26.4 C
Yerevan

ՀՅԴ ԱՄՆ-Արեւմտեա­նի ԿԿ‑ի Որո­շումը

Առա­ջին իսկ օրէն մեծ ոգեւո­րութիւն ստեղծուած էր գիւղին մէջ, եւ մասնաւո­րա­բար ուսուցչա­կան կազմին եւ աշա­կերտութեան մօտ:

Գէորգ Թորո­յեան

Զովա­սա­րի Վերա­նո­րո­գուած Դպրո­ցը

Մայիս 2022ին, ՀՅԴ Արեւմտեան Միա­ցեալ Նահանգնե­րու Կեդրո­նա­կան կոմի­տէի պատուի­րա­կութիւն մը՝ գլխաւո­րութեամբ Յարութ Մկրտի­չեա­նի այցե­լեց Զովա­սար եւ ակա­նա­տես եղաւ գիւղի դպրո­ցի անմխի­թար վիճա­կին:

Գիւղի դպրո­ցը հիմնադրուած է 1972ին եւ շահա­գործման յանձնուած՝ 1976ին: Այդ օրուը­նէ ասդին, վերա­նո­րոգման ոչ մէկ աշխա­տանք կատա­րուած է: Նախակրթա­րա­նի բաժի­նը ամէ­նէն ահաւոր վիճա­կը կը պարզէր: Թէ՛ միջանցքին եւ թէ դասա­րաննե­րուն պատե­րը կիսա­քանդ էին, յատա­կը խարխլած եւ պատուհաննե­րը հինցած-մաշած:

Գիւղը կազ չունի եւ դպրո­ցի ջեռուցումը կը կատա­րուի ելեկտրա­կան վառա­րաննե­րով: Իսկ ձմե­ռը դաժան է Զովա­սա­րի մէջ: Գտնուե­լով Արա­գա­ծի փէշե­րուն՝ առաւել քան 2000 մեթր բարձրութեան վրայ, մինչեւ երկու մեթր կը ձիւնէ եւ ջերմաստի­ճա­նը կ՛իջնէ ‑30 աստի­ճա­նի: Այս պայմաննե­րուն մէջ, կիսա­քանդ դասա­րաննե­րը տաքցնե­լը գրե­թէ անկա­րե­լի է: Հետա­գա­յին, ուսուցչուհի­նե­րու հետ հանդի­պումի մը ընթացքին, անոնք պատմե­ցին թէ ձմե­ռը նուազ երեք-չորս աստի­ճա­նի տակ դաս կ՛ընեն: Անոնք ցաւով պատմե­ցին, թէ յաճախ մանուկնե­րուն ձեռքե­րը այնքան կը սառէին, որ դասի պահուն չէին կրնար մատիտ բռնել…

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէն որո­շեց հնա­րաւո­րութեան սահմաննե­րուն մէջ վերա­նո­րո­գել դպրո­ցը, մասնաւո­րա­բար նախակրթա­րա­նի բաժի­նը: Գետնի վրայ աշխա­տանքնե­րու կազմա­կերպումը եւ հետապնդումը վստա­հուե­ցաւ Pro Armenia հասա­րա­կա­կան կազմա­կերպութեան: Նոյն ժամա­նակ, յանձնա­րա­րութիւն տրուե­ցաւ իր շրջա­նի «Լեռնա­վայր» կոմի­տէութեան՝ ստանձնե­լու դպրո­ցի վերա­նո­րոգման ծախսե­րը: «Լեռնա­վայր» կոմի­տէն Յուլի­սի կիսուն կազմա­կերպեց շահութա­բեր ձեռնարկ մը, որուն հասոյթը յատկա­ցուե­ցաւ դպրո­ցի վերա­նո­րոգման ծախսե­րուն:

Մինչ այդ, արդէն կազմուած էր շինա­րա­րա­կան յանձնա­խումբ մը, որ կազմած էր ծախսե­րու նախա­հա­շիւ մը եւ ներկա­յա­ցուցած ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէին, եւ հաւա­նութիւն ստա­նա­լէ ետք, Յունի­սի կէսե­րուն սկսած էր վերա­նո­րոգման աշխա­տանքնե­րուն:

Շինա­րա­րա­կան աշխա­տանքնե­րը վստա­հուե­ցան զովա­սարցի Մհեր Յակո­բեա­նին, որ առաւել քան տասը տարի կ՛աշխատի այս գործով: Իսկ մնա­ցեալ բանուորնե­րը, որոնք Մհե­րի շինա­րա­րա­կան խմբա­կը կազմե­ցին, նոյնպէս գիւղի երի­տա­սարդներն էին:

Պէտք է ընդգծել, որ վերա­նո­րոգման այս աշխա­տանքնե­րը երկու-երեք ամիս, առաւել քան տասնեակ մը երի­տա­սարդնե­րու գործ հայթայթե­ցին:

Աշխա­տանքնե­րը սկսե­լուն զուգա­հեռ, Pro Armenia կազմա­կերպութիւնը կապ հաստա­տե­լով «Հայ Դպրոց» հիմնադրա­մին հետ՝ դասա­րաննե­րուն ապա­հո­վեց նոր կահ-կարա­սի:

Վերոնշեալ կազմա­կերպութիւնը Միա­ցեալ Նահանգնե­րու մէջ գործող բարե­սի­րա­կան կազմա­կերպութիւն մըն է, որ Հայաստա­նի դպրոցնե­րուն կը հայթայթէ դասա­րա­նա­յին գրա­սե­ղաններ, նստա­րաններ, գրա­տախտակներ, ուսուցչա­րա­նի կահոյք եւ այլն:

 Խոստա­ցուած գրա­սե­ղաննե­րը եւ աթոռնե­րը դպրո­ցին պիտի տրա­մադրուին 15 Սեպտեմբե­րին: Իսկ Pro Armenia կազմա­կերպութեան անդամնե­րը իրենց՝ դպրո­ցը յաճա­խա­կի այցե­լութիւննե­րով, մօտէն հետեւե­ցան կատա­րուած եւ կատա­րուող աշխա­տանքնե­րուն:

Դպրո­ցը փոքր գիւղի մը մէջ գտնուե­լով, վերա­նո­րոգման աշխա­տանքնե­րը լուռ եւ թաքուն պիտի չմնա­յին: Առա­ջին իսկ օրէն մեծ ոգեւո­րութիւն ստեղծուած էր գիւղին մէջ, եւ մասնաւո­րա­բար ուսուցչա­կան կազմին եւ աշա­կերտութեան մօտ:

Կապա­լա­ռու Մհե­րը պատմեց մեզի, թէ աշխա­տանքին ընթացքին դպրո­ցի աշա­կերտնե­րը  յաճախ կու գային եւ ուրա­խութեամբ կը հետեւէին կատա­րուող աշխա­տանքին եւ երբեմն նոյնիսկ կ՛ուզէին մասնակցիլ:

Փակա­գիծ մը բանա­լով՝ նշենք, որ փոքր գիւղի փոքր դպրոց ըլլա­լով հանդերձ, այս դպրո­ցէն դուրս եկած են նշա­նաւոր դէմքեր: Ստե­փան Պօղո­սեան (ռատիօ­հե­ռուստա­տե­սութեան տնօ­րէն), Արամ Պետրո­սեան («Արմէնթել»ի տնօ­րէն), Վահէ Միքա­յէ­լեան (ԵՊՏՀի տեգան), Ֆահրատ Ֆահրա­տեան (էլեկտրա­ցանցի տնօ­րէն), Պօղոս եւ Գեղամ Գաբրիէ­լեաններ (բնա­գի­տութեան, ուսո­ղութեան (physics-mathematics) ոլորտի գիտաշխա­տողներ) եւ այլն:

Մեր վերջին այցե­լութեան, շինա­րա­րա­կան աշխա­տանքնե­րը գրե­թէ հասած էին իրենց աւարտին: Նախակրթա­րա­նի բաժի­նը (միջանցք, դասա­րաններ, լուա­ցա­րաններ), ուսուցչա­րա­նը եւ արտա­քին մուտքը արդէն աւարտած են: Իսկ ռազմա­գի­տութեան դասա­րա­նին, մարզասրա­հին եւ առա­ջին յարկի մասնա­կի նորո­գութիւննե­րը քանի մը օրե­րու ընթացքին կ՚աւարտին:

Գիւղը Արցա­խեան վերջին պատե­րազմին ունե­ցած է չորս նահա­տակներ: Որո­շուե­ցաւ վերա­նո­րո­գուած չորս դասա­րաննե­րէն իւրա­քանչիւրը անուա­նել այդ հերոս նահա­տակնե­րէն մէկուն անունով:

Դպրո­ցին տնօ­րէ­նը՝ Յովսէփ Ղազա­րեան, մինչեւ երկինք ուրախ է: Մեզի հետ զրոյցին ընթացքին լաւա­տե­սութեամբ յայտնեց, թէ այս տարի արդէն աւե­լի մօտէն կրնայ հետեւիլ կրթա­կան ծրա­գի­րի իրա­գործման: Ան տեղե­կա­ցուց, որ դպրո­ցի աշա­կերտութեան թիւը հարիւրէն պակաս ըլլա­լով՝ դպրո­ցը ուսմասվար չունի: Հայաստա­նի կրթա­կան համա­կարգին մէջ, տնօ­րէ­նը կը կատա­րէ կազմա­կերպա­կան-վարչա­կան աշխա­տանքներ, իսկ ուսմասվա­րը կը հետեւի կրթա­կան հարցե­րուն: Ղազա­րեան յայտնեց նաեւ, որ դպրո­ցը ունի մարդուժի պակաս: Չունին քիմիա­գի­տութեան եւ համա­կարգի­չի ուսուցիչ: Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այս հարցը կը յաջո­ղի լուծել: Դպրո­ցը ունի ժամա­նա­կավրէպ դարձած երեք համա­կարգիչներ՝ հետեւա­բար աշա­կերտնե­րուն անհա­սա­նե­լի է համա­կարգչա­յին գիտութիւնը:

Զրուցե­ցինք նաեւ ուսուցչուհի­նե­րու հետ, որոնք նոյնպէս ուրախ եւ խանդա­վա­ռութեամբ պիտի դիմաւո­րեն վերա­մուտը: Միջին եւ աւագ դպրո­ցի հայե­րէ­նի ուսուցչուհին՝ Ռոզա Յովսէ­փեան, նաեւ գրող է եւ անոր գրա­կան ծածկա­նունը Զոզ Յովսէ­փե­սան է: Ան բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ կը գրէ եւ կ՛ըսէ թէ սիրա­հար է արեւմտա­հայ գրա­կա­նութեան: Ան հեղի­նակ է կարճ ժամա­նակ մը առաջ լոյս տեսած «Ալպէրթը՝ Հրե­տա­նաւորնե­րի Աստուած» գիրքին, որ նուի­րուած է 44օրեայ պատե­րազմի նահա­տակ-հերոս հրե­տա­նաւոր Ալպէրթ Յովհաննէ­սեա­նին:

Գիւղի դպրո­ցը ֆրանսա­կան թեքումով է: Ուսուցչուհին կը յայտնէ, թէ բաւա­րար չափով ֆրանսա­կան գրա­կա­նութիւն չկայ դպրո­ցի գրա­դա­րա­նին մէջ, ֆրանսե­րէ­նի մակարդա­կը աւե­լիով բարե­լաւե­լու համար:

Մեր զրուցա­կից ուսուցչուհի­նե­րը յայտնե­ցին, որ կատա­րուած այս նորո­գութիւննե­րէն ետք, երբ ջեռուցման հարցը մեծ չափով լուծուած է, պիտի կարե­նան աւե­լիով կեդրո­նա­նալ դասաւանդութեան վրայ: Անոնք համա­կարծիք են, որ կան փայլուն աշա­կերտներ, որոնք նպաստաւոր պայմաննե­րու ստեղծումով՝ կրնան դառնալ յաջո­ղակ եւ նշա­նաւոր անուններ, իրենց նախնի­նե­րուն նման: Երի­տա­սարդ ուսուցչուհի­նե­րուն մտա­հո­գութիւննե­րէն է նաեւ այն փաստը, որ աշա­կերտնե­րը չունին արտա­դա­սա­րա­նա­յին զբաղմունքներ՝ արուեստի, մարզանքի կամ այլ ոլորտնե­րու կարե­լիութիւնե­րու բացա­կա­յութեան պատճա­ռով:

Ինչպէս նշե­ցինք, դպրո­ցի վերա­նո­րո­գութեան հարցը ամբողջութեամբ չէ լուծուած. տակաւին կան այլ հարցեր, սակայն, ակնյայտ է որ այս մինչ այդ կատա­րուա­ծը մեծ փոփո­խութիւն մըն է անոնց համար: Անոնք անկեղծօ­րէն կը յայտնեն, թէ առա­ջին անգամ ըլլա­լով կը զգան, թէ իրենցմով հետաքրքրուողներ կան եւ այդ մէկը իրենց համար մեծ նշա­նա­կութիւն ունի եւ թէ շատ ուրախ են ու շնորհա­կալ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէին, ՀՅԴ «Լեռնա­վայր» կոմի­տէութեան եւ ընդհանրա­պէս Քալիֆորնիոյ հայութեան:

Իսկ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէն հետա­մուտ եղաւ այս ծրա­գի­րի գործադրութեան եւ յաջո­ղութեան՝ հիմք ընդունե­լով Դաշնակցութեան՝ «ժողո­վուրդին հետ, ժողո­վուրդին համար» կարգա­խօ­սը, եւ այդ կարգա­խօ­սը գործնա­կա­նացնե­լը:

Հինգշաբթի, 1 Սեպտեմբե­րին՝ կրթա­կան վերա­մուտի առա­ջին օրը, աշա­կերտութիւնը նոր եռանդով, նոր յոյսե­րով եւ նոր ակնկա­լութիւննե­րով պիտի սկսի յաճա­խել Զովա­սա­րի դպրո­ցը՝ աւե­լի յաջո­ղակ եւ աւե­լի նպա­տա­կասլաց տարեշրջան մը վերսկսե­լու ու աւարտե­լու համար:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից:

Առնչվող Հոդվածներ