ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ՝ որոնց գձուձ հեղինակները ամէն գնով կը փորձեն իրենց ողորմելի գրպանները լեցնել ու յղփանալ՝ Սերունդներու Ծով Զոհաբերութեամբ նուաճուած մեր կեդրոններն ու հաստատութիւնները վաճառքի հանելու եւ հասոյթը իւրացնելու, ԻՒՐԱՅԻՆՆԵՐԸ «ԿԵՐԱԿՐԵԼՈՒ» ընչաքաղցութեամբ։
Նազարէթ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի Հաւաքական Կամքին եւ Միակամ Բռունցքին մէջ իր Յաղթական Յառաջընթացի կռուանները որոնող, յայտնագործող ու ամրապնդող Երիտասարդ Հայութեան։
Բարի լոյս՝ մանաւանդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական-կազմակերպական ԱՒԱՆԴին հաւատարմօրէն Տէր Կանգնած մարտունակ հայորդիներուն, որոնք ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿի հաստատակամութեամբ, յանդգնութեամբ ու անձնուիրումով՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԱՐԺԷՔը ամէն գնով կը պահպանեն ու կը պաշտպանեն աջէն թէ ձախէն Գաղափարի Մեր Շարժումը ներսէն կրծող եւ դուրսէն խոցող սադրանքներուն դէմ։
Բարի լոյս՝ որոշապէս Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջանի հնաւանդ, այլեւ միշտ Երիտասարդական Աւիւնով վերանորոգ կազմակերպութեան, որ այս օրերուն ինքնահաստատման անմնացորդ պայքար կը մղէ հոս ու հոն ծաւալած, «Հ․Յ․Դ․ Բիւրօ» անունին տակ մղուող՝ Մեր Կուսակցութեան ԱՆԱՌԻԿ ԲԵՐԴը ներսէն գրաւելու, կազմաքանդելու եւ կործանելու անարգ սադրանքներուն դէմ։
ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ՝ որոնց գձուձ հեղինակները ամէն գնով կը փորձեն իրենց ողորմելի գրպանները լեցնել ու յղփանալ՝ Սերունդներու Ծով Զոհաբերութեամբ նուաճուած մեր կեդրոններն ու հաստատութիւնները վաճառքի հանելու եւ հասոյթը իւրացնելու, ԻՒՐԱՅԻՆՆԵՐԸ «ԿԵՐԱԿՐԵԼՈՒ» ընչաքաղցութեամբ։
Բարի լոյս՝ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի արժանաւոր կազմակերպութեան անկաշառ շարքերուն, որոնք ԳԻՏԱԿԻՑ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՄԲ եւ գաղափարական մեր աւանդներուն ներշնչումով՝ իրենց ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ կու տան ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱն ՎԱՍՏԱԿՈՎ հաստատուած մեր պատասխանատու ընկերներուն, այլ ոչ թէ ինչ-ինչ խաղերով եւ դասաւորումներով «իշխանութեան կրպակ»ներ բացած պատեհապաշտներու․․․
Բարի լոյս՝ Արեւմտեան Ամերիկայի օրինակելի մեր ժողովուրդին, որ ՄԵՐԺԵՑ կեղեւին ու հանգամանքին տալ իր ՔՈՒԷՆ, այլ ընդհակառակն՝ մէկ միլիոն տոլարի նուիրահաւաքով՝ ԲՈԼՈՐՈՒԵՑԱՒ ու ԹԵՒ-ԹԻԿՈՒՆՔ կանգնեցաւ տասնամեակներու ծառայութեամբ համայնքի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՆԱՒը դէպի ՆԱԽԱՆՁԵԼԻ ՔԱՐԱՓ առաջնորդած Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամերկայի Կ․ Կոմիտէին։
Վերահաստատուած Վստահութեան Քուէով ու Մէկ Միլիոնի Նուիրահաւաքով գօտեպնդուած՝ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամերկայի մեր շրջանը, իր այս յաղթանակով, ոչ միայն ԴՈՒՌ ՉԻ ՓԱԿԵՐ մոլորեալ իր երբեմնի ընկերներուն առջեւ, այլ բոլորին կոչ կ՚ուղղէ՝ Ազգին ու Հայրենիքին ամբողջական ազատագրութեան ՍՐԲԱԶԱՆ ԿՌԻՒը վեր ու բարձր պահելու ամէն կարգի փորձութիւններէ եւ չարաշահումներէ։
Որովհետեւ՝
Բանաստեղծին իսկ բառերով՝
«Նպատակս տկարութիւն չի Ճանչնար»․․․
Գրառումը՝ Նազարէթ Պէրպէրեանի ֆեյսբուքյան էջից։