Ճիշդ է, որ արշաւանքը զուտ վրէժխնդրական էր, բայց եւ այնպէս անկախ իր արդիւնքէն, անիկա իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ ուսանելի դասեր, որոնք 125 տարի ետք տակաւին կը մնան ոչ միայն այժմէական, այլեւ ուղեցոյց են եւ դաստիարակիչ:
Գէորգ Թորոյեան
Խանասորէն 125 Տարի Ետք
1896ին, Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներէն ետք, համաձայնութիւնը կը գոյանայ թուրք կառավարութեան եւ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներուն միջեւ, որ հայ մարտիկները անզէն դուրս գան Վանէն, որու փոխարէն թրքական կառավարութիւնը կը խոստանար Վանի հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորել: 900 հայ մարտիկներ, դաշնակցական Պետոյի, հնչակեան Մարտիկի եւ արմենական Աւետիսեանի առաջնորդութեամբ դուրս կու գան քաղաքէն եւ կ՛ուղղուին Պարսկաստան: Սահմանին կայք հաստատած քրտական մազրիկ ցեղը, օսմանեան կառավարութեան դրդումով կը կոտորէ անզէն երիտասարդները եւ շատ քիչեր կ՛ազատին այս նենգ կոտորածէն:
Պարսկաստանի դաշնակցական գործիչներու մօտ կը հասուննայ անմեղ երիտասարդներուն վրէժը լուծելու գաղափարը: Նիկոլ Դուման կը յղանայ արշաւանքով մը մազրիկ ցեղը պատժելու գաղափարը եւ կը պատրաստէ արշաւանքի ծրագիրը:
Ի վերջոյ, երկար նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, 1897 Յուլիս 25ին, Վարդանի, Իշխան Արղութեանի եւ Նիկոլ Դումանի առաջնորդութեամբ, շուրջ 250 ֆետայիներ Արաուլ լեռէն իջնելով կը յարձակին մազրիկ ցեղին վրայ, անխնայ կոտորելով տղամարդկանց: Շրջակայ քիւրտ աշիրէթներ օգնութեան կը հասնին իրենց ցեղակիցներուն, բայց իրենց վրայ դրուած պարտականութիւնը կատարած ֆետայիները կը նահանջեն դէպի Պարսկաստան, տալով 19 զոհ եւ անհետ կորսուածներ:
Խանասորը յաղթական արշաւանք էր եւ կը մնայ Դաշնակցութեան յեղափոխական պատմութեան մէջ իբրեւ ամէնամեծ գործողութիւնը: Այս արշաւանքը խոր հետքեր ձգեց մանաւանդ քիւրտերու մօտ, որոնք համոզուեցան որ այլեւս հայու արիւն թափելու համար անոնք պիտի գին վճարեն: Իսկ ֆետայիներու մօտ ստեղծեց ինքնավստահութիւն, որ զէնքով կարելի է թշնամիին յաղթել եւ իրենց ընկերներուն եւ հայրենակիցներուն վրէժը լուծել:
Խանասորի արշաւանքի օրը միշտ ալ կը նշուի Դաշնակցութեան կողմէ: Այս արշաւանքին մասին կան գրուած բազմաթիւ երգեր, որոնք ժողովուրդին մօտ բաւական լայն տարածում գտած են եւ մեր յեղափոխական երգերու ցանկին մէջ ամենուրեք ներկայութիւն են:
Ճիշդ է, որ արշաւանքը զուտ վրէժխնդրական էր, բայց եւ այնպէս անկախ իր արդիւնքէն, անիկա իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ ուսանելի դասեր, որոնք 125 տարի ետք տակաւին կը մնան ոչ միայն այժմէական, այլեւ ուղեցոյց են եւ դաստիարակիչ:
Խանասորի արշաւանքի նուիրուած երգերէն մէկուն մէջ կը կարդանք.
«Մի վախենար, հանգիստ կեցիր, բաջի ջան,
Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու քաջ ֆիտան»:
Բարոյական խստապահանջութեան խորհրդանիշ Նիկոլ Դումանի պատգամն էր խնայել երեխաներուն եւ կիներուն: Այս ըմբռնումով է, որ յատկանշուեցաւ դաշնակցական ֆետային, իր վրէժխնդրութեան մէջ իսկ, վեր բարձրանալով մարդկային իր բնազդէն, կատարելագործելով ինքզինք իբրեւ մարդ եւ կռուի դաշտին վրայ պաշտպան հանդիսանալով թոյլին, անզօրին եւ անմեղին: Այս ընկալումով արշաւանքի մասնակիցները, որոնք տոգորուած էին վրէժի զգացումով, ոչ թէ Դաշնակցական բարոյական դիմագիծին հիմնասիւները դրին, այլեւ ամրագրեցին այդ բարոյականութիւնը եւ հարստացուցին Դաշնակցութեան բարոյականութեան շէնքը:
Արշաւանքէն ետք ալ այս մօտեցումը տիրական եղաւ ընդհանրապէս մեր յեղափոխական-ֆետայական գործունէութեան ընթացքին, եւ հետագային ալ մաս կազմեց առհասարակ դաշնակցական հասկացողութեան հետ: Դաշնակցութեան գործունէութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին, անսակարկ ծառայութեան կողքին, դաշնակցականի բարոյականութիւնը դարձաւ թէ՛ պատուար եւ թէ նուիրումի ուղի: Պատահական չէ, որ դաշնակցական դառնալու կանոնագրային առաջին կէտը անհատին բարոյականի տէր ըլլալու նախապայմանը կը շեշտադրէ:
Ու եթէ եղան անհատներ, որոնք սխալեցան կամ սայթաքեցան, ի՛նքը, Դաշնակցութիւնը եղաւ շատ աւելի խստապահանջ անոնց նկատմամբ, քան իր համակիրներու սխալներուն կամ բարոյական սայթաքումներուն:
Այսօր, 21րդ դարու մէջ, երբ մեր շուրջը տեղի ունեցած եւ ունեցող պատերազմներու ընթացքին կը լսենք կամ կը տեսնենք անմեղներու սպանդ, կամ անոնց հանդէպ գործուող բազմապիսի քստմնելի ոճիրներ, եւ այդ բոլորը յաճախ կանոնաւոր բանակներու կողմէ, ապա նոր կը հասկնանք Խանասորի արշաւանքի մասնակիցներուն առաքինութիւնն ու վեհանձնութիւնը: 19րդ դարի աւարտին, Պարսկաստանի, Ռուսիոյ եւ Օսմանեան կայսրութիւններու նման յետադիմական եւ քաղաքակրթութենէ կտրուած միջավայրերու մէջ հասակ առած հայ յեղափոխականը, մարդկային վսեմ գաղափարներու դրօշակիրն ու զայն գործնապէս ապացուցողն է։
Այս իմաստով Խանասորի արշաւանքը բարոյականութեան ուղեցոյց է բոլոր ժամանակներու համար թէ՛ դաշնակցականներու եւ թէ իր ժողովուրդին, եւ մարդկային արժէքներու ու իրաւունքներու ուսանելի դաս մը թէ՛ մեզի եւ թէ օտարներուն համար:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։