24.5 C
Yerevan

Բարո­յա­կա­նության Ուղե­ցույցը

Ճիշդ է, որ արշաւանքը զուտ վրէժխնդրա­կան էր, բայց եւ այնպէս անկախ իր արդիւնքէն, անի­կա իր մէջ կը պարունա­կէ բազմա­թիւ ուսա­նե­լի դասեր, որոնք 125 տարի ետք տակաւին կը մնան ոչ միայն այժմէա­կան, այլեւ ուղե­ցոյց են եւ դաստիա­րա­կիչ:

Գէորգ Թորո­յեան

Խանա­սո­րէն 125 Տարի Ետք

1896ին, Վանի ինքնա­պաշտպա­նութեան կռիւնե­րէն ետք, համա­ձայնութիւնը կը գոյա­նայ թուրք կառա­վա­րութեան եւ ինքնա­պաշտպա­նութեան կազմա­կերպիչնե­րուն միջեւ, որ հայ մարտիկնե­րը անզէն դուրս գան Վանէն, որու փոխա­րէն թրքա­կան կառա­վա­րութիւնը կը խոստա­նար Վանի հայութեան ապա­հո­վութիւնը երաշխաւո­րել: 900 հայ մարտիկներ, դաշնակցա­կան Պետո­յի, հնչա­կեան Մարտի­կի եւ արմե­նա­կան Աւե­տի­սեա­նի առաջնորդութեամբ դուրս կու գան քաղա­քէն եւ կ՛ուղղուին Պարսկաստան: Սահմա­նին կայք հաստա­տած քրտա­կան մազրիկ ցեղը, օսմա­նեան կառա­վա­րութեան դրդումով կը կոտո­րէ անզէն երի­տա­սարդնե­րը եւ շատ քիչեր կ՛ազատին այս նենգ կոտո­րա­ծէն:

Պարսկաստա­նի դաշնակցա­կան գործիչնե­րու մօտ կը հասուննայ անմեղ երի­տա­սարդնե­րուն վրէ­ժը լուծե­լու գաղա­փա­րը: Նիկոլ Դուման կը յղա­նայ արշաւանքով մը մազրիկ ցեղը պատժե­լու գաղա­փա­րը եւ կը պատրաստէ արշաւանքի ծրա­գի­րը:

Ի վերջոյ, երկար նախա­պատրաստա­կան աշխա­տանքնե­րէ ետք, 1897 Յուլիս 25ին, Վարդա­նի, Իշխան Արղութեա­նի եւ Նիկոլ Դումա­նի առաջնորդութեամբ, շուրջ 250 ֆետա­յի­ներ Արաուլ լեռէն իջնե­լով կը յարձա­կին մազրիկ ցեղին վրայ, անխնայ կոտո­րե­լով տղա­մարդկանց: Շրջա­կայ քիւրտ աշի­րէթներ օգնութեան կը հասնին իրենց ցեղա­կիցնե­րուն, բայց իրենց վրայ դրուած պարտա­կա­նութիւնը կատա­րած ֆետա­յի­նե­րը կը նահանջեն դէպի Պարսկաստան, տալով 19 զոհ եւ անհետ կորսուածներ:

Խանա­սո­րը յաղթա­կան արշաւանք էր եւ կը մնայ Դաշնակցութեան յեղա­փո­խա­կան պատմութեան մէջ իբրեւ ամէ­նա­մեծ գործո­ղութիւնը: Այս արշաւանքը խոր հետքեր ձգեց մանաւանդ քիւրտե­րու մօտ, որոնք համո­զուե­ցան որ այլեւս հայու արիւն թափե­լու համար անոնք պիտի գին վճա­րեն: Իսկ ֆետա­յի­նե­րու մօտ ստեղծեց ինքնավստա­հութիւն, որ զէնքով կարե­լի է թշնա­միին յաղթել եւ իրենց ընկերնե­րուն եւ հայրե­նա­կիցնե­րուն վրէ­ժը լուծել:

Խանա­սո­րի արշաւանքի օրը միշտ ալ կը նշուի Դաշնակցութեան կողմէ: Այս արշաւանքին մասին կան գրուած բազմա­թիւ երգեր, որոնք ժողո­վուրդին մօտ բաւա­կան լայն տարա­ծում գտած են եւ մեր յեղա­փո­խա­կան երգե­րու ցանկին մէջ ամե­նուրեք ներկա­յութիւն են:

Ճիշդ է, որ արշաւանքը զուտ վրէժխնդրա­կան էր, բայց եւ այնպէս անկախ իր արդիւնքէն, անի­կա իր մէջ կը պարունա­կէ բազմա­թիւ ուսա­նե­լի դասեր, որոնք 125 տարի ետք տակաւին կը մնան ոչ միայն այժմէա­կան, այլեւ ուղե­ցոյց են եւ դաստիա­րա­կիչ:  

Խանա­սո­րի արշաւանքի նուի­րուած երգե­րէն մէկուն մէջ կը կարդանք.

«Մի վախե­նար, հանգիստ կեցիր, բաջի ջան,
Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրի­ժա­ռու քաջ ֆիտան»:

Բարո­յա­կան խստա­պա­հանջութեան խորհրդա­նիշ Նիկոլ Դումա­նի պատգամն էր խնա­յել երե­խա­նե­րուն եւ կինե­րուն: Այս ըմբռնումով է, որ յատկանշուե­ցաւ դաշնակցա­կան ֆետա­յին, իր վրէժխնդրութեան մէջ իսկ, վեր բարձրա­նա­լով մարդկա­յին իր բնազդէն, կատա­րե­լա­գործե­լով ինքզինք իբրեւ մարդ եւ կռուի դաշտին վրայ պաշտպան հանդի­սա­նա­լով թոյլին, անզօ­րին եւ անմե­ղին: Այս ընկա­լումով արշաւանքի մասնա­կիցնե­րը, որոնք տոգո­րուած էին վրէ­ժի զգա­ցումով,  ոչ թէ Դաշնակցա­կան բարո­յա­կան դիմա­գի­ծին հիմնա­սիւնե­րը դրին, այլեւ ամրագրե­ցին այդ բարո­յա­կա­նութիւնը եւ հարստա­ցուցին Դաշնակցութեան բարո­յա­կա­նութեան շէնքը:

Արշաւանքէն ետք ալ այս մօտե­ցումը տիրա­կան եղաւ ընդհանրա­պէս մեր յեղա­փո­խա­կան-ֆետա­յա­կան գործունէութեան ընթացքին, եւ հետա­գա­յին ալ մաս կազմեց առհա­սա­րակ դաշնակցա­կան հասկա­ցո­ղութեան հետ: Դաշնակցութեան գործունէութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին, անսա­կարկ ծառա­յութեան կողքին, դաշնակցա­կա­նի բարո­յա­կա­նութիւնը դարձաւ թէ՛ պատուար եւ թէ նուի­րումի ուղի: Պատա­հա­կան չէ, որ դաշնակցա­կան դառնա­լու կանո­նագրա­յին առա­ջին կէտը անհա­տին բարո­յա­կա­նի տէր ըլլա­լու նախա­պայմա­նը կը շեշտադրէ:

Ու եթէ եղան անհատներ, որոնք սխա­լե­ցան կամ սայթա­քե­ցան, ի՛նքը, Դաշնակցութիւնը եղաւ շատ աւե­լի խստա­պա­հանջ անոնց նկատմամբ, քան իր համա­կիրնե­րու սխալնե­րուն կամ բարո­յա­կան սայթա­քումնե­րուն:

Այսօր, 21րդ դարու մէջ, երբ մեր շուրջը տեղի ունե­ցած եւ ունե­ցող պատե­րազմնե­րու ընթացքին կը լսենք կամ կը տեսնենք անմեղնե­րու սպանդ, կամ անոնց հանդէպ գործուող բազմա­պի­սի քստմնե­լի ոճիրներ, եւ այդ բոլո­րը յաճախ կանո­նաւոր բանակնե­րու կողմէ, ապա նոր կը հասկնանք Խանա­սո­րի արշաւանքի մասնա­կիցնե­րուն առա­քի­նութիւնն ու վեհանձնութիւնը: 19րդ դարի աւարտին, Պարսկաստա­նի, Ռուսիոյ եւ Օսմա­նեան կայսրութիւննե­րու նման յետա­դի­մա­կան եւ քաղա­քակրթութե­նէ կտրուած միջա­վայրե­րու մէջ հասակ առած հայ յեղա­փո­խա­կա­նը, մարդկա­յին վսեմ գաղա­փարնե­րու դրօ­շա­կիրն ու զայն գործնա­պէս ապա­ցուցողն է։

Այս իմաստով Խանա­սո­րի արշաւանքը բարո­յա­կա­նութեան ուղե­ցոյց է բոլոր ժամա­նակնե­րու համար թէ՛ դաշնակցա­կաննե­րու եւ թէ իր ժողո­վուրդին, եւ մարդկա­յին արժէքնե­րու ու իրաւունքնե­րու ուսա­նե­լի դաս մը թէ՛ մեզի եւ թէ օտարնե­րուն համար:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ