26.4 C
Yerevan

Քրիստա­փո­րեան Ուղիով

Դժբախտա­բար, հայ քաղա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւնը չանսաց բովանդակ հայութեան իղձե­րուն, երազնե­րուն եւ արդար պահանջին: Արցա­խեան պահանջա­տի­րութիւնը վիժե­ցուցին իր բնա­կան հունէն՝ ոտնա­կոխ ընե­լով Հայաստա­նի իրաւա­կան բոլոր որո­շումնե­րը: Հայաստա­նի անկա­խութե­նէն ետք, անուղղա­կի վերա­դարձ կատա­րուե­ցաւ գծուած քարտէսնե­րու հոգե­վի­ճակնե­րուն եւ քաղա­քա­կա­նութեան:

Գէորգ Թորո­յեան

Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան հիմնա­դիր սերունդի կեդրո­նա­կան դէմքը անկասկած Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեանն է: Անկախ հիմնադրութեան մէջ իր նշա­նա­կա­լից դերա­կա­տա­րութե­նէն եւ ամբողջ 15 տարի­ներ յեղա­փո­խա­կա­նի իր անխոնջ պայքա­րի արգա­սի­քէն, ան նաեւ գաղա­փա­րա­կան-քաղա­քա­կան նոր ուղղութիւն եւ աշխարհա­յեացք մը բացաւ Դաշնակցութեան ճամբով, հայ քաղա­քա­կան միտքին մէջ:

Կարդա­լով անոր գրութիւննե­րը, որոնք մէկտե­ղուած եւ հրա­պա­րա­կուած են «Յեղա­փո­խա­կա­նի Մը Մտքե­րը» անուան տակ, կը հասկնանք, որ Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեան քաղա­քա­կան միտքի դարբնոց է եւ տեսա­նող:

«Պատռել է հարկաւոր քարտէզնե­րի վրայ այս կամ այն աւա­զա­կա­պե­տի կամքով գծուած քարտէզնե­րը. ջնջել է հարկաւոր, այն աշխարհագրա­կան ներկե­րը, որոնք մեզ բաժա­նում են իրա­րից եւ որոնք առհա­սա­րակ մշտա­կան չեն, իսկ երբեմն շատ կարճա­տեւ են լինում: Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալա­ծանք, ո՛չ մի սահման չի կարող բաժա­նել մի ժողո­վուրդի, եթէ նա տոգո­րուած է ընդհա­նուր շահե­րի գիտակցութեամբ, ունի կռուե­լու անսա­սան վճռա­կա­նութիւն եւ կապուած, միա­ցած է դարե­րով սնուած ու պահպա­նուած ընդհա­նուր բնազդնե­րի ու զգացմունքնե­րի առողջ զարկե­րով»:

Շուրջ հարիւր քսան տարի­ներ առաջ գրուած այս տողե­րով, ան կը մերժէր արեւե­լեան եւ արեւմտեան Հայաստաննե­րու արհեստա­կան բաժա­նումը եւ այդ սահմաննե­րը գծողնե­րը՝ Ռուսիոյ ցարը եւ օսմա­նեան սուլթա­նը կ՛անուանէր աւա­զա­կա­պետներ: Ան համո­զուած էր, որ ոեւէ ժողո­վուրդի մը հայրե­նի­քի խլումը եւ օտա­րա­ցումը իր բնիկնե­րէն, աւա­զա­կութիւն էր: Քրիստա­փոր կը մերժէր ճանչնալ այդ աւա­զա­կա­պե­տե­րու կողմէ կատա­րուած կամա­յա­կան բաժա­նումնե­րը, եւ կը հաւա­տար, որ անոնք մնա­յուն չեն եւ կայ միայն մէկ եւ միա­ցեալ Հայաստան:

Սահմաննե­րը եւ ստրկացման բոլոր բռնա­մի­ջոցնե­րը անզօր են, երբ կայ ընդհա­նուր շահե­րու գիտակցութիւնը: Այս ինքնին մեծ յեղա­փո­խա­կա­նին կողմէ պատգամ մըն է՝ վեր բարձրա­նա­լու տարբեր հատուա­ծա­կա­նութիւննե­րէ եւ ազգա­յին գիտակցութեամբ գործե­լու հայութեան հաւա­քա­կան շահե­րուն ի խնդիր:

Քրիստա­փոր կը հաւա­տար հայութեան միա­ցեալ ուժե­րու արդիւնքին. Աւե­լին՝ ան ոչ միայն հայութեան կոտո­րակման կանխումը կը տեսնէ հայութեան միասնա­կան ուժին եւ հաւա­քա­կա­նօ­րէն պայքա­րե­լու անոր կամքին, այլեւ ժողո­վուրդի փրկութիւնը անոր հաւա­քա­կան գիտակցութեամբ կը պայմա­նաւո­րէ: Մէկ եւ միասնա­կան հայութիւնը հաւա­քա­կա­նօ­րէն կրնայ իր ազա­տագրումի ճամբան բանալ: Ան կը գիտակցէր, որ բաժան-բաժան եղած հայրե­նի­քը վերջա­պէս կորստեան պիտի մատնէ հայ ժողո­վուրդը, եւ, հետեւա­բար, կոչ կուղղէր՝ քարտէսնե­րու վրայ գծուած սահմաննե­րը շրջանցե­լու, դառնա­լու մէկ ժողո­վուրդ, որ միասնա­կան պայքա­րով մէկընղմիշտ վերացնէ նոյն ժողո­վուրդին միջեւ եղող բաժա­նա­րար բոլոր գիծե­րը եւ սահմաննե­րը:

Քրիստա­փո­րի այս պատգա­մը միայն յեղա­փո­խա­կան կռիւ մղե­լու պարունա­կին մէջ պէտք չէ հասկնալ, այլա­պէս անի­կա կը դատարկուի իր էութե­նէն եւ խորքա­յին բովանդա­կութե­նէն:

1988ին ծայր առած Արցա­խեան շարժումը Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեա­նի մատնանշած աւա­զա­կա­պետնե­րու կողմէ գծուած քարտէսնե­րը պատռե­լու կոչին փաստա­ցի արտա­յայտութիւնն էր: Ստե­փա­նա­կերտի մէջ պահանջա­տի­րա­կան ցոյցե­րուն արձա­գանգե­լով՝ առա­ջին հերթին հայրե­նի մեր ժողո­վուրդը, ապա սփիւռքա­հա­յութիւնը, իրենց հոգի­նե­րուն եւ միտքե­րուն մէջ պատռե­ցին Լենին-Ստա­լին-Աթա­թուրք աւա­զա­կա­պետնե­րու կողմէ գծուած քարտէսնե­րը եւ ոչ միայն ներկա­յա­ցան իբրեւ սոսկա­կան պահանջա­տէրներ, այլեւ, ինչպէս մեծ յեղա­փո­խա­կա­նը կ՛ըսէ, ունե­ցան անսա­սան կռուե­լու վճռա­կա­նութիւն եւ կերտե­ցին Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմի փառա­հեղ յաղթա­նա­կը;

Դժբախտա­բար, հայ քաղա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւնը չանսաց բովանդակ հայութեան իղձե­րուն, երազնե­րուն եւ արդար պահանջին: Արցա­խեան պահանջա­տի­րութիւնը վիժե­ցուցին իր բնա­կան հունէն՝ ոտնա­կոխ ընե­լով Հայաստա­նի իրաւա­կան բոլոր որո­շումնե­րը: Հայաստա­նի անկա­խութե­նէն ետք, անուղղա­կի վերա­դարձ կատա­րուե­ցաւ գծուած քարտէսնե­րու հոգե­վի­ճակնե­րուն եւ քաղա­քա­կա­նութեան: Շատ հաւա­նա­բար, օտար միջամտութիւններ եւ թելադրանքներ ունե­ցան իրենց որո­շիչ բայց կործա­նիչ դերա­կա­տա­րութիւնը: Նոյնիսկ Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմի յաղթա­նա­կը բաժա­նուած հայութիւնը չվե­րա­միաւո­րեց, որուն պատճա­ռով զինուո­րա­կան յաղթա­նա­կը չյա­ջո­ղե­ցանք վերա­ծել քաղա­քա­կան յաղթա­նա­կի: Իսկ Հայաստա­նի անկա­խութե­նէն ասդին, արհեստա­կա­նօ­րէն ծնունդ առաւ Հայաստանցի, արցախցի, եւ սփիւռքա­հայ եզրոյթը, որ միայն աղէտ բերաւ հայ ժողո­վուրդին:

2020ի Արցա­խեան պատե­րազմը ոչ միայն դրսեւո­րեց բաժա­նումնե­րը եւ տարա­կարծութիւննե­րը, այլեւ աւե­լի խորա­ցուց վիհը հայութեան ոչ միայն երեք հատուածնե­րուն միջեւ, այլեւ իւրա­քանչիւր հատուած բաժան-բաժան եղաւ, դժբախտա­բար:

Այսօր, երբ Արցա­խը եւ Հայաստա­նը վիրաւոր են, իսկ Սփիւռքը՝ շփո­թա­հար, երբ Ատրպէյճան թշնա­մին քայլ առ քայլ կը սողոսկի հայկա­կան լեռնաշխարհը, երբ նորօ­րեայ աւա­զա­կա­պետնե­րու գծած քարտէսնե­րով Բերձո­րը պիտի յանձնուի թշնա­միին, հայ ժողո­վուրդը՝ իբրեւ քաղա­քա­յան միաւոր լուռ է եւ հետեւող, թէ ինչպէ՛ս բզիկ-բզիկ կը դառնայ իր պատմա­կան հայրե­նի­քը: 1988ի ոգին, շունչը եւ կամքը ամբողջութեամբ կը բացա­կա­յին մեր կեանքէն:

Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեա­նի պատգա­մը աւե­լի քան այժմէա­կան հրա­մա­յա­կան մըն է այսօր, մեր ժողո­վուրդը իր թմբի­րէն հանե­լու, դուրս վանե­լու քաղա­քա­կան այն ուժե­րը, որոնք չեն ցոյացներ հայ ժողո­վուրդի դարաւոր արդար իրաւունքնե­րուն պահանջա­տի­րա­կան ոգին եւ մեր հայրե­նի­քի սահմաննե­րը մեր ձեռքով գծե­լու վճռա­կա­նութեամբ համախմբուե­լու հայկա­կան պետա­կա­նութեան շուրջ:

Հաւա­քա­կան շահե­րու այս գիտակցութեամբ կրնանք յաղթա­հա­րել մեր առջեւ ծառա­ցած մարտահրաւէրնե­րը, եւ Քրիստա­փո­րեան ուղիով եւ շունչով շարունա­կել պատմա­կան մեր երթը:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ