26.4 C
Yerevan

Փոքր Քայլե­րով Եւ Կաթիլնե­րով Կը Նախա­պատրաստուին Մեծ Ոստումներն Ու Հեղեղնե­րը

Զգոյշ, սակայն, հայուն համբե­րա­տա­րութիւնը ոչ ձեռնթա­փութիւն է ու համա­կերպում, ոչ ալ անձնա­տուութեան ու ինքնասպա­նութեան յանգող երկչո­տութիւն։

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

18 Յուլիս 2022

Յուսա­հա­տութեան ու անզօ­րութեան զգա­ցում մը սկսած է հետզհե­տէ հեղձուցիչ դառնալ հայ իրա­կա­նութեան մէջ։
Բացա­յայտօ­րէն՝ բարձրա­դիր հարթակնե­րէ այսօր-վաղը շռնդա­լից յաղթա­նակներ կամ անփա­ռունակ պարտութիւններ շեփո­րող ամբո­խա­վարնե­րը այլեւս չեն գրաւեր մարդոց հետաքրքրութիւնը։
Մտա­հո­գի­չը այն է, սակայն, որ աջէն թէ ձախէն մեր ժողո­վուրդին բաշխուող խոստումնե­րը եւ յոյսե­րը եւս նուա­զե­լու, ցամքե՛լու որեւէ հակում ցոյց չեն տար․․․
Ոչ ալ մեր ժողո­վուրդին մօտ կը նահանջէ մեծ ոստումնե­րու եւ յախուռն թռիչքնե­րու դեռ հաւա­տա­լու՝ այլեւ ՍՊԱՍԵԼՈ՛Ւ երա­զանքը։
Հայ ժողո­վուրդը անհամբե­րութեամբ յատկո­րո­շուած ազգ չէ․ ընդհա­կա­ռակն՝ աւե­լի քան վեց դար տոկա­ցինք անարգութեան շղթա­նե­րուն․․․
Զգոյշ, սակայն, Հայուն Համբե­րա­տա­րութիւնը ո՛չ ձեռնթա­փութիւն ու համա­կերպում է, ոչ ալ անձնա­տուութեան ու ինքնասպա­նութեան յանգող երկչո­տութիւն։
Գաղտնի­քը Հայուն դիմադրա­կան տոկունութեան մէջ է, որ անդա­դար ու անդե­դեւ՝ փոքր քայլե­րով եւ փոքրիկ կաթիլնե­րով դէպի յառաջ կը շարժի, դէպի գերա­գոյն լարումն ու ծառա­ցումը ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ԿԱՄՔԻՆ ԵՒ ՈՒԺԻՆ։
Հայու Ազգա­յին այդ ՀԶՕՐԱՆՔԻՆ կառչե­լու իմաստութեամբ եւ մարտունա­կութեամբ է, որ մեծա­տա­ղանդ Թոթո­վենց կը պատգա­մէ․-
«Գարնան, ձիւնհա­լի ժամա­նակ, երբ կը տեսնեմ լեռնե­րու կողե­րէն դանդա­ղօ­րէն վազող ջուրե­րը, որոնք կուգան վարը, կը կազմեն մեծ առուներ եւ երթա­լով դէպի հովիտնե­րը կը միա­նան ուրիշ առունե­րու եւ կը հեղե­ղա­նան՝ կը զգամ, որ մարդուն հմտութիւնն ալ այդպէս դանդա­ղօ­րէն, կաթիլնե­րով կը կազմուի եւ օր մըն ալ կը դառնայ անդի­մադրե­լի, հզօր եւ տիրա­կան։
«Հոգե­կան ուժն ալ, կեանքի զառի­թա­փէն դարվար, կը կազմուի փոքրիկ կաթիլնե­րով։
«Արհա­մարհել փոքր բանե­րը, կը նշա­նա­կէ գաղա­փար չունե­նալ մեծութեանց կառուցման մասին»։

Գրա­ռումը Նազա­րէթ Պէրպէ­րեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ