Հայաստան

Մինչ Անոնք Կը Խաղան

Իսկ ֆաշիզմը ի՛նչ է իսկապէս: Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը եւ բացէ՛ք թերթերը. համայնավարութեան ամբողջատիրական օրերուն պէս միա՛յն մէկ կարծիք կը տեսնէք. վարդապետութիւնը (indoctrination) ողողած է բոլորը. խմբագիր, յօդուածագիր, ուսուցիչ, հոգաբարձու… ով որ կ՛ուզէք «պատրա՛ստ»ի կեցած է պէտք եղած ատենը «թո՛ւրք» հնչեցնելու:

Անի Աստուրեան


Մեր օրերու աշխարհը «շուռ» եկած է: Բոլոր արժէքահամակարգերը գլխիվայր դարձած ըլլալ կը թուին: Դիմատետրը, Ինսթակրամը, Թուիթըրը թեւեր տուած են անոնց, որոնք սովորական աշխարհի մը մէջ, գլուխնին կախ, տունէն աշխատատեղի, աշխատատեղիէն տուն պիտի քալէին, առանց նոյնիսկ հետաքրքրուած ըլլալու հայաշխարհով:


Խորհրդային Միութեան օրերու մարտավարական խաղերը (tactics) հասած են մինչեւ Սփիւռք: Ժամանակին դաշնակցականները որակուած էին «իմպէրիալիզմ»ի ծառայող, «պուրժուա պահպանողական» ուժեր: Այսօր, այդ նոյն ուժերը սկսած են պիտակաւորել անոնք, որոնք իրենցմէ տարբեր կարծիք ունին: Ամէնէն ցայտուն օրինակը՝ «դաւաճան» պիտակն է. կամ՝ «թուրք»:

Գրեթէ ընդունելի նկատուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող դեսպանը նեղելը (harassment), ետեւէն քալելով եւ «դաւաճան», «դաւաճան» կոչելով զինք: Ընդունելի է նաեւ գինի թափելը վրան: Եւ վա՛յ որ մէկը համարձակի դիտողութիւն ընել այդ մասին…. ա՛ն ալ «մեղսակից», «դաւաճան» կը դառնայ: Հապա ի՞նչ… այնքա՛ն դիւրին դարձած է այս օրերուս անարգ վերաբերում ունենալը որեւէ պաշտօնական ներկայացուցիչի հանդէպ, ա՛լ ուր մնաց՝ յարգուած անձնաւորութեանց կամ՝ բարեկամի: «Դաւաճա՛ն» կ՛ըսէք եւ եթէ մէկը համարձակի բան մը ըսել՝ կը պատճառաբանէք, որ… «հողատու»ն կը պաշտպանէ, որ Արցախը մերը չէ այլեւս, որ… ի՛նչ լաւ էր նախկիններուն օրով:

Եթէ պատահի, որ փորձէք դիմադարձել եւ փաստեր բերել, իրենց դրոյթները (thesis) խնդրոյ առարկայ դարձնելով, այն ատեն այս մարդիկը կը դառնան պատմաբան, քաղաքագէտ, փորձագէտ. երբեմն, իրենց ամբողջ կեանքին մէջ հայութեան համար ոչինչ ըրած անձեր կը սկսին ամբարտաւան վարուելակերպ ցուցաբերել ուրիշներու հանդէպ, երբ անոնց գիտցածին քառորդին քառորդը չեն գիտեր, կամ՝ անոնց ըրածին քառորդին քառորդը չեն ըրած: Ահա ձեզի վերջին օրինակը խեղկատակութեան։

Սերժ Թանգեան. արժէքաւոր արուեստագէտ մը, որ միլիոնաւոր երիտասարդներու ծանօթացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ամէ՛ն առիթի նեցուկ կեցած է Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն. Արցախեան վերջին պատերազմին սկզբնական օրերուն երկու հարիւր յիսուն հազար տոլար նուիրած է պատերազմին կարիքները հոգալու համար, իսկ անոր ընթացքին՝ մէկ միլիոն տոլարէ աւելի: Իր ունեցած ազդեցութեան շնորհիւ, տակաւին որքա՜ն այլ ձեւերով սատարած է հայրենիքին եւ հայրենի պետականութեան. նեցուկ կեցած է նաե՛ւ Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան: Բայց այս բոլորը, ինչպէս կ՛երեւի, դիմատետրեան մշակոյթի այս օրերուն՝ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն. Արցախի ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը «դաւաճանական խունդայի անդամ» կ՛որակէ Սերժ Թանգեանը, իսկ այլ երիտասարդներ «գործի կ՛անցնին» եւ խնդալով, գրգռելով՝ «հայրենասիրութիւն» կը խաղան, «դաւաճան»ի կողքին «լուզըր» մակդիրն ալ շնորհելով երաժիշտին…

Ուրիշներ իրենք իրենց իրաւասութիւն կու տան հայ ոստիկանը «թո՛ւրք» անուանելու եւ ամբողջ ոստիկանութիւնը, իշխանութիւնը ֆաշական նկատելու: Դժբախտաբար կամ բարեբախտաբար՝ Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ ապրող հայերը տեսած են ֆրանսացի կամ ամերիկացի ոստիկաններու ի գործ դրած բրտութիւնը ցոյցերու ընթացքին եւ կը հաստատեն, որ բաղդատած այլ երկիրներու՝ Հայաստանի ոստիկանութիւնը շա՜տ աւելի մեղմ ու համբերող կեցուածք ցուցաբերեց երբ ժողովուրդը վրան կու գար… Վստահաբար գտնուեցան կոշտ ոստիկաններ ալ, բայց ֆաշիզմով դատապարտել զանոնք, նուազագոյնը՝ ժպիտ կը բերէ դէմքին: Եւ ո՞ւր էին բրտութիւն դատապարտող այս մարդիկը, երբ Լ. Տէր Պետրոսեանի, Ռ. Քոչարեանի կամ Ս. Սարգիսեանի ոստիկանները արիւնլուայ կ՛ընէին տասնեակ ու տասնեակ ցուցարարներ:

Իսկ ֆաշիզմը ի՛նչ է իսկապէս: Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը եւ բացէ՛ք թերթերը. համայնավարութեան ամբողջատիրական օրերուն պէս միա՛յն մէկ կարծիք կը տեսնէք. վարդապետութիւնը (indoctrination) ողողած է բոլորը. խմբագիր, յօդուածագիր, ուսուցիչ, հոգաբարձու… ով որ կ՛ուզէք «պատրա՛ստ»ի կեցած է պէտք եղած ատենը «թո՛ւրք» հնչեցնելու: «Մտաւորական» դասն ալ հրաւիրուած է հրապարակ. «օ՛ն, «գործիչ»ներ՝ ամէն օր գրեցէ՛ք. ամէ՛ն օր «հողատո՛ւ», «դաւաճա՛ն» հոլովեցէ՛ք, մինչեւ որ դուք ալ յոգնիք ու յոգնեցնէք»: Վահէ Օշականը ողջ ըլլար՝ «աս ի՞նչ տեսակ մտաւորական էք» պիտի ըսէր ու թերեւս քիչ մը կարմրէին թութակներուն այտերը: Թերեւս անդրադառնային, որ մտաւորական չե՛ն, որովհետեւ ԱԶԱՏ չեն ու կը հետեւին վերէն պարտադրուած ամբոխային տրամաբանութեան: Եթէ պատահի, որ մտաւորական մը նախընտրէ լուռ մնալ՝ ահա՛՝ դատապարտելի՛ արարք: Ամօ՛թ իրեն. ինչո՞ւ կը լռէ…

Կը տեսնէ՞ք ինչպէս կ՛աշխատի ամբողջատիրական համակարգը. ինչպէս կ՛աշխատի ֆաշիզմը: Մէ՛ջն էք. անոր համար չէ՛ք տեսներ: Եւ այնքա՛ն մէջն էք ու այնքա՛ն բեւեռային, որ հազի՛ւ կարդաք այս տողերը՝ պիտի ըսէք. «հապա դո՞ւք. դուք ալ Արեւմուտքի վարդապետութեան, NGO-ներու գերին էք»: Մէջտեղը վայր մը չկայ դժբախտաբար, ուր ուղեղալուացքէն ազատած միտքեր կարենան հանդարտ խօսիլ ու տրամաբանել, առանց վիրաւորելու դիմացինը:
 Եւ ըսել, որ կա՛ն ճշմարիտ հայրենասէրներ այս զանգուածին մէջ. կա՛ն հաւատաւո՛ր, մաքո՛ւր, սրտցաւ հայեր, բայց ի՞նչ օգուտ, երբ յաճախ զգացական պոռթկումներով կը շարժին:

Խե՜ղճ, պառակտուա՜ծ հայ ժողովուրդ. ամբողջ հարիւր տարի կերտածդ կրցան երեսուն տարուան մէջ տապալել, որովհետեւ չ՛անդրադարձար, որ կամա՜ց- կամա՜ց կը սողոսկին էութենէդ ներս. կը խօսին հայրենասիրութեան լեզուով, բայց ա՛յլ նպատակներու համար: Մեծ պետութիւնները կը գործածեն քեզ իրե՛նց շահերուն համար… իսկ դո՞ւն… դուն կը դառնաս քո՛ւ պետութեանդ դէմ…:

Դո՛ւն՝ հայ ժողովուրդին միասնականութեան կոչեր ընող հայութիւն, ո՛չ կրնաս միանալ, ո՛չ կրնաս հայրենիք ու պետութիւն կերտել, երբ բռնուած ես մտածումը արգիլող ճիրաններուն մէջ ու ծառան ես ուրիշներու քմահաճոյքին: Տխուր չէ՞ քեզ տեսնել ցուցարարի դիրքին մէջ քո՛ւ պետութեանդ դեսպանատուներուն դիմաց, երբ կրնայիր Արցախի դրօշը թուրքերուն, ազերիներուն կամ ռուսերուն դիմաց պարզել…

«Զարթի՛ր Լաո»ն շա՜տ աղուոր երգ է, բայց երբ «Զարթիր»ը դարձած է «Զարթնիր» եւ ոչ ոք հարց կու տայ, թէ այդ «ն» ի՞նչ գործ ունի հոն՝ ամէն բան ա՛լ աւելի յստակ կը դառնայ:  

Թութակները կը կրկնեն նոյն սխալը, նոյն ձեւով, առանց հարցադրելու…

Զարթի՛ր Լաո. աչքերդ բա՛ց եւ մինչ «անոնք» կը խաղան՝ դուն կարդա՛ գիրք ու պատմութիւն. սորվէ՛ յարգել պետութեան ներկայացուցիչներդ, նոյնիսկ եթէ համաձայն չես իրենց որդեգրած գիծին. սորվէ՛ յարգել արժէքներդ եւ միացի՛ր – եթէ կրնաս, եթէ կ’ուզես- ժողովուրդիդ, որպէսզի միասի՛ն կերտէք հայրենիք, միասի՛ն պայքարիք բուն թշնամիին դէմ:

Ու գիտցի՛ր Լաո, որ երբ քուկինդ «թուրք» կամ «դաւաճան» կ՛անուանես՝ միա՛յն թուրքին ու ազերիին կը ծառայես:

Զարթի՛ր Լաո:

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *