44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, անգամ մը եւս զգացինք, որ անկախութիւնը ինչ թանկ է ու արժեքաւոր, եւ որքան ծանր կը նստի անոր պահպանումը մեր ժողովրդի վրայ ընդհանրապէս, եւ մեր հիասթափուած՝ բայց չկոտրուող երիտասարդութեան վրայ մասնաւորապէս։
Արայիկ Մկրտումյան
2019-ին, ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութեան աւելի քան 50 հաւատաւոր դաշնակցականներ վտարուեցան շարքերէն՝ օրուան կրթական նախարարին դէմ ցոյցին չմասնակցելու յանցանքով…
3 տարի անց, այդ երիտասարդները ընկրկման ոչ մէկ նշոյլ ցուցաբերեցին. այլ ընդհակառակը՝ մնացին ինքնուրոյն ու միասնակամ իրենց հաւատացած գաղափարներուն շուրջ եւ ահաւասիկ՝ այս օրերուն, անգամ մը եւս լծուած են հայրենիքի ու պետութեան արժէքներու ամրապնդման նուիրական գործին։
Եւ այդպէս, Ճամբար TV-ի հետ իր հարցազրոյցի ընթացքին, բանակավայրի բովանդակային հարցերու պատասխանատու՝ պատմաբան Արայիկ Մկրտումեան կ՚անդրադառնայ ճամբարի կազմակերպական ոճին եւ գերագոյն նպատակներուն
Հարցազրույցի տեսանյութը՝ Facebook.com հղումով։