20 C
Yerevan

Հայաստան՝ Արեւելք-Արեւմուտք Շահե­րու Բախումի Կիզա­կէ­տին

Հայկա­կան կողմը արդէն սկսաւ բարձրա­ձայնել Մինսքի համա­նա­խա­գա­հութեան ձեւա­չա­փին վերա­դառնա­լու իր ցանկութիւննե­րը եւ Ատրպէյճա­նի հետ սահմաննե­րու ճշդման համար կը խօսուի միջազգայնօ­րէն ընդունուած քարտէզնե­րը հիմք ընդունիլ: Այս իրո­ղութիւնը ի նպաստ հայկա­կան կողմին է, նկա­տի ունե­նա­լով որ միջազգայնօ­րէն ընդունուած քարտէզնե­րու համա­ձայն, Արցա­խը ոչ մէկ պարա­գա­յի գտնուած է անկախ Ատրպէյճա­նի սահմաննե­րուն մէջ:

Գէորգ Թորո­յեան

Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութիւնը անկիւնա­դարձ մըն է մեր պատմութեան մէջ: 12 Մայիս 1994էն հաստա­տուած ստա­տուս քոն (տիրող իրա­վի­ճակ) փուլ եկաւ, 27 Սեպտեմբե­րին Ատրպէյճա­նի շղթա­յա­զերծած պատե­րազմին հետեւանքով: Այս յայտա­րա­րութեամբ Արեւմուտքը դուրս մղուե­ցաւ Արցա­խեան հարցի կարգաւորման գործընթա­ցէն եւ ընդհանրա­պէս այս տարա­ծաշրջա­նէն, իսկ փոխա­րէ­նը, ռուս-թրքա­կան համա­ձայնութեամբ, Թուրքիա հիմնա­կան դերա­կա­տարնե­րէն մէկը դարձաւ անուղղա­կի, իմա՝ Ատրպէյճա­նի միջո­ցով, եւ նաեւ ուղղա­կիօ­րէն՝ ռուսա­կան օրհնութեամբ:

Մինչեւ 44օրեայ պատե­րազմը, եթէ Հայաստան Ռուսիոյ ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կիցն էր, ապա պատե­րազմին կրած պարտութեան հետեւանքով յայտնուե­ցաւ անոր քաղա­քա­կան աքցա­նին մէջ: Թուրք-ատրպէյճա­նա­կան սպառնա­լի­քը, զոր ռուսե­րը տեւա­բար օգտա­գործած են Հայաստա­նը իրմէ կախեալ պահե­լու համար, աւե­լի սրե­ցաւ: Պատե­րազմի աւարտէն վեց ամիս ետք, Ատրպէյճան ներխուժեց Սիւնիք եւ գրաւեց շուրջ 40 քառ. քիլո­մեթր տարա­ծութիւն ու սկսաւ սպառնալ եւ պահանջել Սիւնի­քէն միջանցք դէպի Նախի­ջեւան: Բնա­կա­նա­բար այս զարգա­ցումնե­րը եւս տեղի ունե­ցան Ռուսիոյ լռե­լեայն համամտութեամբ: Այս իրա­դարձութիւննե­րուն զուգա­հեռ ատրպէյճա­նա­կան կողմը հրա­պա­րակ նետեց սահմա­նագծման եւ սահմա­նա­զատման հարցը, հիմք ունե­նա­լով Խորհրդա­յին Միութեան ժամա­նակնե­րու՝ 1970ականներու քարտէզնե­րը:

Հայաստան յայտնուած էր անե­լի առջեւ, եւ քաղա­քա­կա­նօ­րէն մեկուսա­ցած ըլլա­լով, բացի Սիւնի­քի միջանցքէն, նախնա­կան իր համա­ձայնութիւնը տուաւ ատրպէյճա­նա­կան պահանջնե­րուն: Սիւնի­քի միջանցքին բացա­յայտ կերպով դէմ արտա­յայտուե­ցաւ Իրա­նը, իսկ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու դեսպա­նին յաճա­խա­կի այցը Սիւնի­քի շրջան քաղա­քա­կան պատգամն էր բոլո­րին, թէ Միա­ցեալ Նահանգնե­րը դէմ է այդ անցքին: Ատրպէյճան անցքի պահանջքը կը ներկա­յացնէր Թուրքիոյ հետ ցամա­քա­յին կապ ունե­նա­լու մտա­սեւե­ռումով, որով ժամա­նակ մը ետք կարե­լի պիտի ըլլար փանթուրա­նիզմի իրա­գործումը, իսկ Ռուսիա, անցքը վերահսկող կողմը ըլլա­լով, ի վիճա­կի պիտի ըլլար խափա­նել Հիւսիս-Հարաւ ծրա­գի­րը (Հնդկաստան, Իրան, Հայաստան, Վրաստան, Սեւ Ծով եւ Եւրո­պա), որ ըստ էութեան կը միտի աւե­լիով մեկուսացնել Ռուսիան: Ճիշդ այդ օրե­րուն եւրո­պա­ցիք որո­շե­ցին Հայաստա­նի յատկացնել 3 միլիառ եուրօ, որուն մեծա­գոյն մասը պիտի յատկա­ցուի Սիւնի­քի զարգացման: Այս քայլը Եւրո­պա­յի կողմէ պատգամ էր, որ եւրո­պա­ցիք եւս դէմ են միջանցքի տրա­մա­բա­նութեան։

Այս իրա­դարձութիւննե­րուն առընթեր, Ատրպէյճան բազմիցս յայտա­րա­րեց, թէ Արցա­խի հարց գոյութիւն չունի, իսկ Ռուսիոյ նախա­գահ Փութին պաշտօ­նա­պէս յայտա­րա­րեց, թէ Արցա­խը Ատրպէյճան է եւ թէ ԵԱՀԿի Միսնքի առա­քե­լութիւնը միմիայն կրնայ մարդա­սի­րա­կան ըլլալ:  Հայաստան, քաղա­քա­կա­նա­պէս թոյլ վիճա­կի մէջ յայտնուած ըլլա­լով, բարձրա­ցուց խաղա­ղութեան օրա­կարգը, նոր արիւնա­հե­ղութե­նէ խուսա­փե­լու համար, իսկ Արցա­խի հարցը դիտարկեց մարդա­սի­րա­կան իրաւունքնե­րու ծիրին մէջ:

Միա­ժա­մա­նակ հրա­պա­րակ նետուե­ցաւ 3+3 ձեւա­չա­փը, որ կովկա­սեան հարցե­րու լուծման ամբողջ գործընթա­ցը կը կեդրո­նացնէր Ռուսիա-Թուրքիա համա­ձայնութեան ծիրին մէջ, վերջնա­կա­նա­պէս Արեւմուտքը դուրս մղե­լով տարա­ծաշրջա­նէն: Այս ձեւա­չա­փը կը ներա­ռէր Ռուսիան, Թուրքիան, Ատրպէյճա­նը, Հայաստա­նը, Իրա­նը եւ Վրաստա­նը: Վրաստա­նը մերժեց մասնակցիլ այս գործընթա­ցին, մինչ Հայաստա­նը բաւա­կան ժամա­նակ լուռ մնա­լէ ետք, իր համամտութիւնը յայտնեց:

Բոլոր այս զարգա­ցումնե­րը, որոնք տեղի ունե­ցան Նոյեմբեր 9էն մինչեւ այս տարուան սկզբնաւո­րութեան, ի նպաստ Հայաստա­նի եւ Արցա­խի չէին: Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը, որոնք կը խօսէին խաղա­ղութեան օրա­կարգի մասին, որ ըստ կարգ մը վերլուծա­բաննե­րու՝ նախանշան է միութե­նա­կան պետութեան մը ստեղծման, ուր Հայաստան եւ Ատրպէյճան, յայտնուե­լով ռուսա­կան մեծ պետութեան մը սահմաննե­րուն մէջ, պատե­րազմի վերջնա­կան աւարտը պիտի ազդա­րա­րէին:

Այս տարուան սկզբնաւո­րութեան տեղի ունե­ցած աշխարհա­քա­ղա­քա­կան դէպքերն ու իրա­դարձութիւննե­րը նոր փուլի մը սկզբնաւո­րութիւնը նշե­ցին: Յունուա­րին Ղազախստա­նի մէջ պատա­հած դէպքե­րը պահ մը բոլո­րին ուշադրութիւնը շեղեց կովկա­սեան քաղա­քա­կան իրա­վի­ճա­կէն, իսկ արդէն Փետրուա­րին, ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմի բռնկումով տարա­ծաշրջա­նը յայտնուե­ցաւ քաղա­քա­կան նոր իրա­դարձութիւննե­րու առջեւ:

Արեւմուտքը Ռուսիան ներքա­շե­լով Ուքրա­նիոյ դէմ երկա­րա­տեւ եւ մաշեցնող պատե­րազմի, թուլա­ցուց անոր դիրքե­րը նաեւ մեր տարա­ծաշրջա­նին մէջ, ինչ որ առիթ տուաւ հայկա­կան կողմին քաղա­քա­կան խուսա­նաւումնե­րու եւ ժամա­նա­կի շահե­լու քաղա­քա­կա­նութեան: Միա­ժա­մա­նակ հայկա­կան կողմը սկսաւ բաւա­կան գործունեայ արտա­քին յարա­բե­րութիւննե­րու, որոնք կրնան նպաստաւոր դիրքեր ապա­հո­վել Հայաստա­նին թէ՛ սահմա­նա­զատման եւ սահմա­նագծման գործընթա­ցին մէջ եւ թէ Արցա­խի հարցով: Արտա­քին գործոց նախա­րա­րի եւ Ապա­հո­վութեան խորհուրդի քարտուղա­րի արեւմտեան որո­շումի մայրա­քա­ղաքներ այցե­լութիւննե­րը, օտար դիւա­նա­գի­տա­կան ներկա­յա­ցուցիչնե­րու յաճա­խա­կի այցե­րը Հայաստան, ցուցա­նիշ են, թէ նոյեմբեր 9ին Հայաստա­նի շուրջ հաստա­տուած քաղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան սառոյցը սկսած է կոտրիլ: Արեւմուտքը, ի տարբե­րութիւն Ռուսիոյ, հասկցած է եւ ըստ այդմ կը մշա­կէ իր քաղա­քա­կա­նութիւնը, որ Կովկա­սի մէջ Ռուսիոյ միակ եւ յուսա­լի յենա­րա­նը Հայաստանն է:

Հայկա­կան կողմը արդէն սկսաւ բարձրա­ձայնել Մինսքի համա­նա­խա­գա­հութեան ձեւա­չա­փին վերա­դառնա­լու իր ցանկութիւննե­րը եւ Ատրպէյճա­նի հետ սահմաննե­րու ճշդման համար կը խօսուի միջազգայնօ­րէն ընդունուած քարտէզնե­րը հիմք ընդունիլ: Այս իրո­ղութիւնը ի նպաստ հայկա­կան կողմին է, նկա­տի ունե­նա­լով որ միջազգայնօ­րէն ընդունուած քարտէզնե­րու համա­ձայն, Արցա­խը ոչ մէկ պարա­գա­յի գտնուած է անկախ Ատրպէյճա­նի սահմաննե­րուն մէջ:

Արեւմուտքի վերաշխուժա­ցումը Կովկա­սեան ճակա­տին վրայ հաշտ չընկա­լուիր Ատրպէյճա­նի կողմէ, եւ դեռ քանի մը օր առաջ, Լաւրո­վի Պաքու այցե­լութե­նէն ետք, ԵԱՀԿի դերը միմիայն մարդա­սի­րա­կան առա­քե­լութեամբ սահմա­նա­փա­կե­լու մասին արտա­յայտուե­ցան թէ՛ ռուսե­րը եւ թէ ատրպէյճանցի­նե­րը:

Տարա­ծաշրջա­նը յղի է անակնկալնե­րով ու ամէն ինչ կախեալ է Ուքրա­նիոյ ճակա­տին վրայ տեղի ունե­ցող զարգա­ցումնե­րէն: Ռուսիոյ աւե­լի ու աւե­լի թուլա­ցումը աւե­լիով պիտի հզօ­րացնէ Արեւմուտքին ազդե­ցութիւնը, որ կրնայ յաւե­լեալ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել հայկա­կան կողմին համար:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ