26.4 C
Yerevan

Լեռնա­հա­յաստա­նի Անկումը. Գարե­գին Նժդե­հը Իր Զինա­կիցնե­րով Անցաւ Պարսկաստան

12 Յուլիս 1921ին, հեռա­նա­լով Զանգե­զուրէն՝ Նժդեհ իր հրա­ժեշտէն առաջ վստա­հե­ցուց Լեռնա­հա­յաստա­նի հայութեան, որ ինք ընդմիշտ չի հեռա­նար եւ պիտի՛ վերա­դառնայ, եթէ Երեւա­նի փոխա­րէն Պաքուն դառնայ Սիւնի­քի տէրը։

Նազա­րեթ Պէրպէ­րեան

12 Յուլիս 1921

Յուշա­տետր

1921ի այս օրը, Յուլիս 12ին, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ազատ ու անկախ վերջին տարածքն ու միջնա­բերդը՝ Լեռնա­հա­յաստա­նը եւս ինկաւ Կարմիր Բանա­կի տիրա­պե­տութեան տակ։
Հայոց բազմա­դա­րեան պատմութեան ամէ­նէն տխուր պահե­րէն մէկը կը խորհրդանշէ 12 Յուլիս 1921ը, որովհե­տեւ 101 տարի առաջ, ա՛յդ օր, հայ ժողո­վուրդը իր ազա­տութեան եւ անկա­խութեան վերջին արծուե­բոյնը եւս հարկադրուե­ցաւ զիջե­լու Հայաստա­նին պարտադրուած խորհրդա­յին լծորդ իշխա­նութեան։
Շատ բան գրուած է պատմա­կան Հայաստա­նի Գողթան գաւա­ռի եւ Սիւնեաց Աշխարհի՝ Ազատն Լեռնա­հա­յաստա­նի փառա­հեղ հերո­սա­մարտին մասին։ Գրուած է ինչպէս օրին, Լեռնա­հա­յաստա­նի անկումին հետեւած տարի­նե­րուն՝ 1920ականներուն, նոյնպէս եւ վերջին տասնա­մեակնե­րուն, երբ յատկա­պէս Զանգե­զուրի անպարտե­լի Արծիւին՝ Գարե­գին Նժդե­հի մերօ­րեայ վերարժեւորման խորա­պատկե­րին վրայ, նորո­վի գնա­հա­տա­կա­նը տրուե­ցաւ Հայաստա­նի հարաւա­յին դարպա­սի հայացման եւ ազա­տագրութեան ունե­ցած փրկա­րար դերին հայոց նորա­գոյն պետա­կա­նութեան արմա­տաւորման մեծ գործին մէջ։
28 Մայիս 1918ին նուա­ճուած Հայաստա­նի անկա­խութիւնն ու նորաստեղծ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը կրցան դիմա­նալ արտա­քին ճնշումնե­րուն եւ հարուածնե­րուն դէմ՝ շնորհիւ, յատկա­պէս, Լեռնա­հա­յաստա­նի ազա­տագրութեան, որուն ձեռնարկեց վարչա­պետ Ալ. Խատի­սեա­նի կառա­վա­րութիւնը 1919ի աշնան, երբ Զանգե­զուր ուղարկեց Գարե­գին Նժդե­հը իբրեւ ընդհա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը հայկա­կան բանա­կի այն զօրա­մա­սե­րուն, որոնք կենաց-մահու կռիւ կը մղէին Հայաստա­նի հարաւ-արեւե­լեան սահմաննե­րուն վրայ, թրքա­կան եւ ազե­րիա­կան կանո­նաւոր բանա­կի եւ զինեալ խուժա­նի ասպա­տա­կումնե­րուն դէմ։
Ապաւի­նած հայրե­նի լեռնե­րուն ու Ազգի ազա­տա­տենչ ոգիի զօրութեան՝ Սիւնի­քի հայութիւնը, հայկա­կան բանա­կի մարտունա­կութեամբ եւ Նժդե­հի ղեկա­վա­րութեամբ, քաջա­բար կռուե­ցաւ նախա­յարձակ թշնա­միին դէմ եւ յաղթա­նա­կով պսա­կեց անհաւա­սար ուժե­րով մղուած իր դիւցազնա­մարտը:
Այդ ծանր օրե­րուն, թուրքն ու ազե­րին՝ ձեռք-ձեռքի տուած, կը փորձէին գրաւել Ղարա­բաղն ու ամբողջ Լեռնա­հա­յաստա­նը՝ հարաւէն եւս պաշա­րե­լու եւ խեղդե­լու համար Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը։ Համաթրքա­կան սպառնա­լի­քին վրայ գումա­րուած էր նաեւ հիւսի­սի կարմիր վտանգը. 11րդ Կարմիր Բանա­կը շարժման մէջ դրուած էր՝ Անդրկովկասն ու Ցարա­կան Կայսրութեան երբեմնի հարաւա­յին սահմաննե­րը վերագրաւե­լու եւ պոլշեւի­կեան տիրա­պե­տութեան տակ դնե­լու առա­քե­լութեամբ։
Բացա­յայտուած էր Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստա­նի անկա­խութիւնը կործա­նե­լու մեծ դաւադրութիւնը։ Օրհա­սա­կան պայքա­րի մէջ էր ողջ հայ ժողո­վուրդը եւ ճակա­տագրա­կան այդ մաքա­ռումը ծնունդ տուաւ Պահու Հերո­սին՝ անզուգա­կան Նժդե­հին։
Իր զինուո­րա­կան հմտութեամբ, կազմա­կերպչա­կան տաղանդով եւ ոգե­շունչ հռե­տո­րութեամբ՝ Նժդեհ յաջո­ղե­ցաւ ստեղծել «ժողովրդա­կան կուռ բանակ մը, որ պատրաստ էր իր հրա­մա­նա­տա­րի ձեռքի մէկ շարժումին անսա­լով կրա­կի մէջն անգամ նետուե­լու» (Աւօ, «Նժդեհ», էջ 210):
Նժդեհ յղա­ցաւ եւ իրա­գործեց Դաւիթ-բէգեան Ուխտեր ստեղծե­լու եւ անոնց միջո­ցաւ համա­ժո­ղովրդա­կան կռիւը յառաջ մղե­լու ծրա­գի­րը։ Համա­ժո­ղովրդա­կան այդ ուժն էր, որ 1920ի Ապրի­լէն եւ Ատրպէյճա­նի խորհրդայնա­ցումէն սկսեալ, ոչ միայն հերո­սա­բար դիմադրեց քեմա­լա­կան եւ պոլշեւի­կեան միա­ցեալ գրոհնե­րուն՝ զանոնք ետ շպրտե­լով, այլեւ՝ կրցաւ հիմնո­վին հայացնել ամբողջ Լեռնա­հա­յաստա­նը։
1920ի Օգոստոս 25ին, Կապա­նի Կաւարտ գիւղի եկե­ղեցւոյ մէջ, Նժդե­հի զինուորնե­րը ուխտե­ցին Դաւիթ-Բէգի անունով՝ «հաւա­տա­րիմ մնալ հայրե­նի երկրի ազա­տութեան, իրենց հրա­մա­նա­տար Նժդե­հին եւ կռուել մինչեւ վերջին շունչը» («Արնոտ գիրք», Գորիս, 1921թ., էջ 33–34): Այսպէ՛ս ծնունդ առին Դաւիթ-Բէգեան Ուխտե­րը, որոնց նշա­նա­բանն էր.- «Յանուն Հայրե­նի­քի՝ Դաւիթ-Բէգա­բար»:
Եւ երբ Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը տեղի տուաւ խորհրդայնացման ճնշումին առջեւ, Լեռնա­հա­յաստա­նը հռչա­կեց իր անկա­խութիւնը եւ մերժեց ընդունիլ խորհրդա­յին իշխա­նութիւնը։ Աւելի՛ն. Նժդե­հի առաջնորդութեամբ, հայկա­կան ուժե­րը պարտութեան դառնութիւնը ճաշա­կել տուին Դենի­կի­նի, Կոլչա­կի ու Վրանգե­լի բանակնե­րը ջարդած եւ «անպարտե­լի» հռչա­կուած 11րդ Կարմիր Բանա­կի հեծե­լա­զօրքի պետ Կուրոչկի­նին:
Ազատ ու անկախ Լեռնա­հա­յաստա­նը ներշնչման աղբիւր եւ քաջա­լեր ուժ հանդի­սա­ցաւ 18 Փետրուար 1921ի համա­ժո­ղովրդա­կան ապստամբութեան, որուն կողմէ իշխա­նութեան կոչուած Հայրե­նի­քի Փրկութեան Կոմի­տէն, Սիմոն Վրա­ցեա­նի վարչա­պե­տութեամբ, մինչեւ Ապրիլ կրցաւ դիմադրել Կարմիր Բանա­կի վերա­դարձի գրոհնե­րուն՝ ապաւի­նե­լով Զանգե­զուրի յաղթա­կան մարտե­րուն։
Բայց աշխարհա­քա­ղա­քա­կան մեծ խորա­պատկե­րով՝ մեծա­պե­տա­կան ուժե­րուն մեղսակցութեամբ այլեւս վճռուած էր ու անխուսա­փե­լի դարձած էր խորհրդայնա­ցումը Հայաստա­նի․- Ապրիլ 1921էն սկսեալ, Հայրե­նի­քի Փրկութեան Կոմի­տէի գլխաւո­րութեամբ, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ղեկա­վա­րութիւնը ստի­պուե­ցաւ նահանջել Երեւա­նէն եւ Արա­րա­տեան դաշտէն դէպի Զանգե­զուր, հոնկէ անցնե­լու համար Ատրպա­տա­կան, Պարսկաստան։
Այդ օրե­րուն, 12 հազար գաղթա­կա­նութեան (որուն 4 հազա­րը՝ զօրք) նահանջի պայմաննե­րուն մէջ, Սիւնի­քը շարունա­կեց իր յաղթա­կան կռիւնե­րը եւ հռչա­կեց Լեռնա­հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը՝ սպա­րա­պետ Նժդե­հի վարչա­պե­տութեամբ:
Յունի­սի 1ին, Զանգե­զուր անցած Հ. Հ. կառա­վա­րութեան նախա­ձեռնութեամբ, Լեռնա­հա­յաստա­նը յայտա­րա­րուե­ցաւ Հայաստան՝ Սիմոն Վրա­ցեա­նին նշա­նա­կե­լով վարչա­պետ (Նժդե­հը մնաց իբրեւ սպա­րա­պետ):
Բայց Վրաստանն ու Հայաստա­նը փաստօ­րէն ինկած էին պոլշեւի­կեան տիրա­պե­տութեան տակ։ Պարէնն ու հացա­հա­տի­կը սպա­ռած էին եւ Լեռնա­հա­յաստա­նի վարչա­կան ու զինուո­րա­կան ղեկա­վար մարմիննե­րը դժուա­րութիւն ունէին պաշտպա­նե­լու Զանգե­զուրի հայութիւնը։ Այդ պայմաննե­րուն մէջ, հաշուի առնե­լով, որ Հայաստա­նի պոլշեւի­կեան ղեկա­վա­րութիւնը իր 1921 Յունի­սի հռչա­կագրով Սիւնի­քը պաշտօ­նա­պէս կցեց Մայր Երկրին՝ Յուլի­սին Լեռնա­հա­յաստա­նը իր կարգին տեղի տուաւ խորհրդայնացման առջեւ:
12 Յուլիս 1921ին, հեռա­նա­լով Զանգե­զուրէն՝ Նժդեհ իր հրա­ժեշտէն առաջ վստա­հե­ցուց Լեռնա­հա­յաստա­նի հայութեան, որ ինք ընդմիշտ չի հեռա­նար եւ պիտի՛ վերա­դառնայ, եթէ Երեւա­նի փոխա­րէն Պաքուն դառնայ Սիւնի­քի տէրը: Այդ իմաստով՝ յաղթա­կան սպա­րա­պե­տը Խորհրդա­յին Հայաստա­նի Յեղկո­մին ուղղեց յատուկ պատմա­կան պատգամ մը, որ կ՚աւարտէր հետեւեալ սաստող տողե­րով.

  • «Դուք գիտէք, որ ցանկութեան դէպքում ես միշտ էլ հնա­րաւո­րութիւն կ՚ունենամ մի քանի տասնեակ զինւորնե­րով վերագրաւե­լու Լեռնա­հա­յաստա­նը: Որպէսզի այս երկրի աշխա­տաւոր գիւղա­ցիութիւնը ստի­պուած չլի­նի մէկ էլ ինձ օգնութեան կանչե­լու, աշխա­տէք բաւա­րա­րել հայ գիւղա­ցիութեան եւ նրա մտաւո­րա­կա­նութեան արդար պահանջը» (Վ. Գէորգեան, «Լեռնա­հա­յաստա­նի Հերո­սա­մարտը», էջ 160):
    Պատմա­կան այսօ­րի­նակ տխուր պահ մը կը խորհրդանշէ 12 Յուլիս 1921ը։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Պէրպէ­րեան ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ