26.4 C
Yerevan

Սփիւռքի Բռնցքացման Համար

Փաստօ­րէն մինչեւ այսօր, Հայաստա­նի պետութեան եւ ժողովրդա­վա­րութեան սպառնա­ցող ներքին ու արտա­քին վտանգնե­րուն դէմ պայքա­րե­լու եւ Թրքական/Ռուսական դեսպա­նա­տունե­րու առջեւ ցոյցեր կազմա­կերպե­լու փոխա­րէն՝ արտա­քին ճակա­տի վրայ նախընտրուե­ցաւ վարկա­բե­կել ՀՀ պետա­կան ներկա­յա­ցուցիչներ (դեսպան, նախա­րար, վարչա­պետ եւ այլ)։

Յարութ Գալայճեան

Հայաստա­նի վերանկա­խա­ցումէն ետք, Հայկա­կան Սփիւռքը ՉԿԱՐՈՂԱՑԱՒ  իր գոյութեան տալ նոր արժէք եւ իր առա­քե­լութիւնը վերաի­մաստաւո­րել՝ պայքա­րե­լով հայոց նոր պետա­կա­նութեան ամրապնդման ի խնդիր, այլ մնաց ու գործեց գաղութա­յին տրա­մա­բա­նութեամբ, անինքնուրոյն, թմբկա­հա­րե­լով Հայաստա­նի մէջ տակաւ առ տակաւ արմա­տաւո­րուող օլի­կարգա­յին մտայնութիւնը, որ խլիրդանման զարգա­ցումնե­րով մեր երկի­րը հասցուց Նոյեմբեր 9‑ի Ազգա­յին Ամօ­թին։ Ու մինչեւ այսօր, սփիւռքը կը շարունա­կէ ապրիլ անմիա­բան, անտէր, անտեսլա­կան։ 

Սփիւռքի այդ ահաւոր նահանջի պատճառնե­րը բազմա­զան են, որոնցմէ հիմնա­կաննե­րը երկուքն են՝1– Սփիւռքա­հայ մտաւո­րա­կան վերնա­խաւի բացա­կա­յութիւնը։ 2– ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան/ Յանձնա­կա­տա­րութեան ձախո­ղումը։  

Փաստօ­րէն մինչեւ այսօր, Հայաստա­նի պետութեան եւ ժողովրդա­վա­րութեան սպառնա­ցող ներքին ու արտա­քին վտանգնե­րուն դէմ պայքա­րե­լու եւ Թրքական/Ռուսական դեսպա­նա­տունե­րու   առջեւ ցոյցեր կազմա­կերպե­լու փոխա­րէն՝ արտա­քին ճակա­տի վրայ նախընտրուե­ցաւ վարկա­բե­կել ՀՀ պետա­կան ներկա­յա­ցուցիչներ (դեսպան, նախա­րար, վարչա­պետ եւ այլ)։ 

Իսկ ի՞նչ ըրաւ Հհ Սփիւռքի Յանձնա­կա­տա­րը։ Փոխա­նակ հասա­րակ-յայտա­րար գիծեր որո­նե­լու եւ ամրագրե­լու, բոլոր կողմե­րէն՝ գիտական/մտաւորական ուղեղներ հաւա­քագրե­լու ու մէկ սեղա­նի շուրջ համախմբե­լու եւ երկա­րա­շունչ  օրա­կարգ բանա­ձեւե­լու՝ Յանձնա­կա­տա­րը նախընտրեց աւանդա­կան ոճով՝ հակադրութիւններ սրող հրա­պա­րա­կա­յին ելոյթներ/մեկնաբանական ասուլիսներ  կազմա­կերպել։ Այդ բոլո­րի ցաւոտ հետեւանքը եղաւ այն՝ որ կարգ մը սփիւռքա­հա­յե­րու մուտքը արգի­լուե­ցաւ Հայաստան։ 

Այլ առի­թով գրած եմ, որ որեւէ հայ, յատկա­պէս սփիւռքի մէջ, երբ ՀՀ պետա­կան խորհրդա­նիշ կ՚անպատուէ՝ արժա­նի է ոչ միայն նախա­տինքի այլեւ՝ նախազգուշա­կան միջոցնե­րու կիրարման, բայց ոչ անսա­հա­մա­նա­փակ պատջա­մի­ջոցնե­րու գործադրման։ Վերջին հաշուով, եթէ պատի­ժը վրէժխնդրա­կան բնոյթ չունի եւ խորքա­յին է ու դաստիա­րակչա­կան, ուրեմն պէտք է ունե­նայ կառուցո­ղա­կան շարունա­կա­կա­նութիւն եւ դրա­կան հետեւանքներ, որոնց զուգա­հեռ՝ արժէ՜ վերա­նա­յումներ կատա­րել կամրջա­յին տրա­մա­բա­նութեամբ:

Եւ այդ ողջա­միտ տրա­մա­բա­նութեան հարթա­կին վրայ, առա­ջին քայլը պարտաւոր է առնել ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, յարա­բե­րա­կան նոր խողո­վակնե­րով եւ ԱԺ-ին Հայաստան-Սփիւռք բեղմնաւոր գործակցութեան համար օրենսդրա­կան բարե­փո­խումներ առա­ջադրե­լով։ 

Մեր պետութեան անյե­տաձգե­լի հզօ­րացման համար ի վերջոյ  կենսա­կան նշա­նա­կութիւն է անդրա­դառնալ, որ սփիւռքը բռնցքաւո­րե­լու ճանա­պարհին՝ անտե­ղի են եւ գուցէ վնա­սա­կար՝ Մ.Փափազեաններու մուտքը Հայաստան արգի­լող կտրուկ եւ «անվե­րա­նա­յե­լի» պատժա­մի­ջոցնե­րը եւ  գրե­թէ նոյն տրա­մա­բա­նութեամբ՝ արդիւնաւէտ չեն բնաւ՝ Սինա­նեա­նա­կան ծիրին մէջ սահմա­նա­փա­կուող կիսա­կա­ռուցո­ղա­կան եւ անբա­րե­խառն մթնո­լորտը։ 

Եւ վերջա­պէս, Հայաստա­նի Վերանկա­խացման մօտա­լուտ տօնին առի­թով եւ յանուն անզուգա­կան Չարենցին՝ ՀՀ Կառա­վա­րութիւնը պարտի անյա­պաղ գտնել ՆՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ՝  Հայաստան-Սփիւռք յարա­բե­րութիւննե­րը մեր պետա­կան պահանջնե­րու արդիա­կան տարա­զաւո­րուման ենթարկե­լով եւ փոխ-ներգործութեան ճամբով ստեղծել համայն աշխարհին շահագրգռող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆԽՈՐՏԱԿԵԼԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ։

Առնչվող Հոդվածներ