ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հասկանալու Համար

Հայկական հանրային դաշտը՝ facebookեան պատերէն մինչեւ փողոցի այս կամ այն մայթ, իր տարաբնոյթ ձայներով՝ Հայաստանեան թէ Սփիւռքեան, կառավարական թէ ընդդիմադիր, «տեղացի» թէ «հայրենադարձ», այնքան հարուստ է աղբով:

Հրակ Փափազեան

«Ի՞նչ ընել» մերօրեայ դժուարագոյն հարցումին եթէ կայ մէ՛կ յստակ եւ աներկբայ պատասխան, հետեւեալն է. կրթութիւն։ Կրթուիլ, կրթել, կրթուիլ, կրթել։ Կամ մանթրա կը դառնայ ասիկա, կամ կը մնանք ուր որ ենք. աւելի ճիշդը՝ աւելի խորը կ՚ իջնենք կպչուն ու տաք այս կեղտին մէջ։
Հայկական հանրային դաշտը՝ facebookեան պատերէն մինչեւ փողոցի այս կամ այն մայթ, իր տարաբնոյթ ձայներով՝ Հայաստանեան թէ Սփիւռքեան, կառավարական թէ ընդդիմադիր, «տեղացի» թէ «հայրենադարձ», այնքան հարուստ է աղբով, տգիտութեամբ, սուտով, ձեռնավարութեամբ, միջմարդկային յարգանքի ի սպառ բացակայութեան դրսեւորումներով, եւայլն, որ վիճակի շարունակութեան պարագային չկայ այլընտրանք՝ այս տաքուկպչունին մէջ սուզուելուն։ Ուրեմն չկայ աւելի մեծ հրամայական քան՝ (նախ)ինքնակրթուիլն ու կրթելը։ Կրթութիւն իր լայն առումով. առնուազն՝ մտածելու արուեստ, արժէքներ, գիտելիք։
Շնորհակալութիւն, այս առումով, այն քիչ մարդոց, որ այս ուղղութեամբ թէկուզ համեստ քայլեր կ՚առնեն, անկախ անկէ՝ թէ ուր՝ կրթական համակարգէ ներս, հանրային այլ դաշտերու վրայ, թէ սեփական բազմոցի եւ գիրքի միջակայքին։

Գրառումը՝ Հրակ Փափազեանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *