26.4 C
Yerevan

Գաղա­փա­րա­կան Թշուա­ռութեան, Բարո­յա­կան Սնանկութեան Եւ Քաղա­քա­կան Մանկամտութեան․․․ Նորընծա­նե­րը

Իրենց պաշտօնն ու դիրքը չարա­շա­հած «նոր-հարուստ»ներուն թալա­նա­ծը ետ բերե­լու եւ ժողո­վուրդին վերա­դարձնե­լու ՕՐԱ­ԿԱՐԳը կիզա­կէտն է հայ քաղա­քա­կան մտքի այսօ­րուան ու գալի­քի տարերքին։

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Բարի Լոյս

12 Յուլիս 2022

Աւե­լորդ է զարմա­նալ կամ ապշա­հար մնալ ի լուր կամ ի տես հայ քաղա­քա­կան բեմը գրաւե­լու յաւակնութեամբ փողոց իջած նորա­նուն փանջունի­նե­րուն, որոնք կեղծ սիրա­մարգի փքուա­ծութեամբ իրենց խեղճ ու սողուն մերկութիւնը կը ցուցադրեն պատա­հա­կան անցորդնե­րուն․․․
Գաղա­փա­րա­կան թշուա­ռութեան, բարո­յա­կան սնանկութեան եւ քաղա­քա­կան մանկամտութեան․․․ նորընծա­ներ են անոնք, որոնք Ազգն ու Հայրե­նի­քը, Ժողո­վուրդն ու Պետա­կա­նութիւնը կազմա­քանդե­լու խելա­գա­րութեան գնով՝ կը փորձեն ամբո­խա­յին նորե­լուկ տրա­մա­բա­նութեան գինարբուք սարքել։
Ահա՛ ընդգրկումը անոնց հռե­տո­րա­բա­նութեան՝

  • «Առանց թուրքի Հայաստան»
  • «Առանց Նիկոլ Հայաստան»
    Պետա­կան եւ քաղա­քա­կան պաշտօ­նա­վա­րութեան ղեկին յղփա­ցած, հայրե­նիք եւ ժողո­վուրդ թալա­նե­լով արիւնոտ միլիոններ դիզած երէ­կուան թէ այսօ­րուան իշխա­նաւոր պատուի­րա­տունե­րու բաշխած լումա­նե­րով փողոց թափած այդ ամբո­խէն մեր երկի­րը մաքրե­լու աւագ առա­քե­լութեան կոչուած ենք ազգո­վին։
    Իրենց պաշտօնն ու դիրքը չարա­շա­հած «նոր-հարուստ»ներուն թալա­նա­ծը ետ բերե­լու եւ ժողո­վուրդին վերա­դարձնե­լու ՕՐԱ­ԿԱՐԳը կիզա­կէտն է հայ քաղա­քա­կան մտքի այսօ­րուան ու գալի­քի տարերքին։
    Եւ եթէ նոյնիսկ աւա­զի հատի­կի չափ յարգանք ու պարկեշտութիւն կը տածենք ԺՈՂՈ­ՎՈՒՐԴին հանդէպ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր ԴԱՏ ու ԴԱՏԱՍՏԱ­Նի առջեւ պէտք է կանգնեցնենք անխտիր բոլոր պատասխա­նա­տունե­րը իշխա­նաւո­րա­կան համա­տա­րած փտա­ծութեան․․․
    Յանուն՝ «առանց ցեցի եւ տզրուկի Հայաստան»ը նուա­ճե­լու համազգա­յին զօրա­շարժին անխուսա­փե­լի յաղթա­նա­կին։
    Յանուն՝ հայ ժողո­վուրդին ԱՐԺԱՆԻ Հայաստա­նի պետա­կա­նութեան ԿԵՐՏՈՒՄԻՆ։
    Յանուն՝ Անձի Պաշտա­մունքին խորհրդա­յին ժառանգութիւնը մէկանգա­մընդմիշտ յաղթա­հա­րած Վերա­նո­րոգ՝ Երի­տա­սարդ Հայութեան։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րէթ Պէրպէ­րեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ