մաքո՛ւր, սրտցաւ հայեր, բայց ի՞նչ օգուտ, երբ յաճախ զգա­ցա­կան պոռթկումնե­րով կը շարժին:

Խե՜ղճ, պառակտուա՜ծ հայ ժողո­վուրդ. ամբողջ հարիւր տարի կերտածդ կրցան երե­սուն տարուան մէջ տապա­լել, որովհե­տեւ չ՛անդրադարձար, որ կամա՜ց- կամա՜ց կը սողոսկին էութե­նէդ ներս. կը խօսին հայրե­նա­սի­րութեան լեզուով, բայց ա՛յլ նպա­տակնե­րու համար: Մեծ պետութիւննե­րը կը գործա­ծեն քեզ իրե՛նց շահե­րուն համար… իսկ դո՞ւն… դուն կը դառնաս քո՛ւ պետութեանդ դէմ…:

Դո՛ւն՝ հայ ժողո­վուրդին միասնա­կա­նութեան կոչեր ընող հայութիւն, ո՛չ կրնաս միա­նալ, ո՛չ կրնաս հայրե­նիք ու պետութիւն կերտել, երբ բռնուած ես մտա­ծումը արգի­լող ճիրաննե­րուն մէջ ու ծառան ես ուրիշնե­րու քմա­հա­ճոյքին: Տխուր չէ՞ քեզ տեսնել ցուցա­րա­րի դիրքին մէջ քո՛ւ պետութեանդ դեսպա­նա­տունե­րուն դիմաց, երբ կրնա­յիր Արցա­խի դրօ­շը թուրքե­րուն, ազե­րի­նե­րուն կամ ռուսե­րուն դիմաց պարզել…

«Զարթի՛ր Լաո»ն շա՜տ աղուոր երգ է, բայց երբ «Զարթիր»ը դարձած է «Զարթնիր» եւ ոչ ոք հարց կու տայ, թէ այդ «ն» ի՞նչ գործ ունի հոն՝ ամէն բան ա՛լ աւե­լի յստակ կը դառնայ:  

Թութակնե­րը կը կրկնեն նոյն սխա­լը, նոյն ձեւով, առանց հարցադրե­լու…

Զարթի՛ր Լաո. աչքերդ բա՛ց եւ մինչ «անոնք» կը խաղան՝ դուն կարդա՛ գիրք ու պատմութիւն. սորվէ՛ յարգել պետութեան ներկա­յա­ցուցիչներդ, նոյնիսկ եթէ համա­ձայն չես իրենց որդեգրած գիծին. սորվէ՛ յարգել արժէքներդ եւ միացի՛ր – եթէ կրնաս, եթէ կ’ուզես- ժողո­վուրդիդ, որպէսզի միասի՛ն կերտէք հայրե­նիք, միասի՛ն պայքա­րիք բուն թշնա­միին դէմ:

Ու գիտցի՛ր Լաո, որ երբ քուկինդ «թուրք» կամ «դաւա­ճան» կ՛անուանես՝ միա՛յն թուրքին ու ազե­րիին կը ծառա­յես:

Զարթի՛ր Լաո:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ